Արուեստի Աշխարհէն. «Կապոյտ Ծաղկամանի Մէջ Ծաղիկներ»-ը Կը Տժգունին
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՔԷ. ՃԱՌԱԳԱՅԹՈՎ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԵՆ ՊԱՏՃԱՌԸ` ՎԻՆՍԵՆԹ ՎԱՆ ԿՈԿԻ ԳՈՐԾԱԾ ԴԵՂԻՆ ՆԵՐԿԻՆ ՈՐԱԿԱԶՐԿՈՒՄԻՆ: «ՊԻ.ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏ ԳԵՂԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՊԵՏԻՆ ԱՅՆՔԱ՛Ն ՍԻՐԱԾ ՎԱՌ ԳՈՅՆԻՆ ՊԱՏԱՀԱԾ ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԻՒՆԸ:
Մասնագէտներ Վինսենթ Վան Կոկի «Կապոյտ ծաղկամանի մէջ ծաղիկներ» գեղանկարին վրայ ի յայտ բերած են ցարդ աննկատ մնացած քիմիական ներգործութիւն մը, որուն պատճառով դեղինի վառ երանգները սկսած են գունաթափիլ:
Յայտնապէս ջնարակի խաւ մը, որ աւելցուած է աւելի ուշ` պաշտպանելու համար գեղանկարը, խորքին մէջ դեղինի երանգները սկսած է վերածել գորշ նարնջագոյնի:
Բարձր աստիճանի Քէ. ճառագայթներով ուսումնասիրութիւններ, որոնց մասին կը տեղեկագրէ «Անալիթիքըլ Քեմըսթրի» թերթը, ի յայտ բերած են որոշ տեսակի աղեր (օքսըլէյթ), որոնք պատասխանատու են այս գունաթափումին:
Սակայն Վան Կոկի գործածած ներկէն հիւլէներ եւս յայտնաբերուած են այս ջնարակին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ջնարակի խաւը պիտի պահպանուի:
Առաջին անգամ չէ, որ Վան Կոկի նախասիրած դեղինի վառ երանգները կը քննուին Քէ. ճառագայթներով:
Նոյն թերթին 2011-ի մէկ յօդուածին մէջ Անվերի համալսարանէն գիտնականներու խումբ մը, Քոէն Եանսենզի գլխաւորութեամբ, տեղեկագրած էր, թէ Վան Կոկի նախասիրած մէկ գոյնը, որ կը կոչուի քրոմ դեղին, կ՛որակազրկուէր, երբ կը գտնուէր քրոմ պարունակող այլ ներկերու կողքին:
Նոր ուսումնասիրութիւնը սկիզբ առած է 2009-ին, գեղանկարներու պահպանութեան աշխատանքի մը առիթով, երբ մասնագէտներ ի յայտ բերած են, թէ «Կապոյտ ծաղկամանի մէջ ծաղիկներ» գեղանկարին քատմիում կոչուած դեղինի երանգները կը փճանային, կը ճեղքուէին եւ գորշ գոյն մը կը ստանային:
Սովորաբար քատմիում դեղինի երանգները կը տժգունին ժամանակի ընթացքին եւ կը կորսնցնեն իրենց վառ յատկութիւնը:
Հետեւաբար մասնագէտներու խումբ մը դարձեալ մասնիկներ առած է գեղանկարէն եւ զանոնք տարած է ուսումնասիրելու Եւրոպայի Քէ. ճառագայթներու մեծագոյն կեդրոններուն մէջ: Ֆրանսայի մէջ Ի. Էս. Ար. Էֆ.-ը եւ Գերմանիոյ մէջ Տեսին օժտուած են բարձր աստիճանի Քէ. ճառագայթներ արտադրող գործիքներով:
Մասնագէտներուն նպատակն էր ոչ միայն գիտնալ իրենց տարած նմուշներուն բաղադրութիւնը` հիւլէներու եւ մոլեքիւլներու մակարդակի վրայ, այլ նաեւ` ճանչնալ սկզբնական ներկին եւ ջնարակին միջեւ սահման մը կազմող խաւին ճշգրիտ կառոյցը:
Հոս է, որ խումբը ցնցուած է` ի տես քատմիում աղին գոյութեան, որ պատճառ կը դառնար գորշ նարնջագոյնի յայտնութեան:
«Ներկին եւ ջնարակին միջեւ կազմուած խաւը, ուր ի յայտ եկած է քատմիում աղը, մանրադիտակային բարակութիւն ունի», կ՛ըսէ Եանսընզ:
«Եթէ ի գործ դրած չըլլայինք այս շատ բարակ խաւը ուսումնասիրելու միջոցները, ապա երբեք պիտի չնկատէինք աղերուն գոյութիւնը»:
Այս տեսակի աղերու գոյութիւնը սովորական է շատ աւելի հին գեղանկարներու մէջ, մանաւանդ` տարբեր տեսակի ներկերու կապակցութեամբ: Սակայն առաջին անգամ է, որ կը նկատուի, թէ քատմիումը աղեր կը ստեղծէ ինքնին ջնարակին մէջ, որուն դերը գեղանկարը պաշտպանել է:
«Վան Կոկ չէր սիրեր ջնարակել իր գեղանկարները: Զանոնք կը սիրէր պահել հում վիճակի մէջ», կ՛ըսէ Եանսընզ:
«Միայն անոր մահէն ետք է, որ այս գեղանկարները իրենց ճամբան գտան դէպի արուեստի շուկաները եւ մաս կազմեցին անհատական թէ հաւաքական հաւաքածոներու: Այդ ժամանակ գեղանկարներու պահպանումի մասնագէտներ սկսան մտածել` «պէտք է ջնարակենք զանոնք, որովհետեւ կը ջնարակենք մեր բոլոր գեղանկարները»:

Գեղանկարէն հանուած եւ Քէ. ճառագայթներու տակ ուսումնասիրուած մասնիկները շատ փոքր էին` պարզ աչքով դիտելու համար:
Այն իրողութիւնը, թէ Վան Կոկի ներկէն մաս մը թափանցած է ջնարակին մէջ, մտահոգիչ հարց մը կը ստեղծէ պահպանումի մասնագէտներու համար, որոնք անշուշտ կը ջանան կանխարգիլել որեւէ յաւելեալ որակազրկում, սակայն, իրենց գործին օրէնքներուն համաձայն, պարտաւոր են չվերացնել սկիզբէն գոյութիւն ունեցած որեւէ նիւթ:
Քիմիական այս մասնայատուկ հակազդեցութիւնը հաւանաբար կը վտանգէ նաեւ Վան Կոկի եւ այլ գեղանկարիչներու գործածած դեղինի երանգները: Սակայն անիկա տեղի չ՛ունենար բոլոր տեսակի ջնարակներու պարագային:
Առայժմ ապահով կը թուի ըլլալ Վան Կոկի գործերուն մեծագոյն հաւաքածոն, որ կը գտնուի Հոլանտայի Վան Կոկի թանգարանին մէջ:
«Չեմ կարծեր, թէ ասիկա լայնածաւալ հարց մը պիտի ըլլայ մեր մասնայատուկ հաւաքածոյին համար` նկատի ունենալով մեր գեղանկարները պահպանելու աւանդութիւնը», կ՛ըսէ թանգարանին գեղանկարներուն պահպանութեան պատասխանատուն` Էլլա Հենտրիքս:
«Բայց անշուշտ միշտ լաւ է գիտակցիլ այն կարելիութեան, թէ օր մը այս երեւոյթին կրնանք հանդիպիլ նաեւ այլ գեղանկարներու մէջ»:
«Գեղանկարներու պահպանութեան մասնագէտներու համար շատ արժէքաւոր են այս տեսակի տեղեկութիւնները, որովհետեւ կ՛օգնեն մեզի` հասկնալու գեղանկարներուն վիճակը եւ կատարելու զանոնք լաւագոյն ձեւով պահպանելու ճիշդ ընտրութիւնները», կ՛եզրակացնէ ան:



