Արուեստի Աշխարհէն. Արուեստի Գործերու Կողոպուտ` Ռոթերտամի Մէջ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Գեղանկարներուն դատարկ տեղը` պատին

ՄԷԿ ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ՄԷՋ ՓԻՔԱՍՕ ՄԸ, ՄՈՆԷՆԵՐ ԵՒ ԱՅԼ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ԳՈՐԾԵՐ Կ՛ԱՆՀԵՏԱՆԱՆ ՔՈՒՆՍԹՀԱԼԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԷՆ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ», «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԵՒ «ԷՍՈՇԻԷՅԹԸՏ ՓՐԵՍ» ԵՒ ԱՅԼ ԹԵՐԹԵՐ ԿԸ ԳՐԵՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԿՈՂՈՊՈՒՏԻՆ ՄԱՍԻՆ:

Երեքշաբթի առաւօտեան կանուխ ժամերուն 7 գեղանկարներ անհետացած են Ռոթերտամի մէկ թանգարանէն, ինչպէս կը տեղեկացնէ Հոլանտայի ոստիկանութիւնը:

Քունսթհալի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած կողոպուտը Հոլանտայի տարածքին մեծագոյնն էր 1991-էն ի վեր, երբ Ամսթերտամի Վան Կոկի թանգարանէն գողցուեցան 20 գեղանկարներ:

Անիկա ցնցիչ հարուած մըն է Թրիթոնի հիմնարկին սեփական հաւաքածոյին, որ առաջին անգամ ըլլալով իբրեւ գեղանկարներու խումբ կը ցուցադրուէր հրապարակաւ:

Հաւաքածոյին ցուցադրութիւնը մաս կը կազմէր թանգարանին 20-ամեակի տօնակատարութիւններուն:

Ոստիկանութեան բանբեր Վիլըմիքը Ռոմէէն կ՛ըսէ, թէ հետաքննիչներ կը դիտէին տեսերիզներ, որոնք կը պատկերէին առաւօտեան ժամը 3:00-ին տեղի ունեցած կողոպուտը: Անոնք կոչ ուղղած են ականատեսներու, որպէսզի վկայեն: Ցարդ ոստիկանութիւնը չէ բացայայտած, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած է գողութիւնը:

Թանգարանը փակ էր երեքշաբթի, ոստիկաններու հետաքննութեան պատճառով: Անիկա վերաբացուեցաւ չորեքշաբթի:

Թանգարանին մէկ բանբերը` Փաթրիսիա Վեսըլզ յայտնած է, թէ ոստիկանութիւնը ահազանգին հակազդելով` 5 վայրկեանի մէջ հասած է թանգարան, սակայն գողը կամ գողերը արդէն հեռացած էին:

Ռոթերտամի ոստիկանութեան բանբեր Ռոլանտ Էքըրզի համաձայն, թանգարանին ահազանգերու համակարգը ծանօթ է իբրեւ «ամէնէն կատարեալն ու նորագոյնը»: Անիկա ինքնագործ է եւ կարիքը չունի պահակներու ներկայութեան:

«Պատճառ չունինք հաւատալու, թէ թանգարանին համակարգը այսպիսին չէ, սակայն այս արարքին պատասխանատուները ձեւով մը յաջողած են մուտքի եւ ելքի ճամբայ մը գտնել»:

«Մէկ բան յստակ է. գողութեան բնոյթը ցոյց կու տայ, թէ անիկա շատ լաւ ծրագրուած է», կ՛ըսէ ոստիկանութեան յայտարարութիւնը:

Քունսթհալ թանգարանէն գողցուած են հետեւեալ գեղանկարները. Փիքասոյի «Ծաղրածուի գլուխ»-ը (գծուած` 1901-ին), Մոնէի «Ուոթըրլուի կամուրջ, Լոնտոն» եւ «Չերինկ Քրոս կամուրջ, Լոնտոն» գեղանկարները, Հանիրի Մաթիսի  «Ընթերցող աղջիկ` ճերմակով եւ դեղինով» գեղանկարը (գծուած` 1919-ին), Փոլ Կոկենի «Բաց պատուհանի դիմաց աղջիկ»-ը (գծուած` 1898-ին), Մէյեր տը Հանսի «Ինքնանկար»-ը (գծուած` 1890-ին) եւ Լուշըն Ֆրոյտի «Փակ աչքերով կին»-ը (գծուած` 2002-ին):

 

Մոնէի Լոնտոնի գեղանկարները կը դասուին գեղանկարիչին ամէնէն հռչակաւոր գործերուն շարքին:

Փիքասոյի «Ծաղրածուի գլուխ»-ը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Գողութիւնը նոր ահազանգ մը կը հնչեցնէ Եւրոպայի թանգարաններուն ապահովութեան առնչութեամբ: 2010-ին Փարիզի Արդի արուեստի թանգարանէն գողցուեցան շուրջ 130 միլիոն տոլար արժողութեամբ 5 գեղանկարներ, ներառեալ` Փիքասօ մը եւ Մաթիս մը: Անոնք տակաւին կը մնան կորսուած:

Քունսթհալ թանգարանին մէկ այլ բանբերը` Մարիէթ Մաասքանթ կ՛ըսէ, թէ գողցուած գեղանկարները «նկատառելի արժէք կը ներկայացնեն»: Մասնագէտներու համաձայն, անոնք վստահաբար կ՛արժեն միլիոնաւոր տոլարներ, սակայն անկարելի է անոնց վաճառքը բաց շուկայի վրայ:

Արուեստի գողցուած գործերու հետքը փնտռող Տի Արթ Լոս Ռեճիսթըր հաստատութեան տնօրէն Քրիս Մարինելլոյի համար յստակ է, թէ գողութեան թիրախ դարձած են հաւաքածոյին ամէնէն թանկարժէք գեղանկարները, որոնք կ՛արժեն «հարիւրաւոր միլիոն եւրօ»` աճուրդի օրինաւոր վաճառքի գինով: Սակայն նման վաճառք մը արդէն անկարելի է, որովհետեւ գեղանկարները միջազգային կեդրոններու մէջ արձանագրուած են իբրեւ գողցուած գործեր:

Անհիմն է այն գաղափարը, թէ անսկզբունք գաղտնի շահարկող մը հաւանաբար պատուիրած է գողութիւնը, կ՛ըսէ ան եւ կ՛աւելցնէ. «Այս մէկը տեղի կ՛ունենայ Հոլիվուտի ժապաւէններուն մէջ»:

Թրիթոն հիմնարկին հաւաքածոն կը բաղկանայ յառաջապահական արուեստի գործերէ, կ՛ընդգրկէ արուեստի տարբեր շարժումներ` տպաւորապաշտ, արտայայտչապաշտ, խորանարդապաշտ եւ կառուցողապաշտ ոճի գեղանկարներ:  Անիկա կազմուած է մեծահարուստ գործատէր Վիլըմ Քորտիայի եւ անոր կնոջ` Մարայքը Քորտիա- Վան տեր Լաանի կողմէ:

Քունսթհալ թանգարանը չունի մնայուն ցուցադրութեան իր սեփական հաւաքածոն: Քունսթհալ հոլանտերէնով կը նշանակէ պատկերասրահ: Հոն կը ցուցադրուին տարբեր արուեստներ, ներառեալ` քանդակներ, լուսանկարներ, ձեւագծումներ եւ նորաձեւութիւն:

Քորտիա ընտանիքին հաւաքածոյին մաս կը կազմեն աւելի քան 150 հռչակաւոր արուեստագէտներէ գործեր: Գողութեան օրը Քունսթհալի մէջ կը ցուցադրուէին նաեւ գործեր` Փոլ Սեզանէն, Մարք Շակալէն, Սալվատոր Տալիէն, Էտկար Տեկայէն եւ Էնտի Ուորհոլէն:

Քորտիա ընտանիքին հաւաքածոյին պատասխանատուներուն նպատակը միշտ ալ եղած է գեղանկարները ցուցադրել հանրութեան: Նախապէս հաւաքածոյին պատկանող այլ գործեր եւս ցուցադրուած են առանձնաբար կամ հաւաքաբար:

Թանգարանին տնօրէնը` Էմըլի Ասենք, որ գողութեան օրը կը գտնուէր երկրէն դուրս, Քորտիա ընտանիքին անունով ըսած է. «Ցնցուած ենք, սակայն պիտի շարունակենք ցուցադրել մեր հաւաքածոն»:

«Բոլորիս ցանկութիւնն է, որ հանրութիւնը շարունակէ տեսնել այս տեսակի յատուկ հաւաքածոներ եւ սեփական հաւաքածոներ»:

Բոլոր ժամանակներու արուեստի գործերու մեծագոյն կողոպուտը տեղի ունեցած է 1990-ին, Պոսթընի Սթիուըրթ Կարտնըր թանգարանէն:

Իբրեւ ոստիկան ծպտուած երկու գողեր մուտք գործած էին թանգարան եւ գողցած էին 186 միլիոն փաունտ արժողութեամբ արուեստի գործեր, որոնց շարքին էին գեղանկարներ` Վերմերէն, Ռամպրանթէն եւ Մանէէն: Անոնց հետքը ցարդ կը մնայ անյայտ:

 

(Համադրաբար)

Share this Article
CATEGORIES