Արուեստի Աշխարհէն. Կերհարտ Ռիխթըր Մրցանիշ Կը Կոտրէ Իբրեւ Ապրող Գեղանկարիչ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՆՈՐ ՄԷԿ ԳԵՂԱՆԿԱՐԸ, ՈՐ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԻ ԻԲՐԵՒ «ՀԱՇՈՒԸՒԱԾ ՔԱՈՍԻ ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑ ՄԸ», ՎԱՃԱՌՈՒԱԾ Է 34 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

Գերմանացի գեղանկարիչ Կերհարտ Ռիխթըրի մէկ իւղանկարը մրցանիշ մը կոտրած է ապրող արուեստագէտի մը համար, երբ աճուրդի ընթացքին վաճառուած է 34 միլիոն տոլարի:

«Ապշթրաքթըս պիլտ» (վերացական պատկեր) վերնագիրով գեղանկարը իրագործուած է 1994-ին: Անիկա սեփականութիւնն էր ռոք երաժշտութեան աստղերէն` Էրիք Քլափթընի եւ կը նկարագրուի իբրեւ «հաշուըւած քաոսի գլուխ գործոց մը»:

Կը նախատեսուէր, որ արուեստի այս գործը վաճառուէր մինչեւ 17 միլիոն տոլարի: Անանուն գնորդ մը զայն գնեց անցեալ ուրբաթ, աճուրդի Սոթպի՛զ վաճառատան Լոնտոնի կեդրոնին մէջ:

Սրահը ծափահարութիւններով թնդաց, երբ մուրճի վերջնական հարուածը իջաւ 34 միլիոն տոլարի վրայ…

Կերհարտ Ռիխթըր 80 տարեկան է, կ՛ապրի Քէօլնի մէջ, եւ ոմանց կողմէ կը նկատուի իբրեւ աշխարհի մեծագոյն ապրող գեղանկարիչը:

Սոթպի՛զի մէկ յայտարարութեան մէջ «Ապշթրաքթըս պիլտ» գեղանկարը կը նկարագրուի իբրեւ «Կերհարտ Ռիխթըրի գեղարուեստական եւ փիլիսոփայական իրագործումներուն մէկ յարացոյցը (փարատայմ)»:

Վաճառքէն առաջ Սոթպի՛զի ժամանակակից արուեստի բաժանմունքին գլխաւոր տնօրէնը` Ալեքս Պրանչիք ըսած էր, թէ` ««Ապշթրաքթըս պիլտ» Կերհրատ Ռիխթըրի վերացական մեծագոյն գլուխ գործոցներէն է»:

«Շուկայի վրայ անոր յայտնութիւնը հաւաքածոյ պահողներուն համար կը ստեղծէ իւրայատուկ առիթ մը` սեփականատէրը դառնալու անզուգական գեղանկարի մը, որ գործն է ապրող մեծագոյն արուեստագէտներէն մէկուն», ըսած էր ան:

Արուեստի այս գործին մէկ «քոյր» գեղանկարը միացեալ սեփականութիւնն է Թէյթ մատըռն եւ Սկովտիոյ Ազգային պատկերասրահներուն:

Էրիք Քլափթըն ծանօթ է իբրեւ արուեստի գործեր հաւաքող աստղ մը:

Գեղանկարին վաճառքէն առաջ «Սանտէյ Թայմզ» թերթին հրապարակած հարուստներու ցանկը երաժիշտին հարստութիւնը կը գնահատէր 140 միլիոն փաունտով: Ան ամէնէն հարուստ բրիտանացի երաժիշտներու ցանկին վրայ կը գրաւէ 17-րդ դիրքը:

Նախապէս Քլափթըն վաճառած է կիթառի իր հսկայական հաւաքածոյին մէկ մասը` դրամ գոյացնելու համար իր վերակազդուրման դարմանատան, զոր հիմնած է 1998-ին` սատարելու համար թմրեցուցիչի եւ ոգելից ըմպելիներու մոլիները դարմանելու աշխատանքներուն:

Share this Article
CATEGORIES