ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Դասախօսութիւն` Դպրոցներու Մէջ Մարզանքի Նոր Ձեւերու Մասին

Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, ՀՄԸՄ-ի  ԼԵՎԱՄ-ի 2012-2013 տարեշրջանը պիտի սկսի «Քիտզ Աթլեթիքս»-ի մրցումներով, որոնք  տեղի  պիտի  ունենան  կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն 12:00, «Հայր Պօղոս Արիս»  մարզադաշտին վրայ` Պուրճ Համուտ: Այս խաղերու նախօրեակին, ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպած է դասախօսութիւն մը` նիւթ ունենալով դպրոցներու մէջ մարզանքի նոր ձեւեր ներառել: Այս դասախօսութեան ընթացքին, միջազգային մարզիչ-իրաւարար եւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի անդամ Էլի Սաատէ ներկաներուն պիտի ներկայացնէ այդ մարզանքի ձեւերը եւ անոնց պիտի ծանօթացնէ խաղերու օրէնքները: Յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր մարզասէրներուն ներկայ գտնուելու այս հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 21 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը` 9:30-էն 12:00, «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ:

Այլ ուսումնական աշխատանք մը նախատեսուած է նոյեմբերի վերջերուն` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ. սոյն աշխատանքին ընթացքին դպրոցներու մարզիչներն ու այլ մասնակիցներ աւելի մօտէն պիտի ծանօթանան աթլեթիզմի խաղերու օրէնքներուն:

Ինչ կը վերաբերի «Քիտզ Աթլեթիքս»-ին, խաղերու ընթացքին մարզիչները անձամբ պիտի հետեւին իրաւարարներուն ցուցմունքներուն` գաղափար ունենալու համար օրէնքներու մասին:

Նշենք, որ դասախօսութեան եւ դաշտի ուսումնական հաւաքներուն մասնակիցները պիտի ստանան վկայագիրներ (երկու հաւաքներուն ներկայութիւնը պայման է` վկայագիր ստանալու համար):

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

(www.levam.org)

 

Share this Article
CATEGORIES