ՖԻՊԱ. Ասիոյ Ակումբներու 23-րդ Ախոյեանութիւն. Ռիատի Պէյրութ Յաղթեց Տհուքի (96-51) Եւ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը
ՖԻՊԱ-ի Ասիոյ ակումբներու 23-րդ ախոյեանութեան մրցումները հիւրընկալող Լիբանանի ներկայացուցիչ եւ տիտղոսակիր Ռիատի Պէյրութ երէկ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` այս անգամ պարտութեան մատնելով Տհուքը (Իրաք)` 96-51 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ պէյրութեան խումբը իր նոր մարզիչին` Սլոպոտան Սուփութիչի հետ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ահմետ Իպրահիմ, որ նշանակեց վեց հատ երեք կէտնոց կողովներ, մրցումին աւարտին նշանակեց ընդամէնը 33 կէտ: Անոր խմբակից Իսմայիլ Ահմետ նշանակեց 16 կէտ, իսկ իրաքեան խումբին մաս կազմող ամերիկացի Անթոնիօ Ուեպ նշանակեց 17 կէտ:
CATEGORIES Մարզական


