Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Շաբաթասկիզբին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած հերթական ժողովին, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց այս շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (տեսնել` ստորեւ):

Նըժմէ երեք միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, որովհետեւ անոր համակիրները Ահտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին գտնուեցան անկարգապահ ընթացքի մէջ եւ ունեցան ոչ մարզավայել կեցուածք:

Ատկէ բացի, այս շաբաթավերջին Իժթիմահիի դէմ մրցումը Նըժմէ պիտի կատարէ դռնփակ` առանց համակիրի:

Ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2012-ին, «Կոլտըն Թիւլիփ Կալերիա» պանդոկին մէջ (Ժընահ) տեղի պիտի ունենան ֆութպոլի տեղական ախոյեանութիւններու, մրցումներու հսկող անձերու յատուկ քննութիւններ:

Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ այլ քննութիւններուն, պէտք է առաւելագոյնը մինչեւ ուրբաթ, 19 հոկտեմբեր իրենց կենսագրականը ներկայացնեն ֆետերասիոնին: Սակայն անոնք պէտք է նախապէս եղած ըլլան մարզիկ, իրաւարար, պատասխանատու եւ այլն:

Ենթական պէտք է ունենայ պաքալորիայի Բ. կարգի վկայական, Սըժըլ Ատլի, անցագիրի գունաւոր լուսապատճէն եւ լուսանկար:

Այլ գետնի վրայ, ֆետերասիոնը տեղեակ պահեց բոլորը, որ չորեքշաբթի, 6 փետրուար 2013-ին պիտի սկսին Ասիոյ 2015-ի ֆութպոլի բաժակի ախոյեանութեան զտումի մրցումները, որոնց աւարտական մրցումները պիտի հիւրընկալէ Աւստրալիա:

Լիբանան, որ մաս կազմեց Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Իրանը, Քուէյթը եւ Թայլանտը:

Կազմուեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի աղջկանց 16 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբին պատուիրակութիւնը, որ Նորվեկիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախաձեռնութեամբ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 11-17 նոյեմբեր 2012-ին Ամմանի մէջ (Յորդանան) տեղի ունենալիք յատուկ բանակումի մը:

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Սիլվա Սարաֆեան:

Իսկ խումբին մաս կազմող 16 մարզիկներէն երկուքը հայեր են: Անոնք են` Մարիա Կրեսմոմճեան եւ Կարինէ Շորճեան:

Ստորեւ կու տանք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեան մրցումներուն յայտագիրը.

 

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ (4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՇԱԲԱԹ, 20 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ      ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Սաֆա – Անսար 3:30 Սայտա
Սալամ Սուր – Ռասինկ 3:30 Սուր
Ախա Ահլի Ալէյ – Թատամոն Սուր 3:30 Պհամտուն
ԿԻՐԱԿԻ, 21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Նըժմէ – Իժթիմահի 3:30 Մարզական Աւան
Շապապ Ղազիէ – Շապապ Սահել 3:30 Քֆարժոզ
Թրիփոլի – Ահտ 3:30 Թրիփոլի
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ (3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՈՒՐԲԱԹ, 19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
ՀՄՄ – Մաուատտէ Թրիփոլի 3:30 Պուրճ Համուտ
ՇԱԲԱԹ, 20 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Ահլի Նապաթիէ – Մապարրա 3:30 Քֆարժոզ
Հարաքեթ Շապապ – Սաժես 3:30 Զղորթա
ԿԻՐԱԿԻ, 21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Սալամ – Ռիատա Ուալ Ատապ 3:30  Զղորթա
Նապի Շիթ – Ահլի Սայտա 3:30 Նապի Շիթ
Նահտա Պար Էլիաս – Շապապ Թրիփոլի 3:30 Խիարա
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Ֆաժըր Արապսալիմ 3:30 Սուր
Share this Article
CATEGORIES