Մենք – Մենք
Հ. Փ.
«Բոլորս Գուրգէն Մարգարեան ենք» գրեցին, պոռացին ոմանք, նաեւ` մենք:
«Բոլորս Վահէ Աւետեան ենք», գրեցին, պոռացին քիչեր, մե՞նք` չեմ յիշեր:
Գործածուած «մենք»-ը գաղութս է:
Ուրեմն մենք, որ մէկ կողմէ հաստատաբար Աւետեան չենք, միւս կողմէ, արդէն ամիս մը տեւող դէպի լռութիւն եւ ճահիճ մեր վերադարձէն դատելով, կը յայտնուի, թէ Մարգարեա՛ն ալ չենք, ի՞նչ ենք: Յօդուածի աւարտին կը քննենք:
Մինչ այդ անցնինք առարկայական քննարկումներու:
Գծենք չորս հորիզոնականներ.-
1. Երկու Սպայ – Մէկ Իշխանութիւն
Հայկական բանակի երկու սպաներ` Վահէ Աւետեանի եւ Գուրգէն Մարգարեանի առնչուած դէպքերը երկուքն ալ եկան անգամ մը եւս հաստատելու Հայաստանի մերօրեայ իշխանութիւններուն անարդար եւ քաղաքականապէս անկարող ըլլալը:
Վահէ Աւետեանի պարագան անգամ մը եւս մանրամասնօրէն ներկայացնելու կարիքը չկայ, նախապէս «Զաւարեանական Էջ»-ի մէջ այդ նիւթով գրած ենք արդէն: Բաւարարուինք քանի մը տողով: Վահէ Աւետեան` հայկական բանակի սպան, իր գործընկերներուն հետ միասին դաժան ծեծի կ՛ենթարկուի Հայաստանի իշխանական համակարգի «փայլուն» սիւներէն, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ռուբէն Հայրապետեանի անմիջական թիկնապահներուն ձեռամբ, նոյնինքն Հայրապետեանի պատկանող «Հարսնաքար» ճաշարանին մէջ, ու կը մահանայ: Թիկնապահներուն գործած ոճիրին մէջ պարզ է, որ իր մեղքը ունի անոնց հովանաւորը նաեւ, ըլլայ ուղղակի հրահանգի, թէ այդպիսի քայլեր առնելու ազատութիւնը տալու միջոցով: Պէտք կա՞յ յուշելու, թէ Հայրապետեան իր այդ ստեղծած բռնութեան մթնոլորտով եւ ղեկավարման մշակոյթով բացառութիւն մը չէ իշխանութեան փարած աւազակախումբին մէջ: Տակաւին, իշխանութիւններուն ապիկարութիւնը կ՛արտացոլայ նաեւ դատական համակարգի չբեր եւ անվայել գործունէութեան մէջ: Հայկական բանակի սպայի սպանութեան դատը կը քաշքշուի մինչեւ օրերս, ու տակաւին չէ լուծուած: Տակաւին քանի մը օր առաջ դատավարութիւնը յետաձգուեցաւ երրորդ անգամ ըլլալով…Կ՛արժէ երեւակայել, որ եթէ տուժողը Հայրապետեանը կամ իր տեսակին պատկանող այլ «քաղաքական գործիչ» մը ըլլար, դատը ինչպէ՛ս եւ որքա՛ն արագութեամբ կրնար լուծուիլ:
Գուրգէն Մարգարեանի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման հետ կապուած հարցը, սակայն կ՛արժէ աւելի մօտէն քննել` մատնանշելու համար Հայաստանի իշխանութիւններուն մեղքի բաժինը նաեւ այնտեղ: Մանաւանդ որ, ի տես պատահածին, մեր մէջ տարածուած մթնոլորտը, ազգայնական հիմունքներու վրայ դրուած, հակաազրպէյճանական էր ջախջախիչ տոկոսով, իսկ բացի քանի մը յօդուածներէ, բացակայ էր Հայկական իշխանութեան դատապարտումի երեւոյթը, որ եթէ ոչ ազգայնական, անպատճառ ազգայի՛ն հիմք ունի սակայն:
Պէտք է նայիլ մարդասպանի արտայանձնման նախորդող եւ յաջորդող հանգրուաններուն:
Առաջին հերթին` նախքան արտայանձնումը: Նորութիւն մը բերած չենք ըլլար, եթէ նշենք, որ ըստ բազմաթիւ տուեալներու` Հայաստանի իշխանութիւնները նախօրօք տեղեակ էին ըլլալիքին մասին, եւ այնուամենայնիւ չկրցան արգելք հանդիսանալ: Նախապէս ալ մամուլին մէջ նշուեցաւ, թէ դէպքէն օրեր առաջ Հայաստանի ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ եւ Հունգարիոյ մեր հայրենակիցները այդ մասին տեղեակ պահած էին Հայաստանի իշխանութիւնները, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան կապուած էր Հունգարիոյ իշխանութիւններուն, որոնց «այդպիսի բան չկայ»-ով բաւարարուած էր` ըստ երեւոյթին: Հարցը կը դրուի ինքնաբերաբար. ինչո՞ւ լռեցին մեր իշխանութիւնները ու միջազգային ընտանիքին դիմաց ահազանգ չբարձրացուցին դաւին գծով:
Լաւատեսը, կամ ան, որուն սիրտը պիտի չներէ մեր իշխանութիւնները մեղադրել (տակաւին կարելի՞ է այդքան բարի ըլլալ…), թերեւս փորձէ բացատրել, թէ մեր իշխանութիւնները դիտմա՛մբ էր, որ արտօնեցին դէպքին իրականացումը` զայն օգտագործելու համար որպէս քաղաքական առիթ, Ազրպէյճանի վարկը գետին զարնելու միջոց: Քննարկենք:
Արդէն կ՛անցնինք դէպքէն ետք տեղի ունեցածներուն (կամ չունեցածներուն): Չէ՞ որ, եթէ ծրագրուած էր, ուրեմն պէտք էր տեսնել արդիւնք կամ առնուազն նպատակադրուած քայլեր: Ի՞նչ եղաւ մեր իշխանութիւններուն պատասխանը: Առաջին հակազդեցութեան մէջ կարելի է գտնել հետեւեալ երկու կէտերը. Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական յարբերութեանց խզում, եւ նախագահ Սարգսեանի կողմէ սփիւռքին ուղղուած ցոյցեր կազմակերպելու կոչ: Երկուքն ալ աւելի հակազդեցութիւն են, քան` քաղաքական պահանջատիրական քայլեր: Երկրորդը թերեւս կարելի կ՛ըլլար անցընել հակազդեցութենէ անդին, եթէ ցոյցերը հետեւողական եւ հատուցում պահանջող ըլլային: Բայց այդպէս չեղաւ, իշխանութիւնները սփիւռքին հետեւողական քաջալերանք ցուցաբերողը եւ ուղեցոյցը չեղան, իսկ սփիւռքն ալ իր կարգին չկրցաւ համակարգուած պայքարի անցնիլ: Ասոնց յաջորդեց այն յայտարարութիւնը, թէ Ազգային Ժողովը արտակարգ նիստ պիտի գումարէ եւ ապա հրապարակէ իր դիրքորոշումը` իրավիճակին եւ «հետագայ հոլովոյթներուն» նկատմամբ: Նիստը արդիւ՞նք` միջազգային ընտանիքէն «ակնկալել արձագանգ», «յորդորել դատապարտում» … դարձեալ կրաւորական հակազդեցութիւն, պարտուած կողմի տկար պահանջ: Այս հակազդեցութիւններէն ետք, երբ տակաւին կը սպասէինք աւելի յանդուգն եւ յարձակողական քայլերու, ստացանք հակառակը` անհեթեթօրէն պաշտպանողական եւ վախկոտ արտայայտութիւններ: Այսպէս, նախագահ Սարգսեան ՕԹԱՆ-ի մէկ ներկայացուցիչին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք կ՛արտայայտուի` «Տեղի ունեցածը պէտք չէ ստուեր ձգէ Հայաստան-ՕԹԱՆ յարաբերութեանց վրայ» եւ` «Հայաստան իր գործողութիւններով պէտք չէ տեղի տայ որեւէ հակադրութեան, յարաբերութիւններու սրման»: Հայաստան ոճիր կամ մե՞ղք գործած էր միթէ, որ իր եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ յարաբերութիւնները սրուէին: Մեր նախագահը ՕԹԱՆ-ին պահանջ ներկայացնելո՞ւ գացած էր, թէ սպառնալիք առնելու եւ խելօք մնալու խոստում տալու: Ասոր յար եւ նմանը կարելի է նկատել յաջորդ այլ յայտարարութիւն մը, դարձեալ նախագահին ձեռամբ: Այս անգամ ԵԱՀԿ-ի դիմաց ուժեղ պահանջով հանդէս գալու փոխարէն` Սարգսեան մամուլին դիմաց կը բաւարարուի «ԵԱՀԿ-ն շատ կարեւոր կազմակերպութիւն է Հայաստանի համար» բառերով: Յաջորդող օրերուն Սաֆարովի թեման արդէն կը սկսի կամաց-կամաց բացակայիլ մամուլէն, եւ սպասուածը չի գար… Լաւագոյն պարագային, պղտոր ձեւով կը յայտարարուի, թէ յարաբերութեանց բարեկարգման համար Հայաստան «գործնական քայլեր» կը սպասէ Հունգարիայէն, բայց թէ այդ քայլերը ի՛նչ են, չեն յայտարարուիր, ու կը փախցուի նորէն թէկուզ միայն քարոզչական նպատակներով ԼՂՀ-ի հետ կապուած պահանջներ ներկայացնելու առիթը: Արդէն գրեթէ ամիս մըն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները գրեթէ չեն արտայայտուիր Սաֆարովի հարցին մասին: Մամուլի արխիւները` վկայ:
Քարոզչական զէնք ձեռք ձգելու մասի՞ն է խօսքը: Ճիշդ է, հայ պետական դէմքեր ալ յայտարարեցին, թէ եղածը կը փաստէ, որ ԼՂՀ ժողովուրդը երբեք չի կրնար ապրիլ Ազրպէյճանի սահմաններէն ներս: Բայց կարելի չէ՞ր նոյն քարոզչութիւնը ընել դաւին բացայայտումով: Աւելի՛ն, երբ տարիներէ ի վեր Ազրպէյճան Սաֆարովի գովքը կ՛ընէր ու կ՛աշխատէր զայն վերադարձնել տուն, ու՞ր էր մեր պետական քարոզչական մեքենան:
Այս բոլորէն ետք, մեր կարծիքով յստակօրէն ջուրը կ՛իյնայ այն լաւատեսական վարկածը, թէ` մեր իշխանութիւնները դիտմամբ արտօնած էին, որ արտայանձնումն ու ներումը կատարուին:
Եւ մեղքը կը փաթթուի մեր իշխանութիւններուն վզին: Ինչպէ՞ս թոյլ տուին, որ Ազրպէյճան հոգեբանական պատերազմի մէջ յաղթանակ արձանագրէ եւ անգամ մը եւս ընկճուի հայ ժողովուրդը` իր անկարողութիւնը տեսնելով, որ` Ազրպէյճան աւելի ու աւելի խորունկ մխրճէ իր ժողովուրդին մէջ հայատեացութեան սերմը ու ապագայի հաշուոյն մեծնայ պատերազմի ու բարբարոսութեան վտանգը, որ` Ազրպէյճան յաջողի իր ուժի ցուցադրութեան մէջ, որ` «փորձարկէ միջազգային հանրութեան արձագանգները», նոյնինքն Սերժ Սարգսեանի մեկնաբանութեամբ…
Աւելի՛ն է սակայն անոնց մեղքը: Անիկա կ՛երկարի նաեւ դէպքէն ասդին: Ոչ միայն կանխել չկրցան մեր իշխանութիւնները, այլ նաեւ չկրցան լաւապէս պատասխանել ու կորուստը մեղմացնել: Իշխանութիւններուն թոյլ կեցուածքը տեսանք արդէն վերոյիշեալ քննարկումով: Անոր կողքին կ՛արժէ նշել, թէ խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ բազմաթիւ առաջարկներ անտեսուեցան: Այսպէս, «Ժառանգութիւն» Կուսակցութիւնը դէպքին յաջորդող օրերուն Ազգային ժողովին մէջ շրջանառութեան կը դնէր «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչնալու մասին» օրինագիծը, որ գրեթէ ամիս մը ետք պիտի մերժուէր ժողովին կողմէ` նկատուելով «ներկայիս աննպատակայարմար»: Նմանապէս` ՀՅԴ բազմիցս ուղղակի թէ անուղղակիօրէն կ՛առաջարկէ քայլեր ինչպէս` ԼՂՀ-ի հետ ռազմաքաղաքական դաշինք կնքել, «վերատեսութեան ենթարկել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւնները շարունակելու նպատակայարմարութիւնը», ետ քաշել Հայաստանի ստորագրութիւնը հայ-թրքական արձանագրութիւններէն, աշխատանք տանիլ իրաւական մարզին մէջ եւ դիմել Եւրոպական դատարանին… Բայց` բոլորը ի զուր: Այս օրերուս իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը, ըստ երեւոյթին, աւելի կարեւոր կը գտնէ իր մրցակիցներուն դէմ պայքարը: Գողերը կը փորձեն գող փնտռել ու բռնել ու անոր համար պատրաստ են ամբողջ խորհրդարանական ժողովներ տրամադրելու: Ուրիշ հարց չունի՞ մեր երկիրը: Այս մէկը իր հետ կը բերէ այլ մտահոգութիւն, անգամ մը եւս հարցականի տակ առնելով այսպէս ըսուած «իշխանութեան մէջ ընդդիմութիւն» կամ նոյնիսկ խորհրդարանական ընդդիմութիւն ըլլալու արդիւնաւէտութիւնը, բայց որ յօդուածիս հիմնական նիւթը չէ:
Այս բոլորէն ետք կը զարմանանք, թէ օտար պետութիւնները առաւելագոյն չէզոքութիւն կը փորձեն պահել Սաֆարովի արտայանձնումի եւ ներումի անմարդկային ու անբարոյ իրականութեան դիմաց: Եթէ դատենք մե՛ր իշխանութիւնները, ապա պիտի տեսնենք, որ ժամանակ չունինք զարմանալու օտարին անտարբերութեան վրայ, կայ աւելի զարմանալին, աւելի անընդունելին` ներքինը:
2.Երկու Սպայ–Մենք
Ի՞նչ էր մեր եւ երկու դէպքերէն իւրաքանչիւրին միջեւ յարաբերութիւնը:
Վահէ Աւետեանի սպանութեան ի տես, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի կարգ մը գաղութներու մէջ տեղի ունեցան մոմավառութիւններ, ցոյցեր, բողոքի յայտարարութիւններ: Հարկ է նշել նաեւ, որ անոնք, մասնաւորապէս իրենց սկզբնաւորութեան քաղաքական կողմի մը մենաշնորհը չէին, ընդհակառակը, իրենց մէջ կը ներառէին տարբեր կողմեր, այսպիսով անգամուան մը համար ստեղծելով առիթը պայծառ երեւոյթի մը` ազգային միասնականութիւն ընդդէմ անարդարութեան, յանուն արդար պետականութեան: Բայց մենք չսատարեցինք այդ երեւոյթին: Այստեղ յարգելով պէտք է նշել որոշ անհատական նախաձեռնութիւններ (հոգեհանգիստ, յօդուած), որոնք սակայն մնացին չնչին եւ մինակ, չդարձան գաղութային:
Նայինք Մարգարեան-Սաֆարով հարցին մեր հակազդեցութեան: Կատարուեցաւ մէկ սահմանափակ ցոյց հունգարական դեսպանատան դիմաց: Գրուեցան տարբեր տեսակի յօդուածներ: Զգալիօրէն կար ժողովրդային ընդվզում: Չկար հայկական իշխանութիւնները պատասխանատուութեան կանչելու ճիգ, ոչ իսկ այդ գծով ներգաղութային քարոզչութիւն, բացի` դարձեալ հազուագիւտ յօդուածներէ: Կը պարզուի, թէ այս ծիրէն ներս չենք յաջողած հարցին ամբողջական ախտաճանաչումը կատարել ու անոնց վրայ հիմնուելով` քաղաքական եւ դաստիարակչական պատգամներ փոխանցել:
Ժամանակն է արդէն լայնցնելու կարկինը եւ քննարկելու երրորդ յարաբերակցութիւնը:
3. Մենք – Հայաստանի Իշխանութիւններ
Վերոյիշեալներէն մեկնելով` կը տեսնենք, թէ մեր մէջ կը բացակայի հայաստանեան օրակարգի հանդէպ պէտք եղած յանձնառութիւնը: Ոմանք կրնան առարկել, թէ Սաֆարովի հարցին առթիւ բնական է, որ կեդրոնացումը թշնամի Ազրպէյճանին վրայ ըլլայ միայն` նկատի առնելով ազգային զգացական տուեալները: Այո, բնական է, եթէ կը խօսինք ժողովրդական խաւի մասին, յառաջադէմ քաղաքական առաջնորդէ զուրկ մնացած գաղութի մասին: Ուրիշներ կրնան առարկել, թէ Աւետեանին հարցը այնքան մը կշիռ չունի, որ հանդէս գանք կեցուածքով, թէ` սպանութիւններ կ՛ըլլան միշտ եւ ամէն տեղ: Բայց հարցը պարզապէս Աւետեանին սպանութիւնը չէ: Իշխանութեան հետ ուղղակի եւ բացայայտ իր կապուածութեամբ (պատգամաւոր Հայրապետեանի մեղսակցութիւն) այս հարցը արժանաբար դարձաւ խորհրդանիշ` իր մէջ բոլոր անարդարութիւնները եւ պետականութեան գլխուն ճոճուող սպառնալիքները ներառող: Կարիքը չենք տեսներ դարձեալ նկարագրելու Հայաստանի ներքաղաքական պատկերին տխեղծ վիճակը, կը կարծենք, որ նորութիւն չէ ոեւէ մէկուս համար: Սակայն եթէ նորութիւն չէ, եթէ բոլորս գիտենք, ապա ինչո՞ւ կը մնանք ամբողջովին կրաւորական: Ո՞ւր է յանձնառութիւնը, ո՞ւր է առաջատար եւ Դէպի Երկիր նայող գաղութին կոչումը… ժանգոտած տիտղոսնե՞ր են ասոնք: Եթէ Հայաստանի ներքին ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական խնդիրները չենք զգար մեր վրայ, ապա արտաքին քաղաքականութեան մէջ մեր իշխանութիւններուն բերած ամօթը չի՞ վիրաւորեր մեզ: Մետալներու, պարգեւատրումներու եւ մեծ մասամբ ձեւական խորհրդաժողովներու մէ՞ջ կը կայանայ միայն Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ մեր յարաբերութիւնը:
Մենք մեր չափերէն դուրս գալու մասին խօսք չկայ այստեղ: Ոչ ալ այս հարցը մեր միակ սեւեռակէտը դարձնելու կամ Պէյրութէն Երեւան յեղափոխութիւն ծրագրելու թէ հրահրելու ցնորային առաջարկ, այլ յանձնառու, հայրենիքով մտահոգ, մարդկային նուազագոյն արդարութիւն պահանջող հաւաքականութեան, գաղութի կամ ուժի կեդրոնի ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆ յանձնառութեան կոչ կայ: Այսինքն յարմար առիթին, այլ գաղութներու կողքին, նաեւ այստեղ դատապարտող կեցուածք ճշդելու, իշխանութեան կողմէ գործուած քաղաքական անթոյլատրելի սխալներուն աւելի մեծ ուշադրութեամբ մօտենալու ու հարկ եղած խորհրդանշական ճնշումը բանեցնելու մասին է այստեղ ըսուածը: Ի՞նչն է արգելքը, սփիւռք ըլլալով` ուղղակիօրէն Հայաստանի ներքաղաքական հարցերուն անդրադառնալը տարօրինա՞կ կը թուի. Ի հարկին կարելի է ճկուն ըլլալ եւ ձեւերը գտնել. մէկ օրինակով բաւարարուինք. կարելի չէ՞ գործել Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք ձգած լիբանանահայերու իրաւական իրաւունքի տարազին ընդմէջէն: Վերջապէս, առաջարկուած աշխուժութիւնը կը ծառայէ ո՛չ միայն հայրենիքին, այլ, եթէ կ՛ուզէք, վայրկեանի մը համար ըլլանք սոսկ եսակեդրոն, ուրիշ օրակարգերու կողքին ա՛յս ալ անհրաժեշտ է մեզի՛ համար, առողջ գաղութ, քաղաքականացած երիտասարդութիւն պահելու համար: Օրինակ` ընկերվարական դաստիարակութիւն տարածելու համար ի՞նչ աւելի յարմար եւ ազնիւ միջոց, քան` Հայաստանի ժողովուրդին ընկերային իրաւունքներու պաշտպանութեան դատը: Մէկ-երկու տեսական դասախօսութեա՞մբ միայն պիտի տրուին այդ բոլորը, պիտի չանցնի՞նք գործնական դաշտ…
Ի վերջոյ, երբ չափաւոր է եղածը, ո՞ւր կրնայ ըլլալ վնասը…
4. Մենք–Մենք
Նախորդ հորիզոնականէն այս հորիզոնականին անցումը ապահովողը ախտաճանաչումի անկեղծ ճիգն է` «ինչո՞ւ» հարցումը: Ինչո՞ւ կրաւորական ենք մենք, ինչո՞ւ բացակայ ենք Հայաստանի պետականութեան հաստատման (թէ՞ փրկումի) պայքարէն` թէ՛ քաղաքական, թէ՛ քարոզչական եւ թէ՛ դաստիարակչական մարզերուն մէջ: Հոս արդէն հարցն ու լուծումը մեր եւ մեր միջեւ են:
Պարզ է: Մենք, որ մեզ կը ճանչնանք որպէս առաջատար գաղութ, թերեւս ուժեղ ենք թիւով, հաւատքով, համախմբուածութեամբ, բայց կը նահանջէ մեր քաղաքական աշխուժութիւնը, հետզհետէ կը դառնանք հետզհետէ աւելի նուազ քաղաքականացած: Հաւատքը, խանդավառութիւնը, պատրաստակամութիւնը համեմատաբար աւելի անհատական գործօններ են, կը պահուին ամէն մէկ անձի սրտին ու նկարագրին մէջ, ապահով են ձեւով մը, սակայն գաղութի քաղաքական յանձնառութիւնը-աշխուժութիւնը ուրի՛շ ապահովութիւն եւ երաշխիք կ՛ենթադրէ: Կ՛ենթադրէ գոյութիւնը ռահվիրայի, առաջնորդող կորիզի, օրինակելի գագաթի, որ տէր պիտի կանգնի ստորոտին ու ծառայէ անոր:
Վերջինիս բացակայութիւնը հաւասար է լճացման: Փոխադարձաբար լճացումը կը մատնէ անոր բացակայութիւնը: Իսկ այսօր լճացած ենք մենք:
Չունինք քաղաքական գործունէութիւն: Ունինք միայն աւանդական տարեդարձային ձեռնարկներ, մեր միտքը կու գայ ընել միայն այնպիսի բաներ, որոնք կարելի չէ չընել… անո՛նց մէջ ալ կը պակսի սակայն թարմութիւնը, նոր աշխարհահայեացքը, նոր մեկնաբանութիւնը: Չունինք օրուան հարցերը ողն ու ծուծէն բռնելու ճարտարութիւն, ոչ իսկ` հետաքրքրութիւն: Հին իւղով կը սիրենք տապկուիլ: Հայաստանի պետականութեան հզօրացումի, Ջաւախքի, Արեւմտահայաստանի օրակարգերը կը բացակային…
Մտահոգութիւնը աւելի՛ եւս խոր է, երբ խոստովանինք, թէ ոչ միայն լճացած ենք, այլ նաեւ` ճահճանալ սկսած: Սկսած ենք մամուռ, աղտ, ախտ հաւաքել մեր ջուրին մէջ: Ի՞նչ ընկերվարական արժէքներու դաստիարակութեան մասին է խօսքը երբ անոնք կը բռնաբարուին մեր իսկ ձեռքով` շատ մը տեղեր ու շատ անգամ: Ի՞նչ բարոյականութիւն. ի՞նչ սկզբունքներ…
Ու այս կացութեան մէջ վերը նշուած այն գործօնները` ժողովուրդին մէջ հաւատք, խանդավառութիւն, նուիրում, որ ըսած էինք, թէ թերեւս տակաւին կը պահպանուին անհատական կաղապարներէ ներս, անո՛նք ալ ենթակայ են ոչնչացման եւ քայքայման: Երբ չկայ այն կապը գագաթին եւ ստորոտին միջեւ, որ կ՛ենթադրէ քաղաքական աշխուժութիւն, երբ կը խաթարուի գագաթի էութիւնը, երբ գագաթը ամպամա՛ծ է, ստորո՛տն ալ կը քայքայուի, մարդիկ կ՛երթան իրենց գործին, իրենց ճակատագրին, եւ կամ աւելի վատը` կը մօտենան գագաթին ա՛յլ հաշիւներով եւ սպասումներով, ու կը մեծնայ ամպը, կը մեծնայ….
Անվստահութիւնը կ՛աճի ամէն տեղ, յուսահատութիւնը իր ակօսը կը փորէ, անկարողութեան զգացումը սրտեր կը ճմլէ…
Պարզաբանումի կարիք չկայ այստեղ: Կարիք չկայ:
Կը յայտնուի, թէ Մենք-Մենք յարաբերակցութիւնը ամէնէն կարեւորն է, ամենէն տագնապալին եւ ամէնէն առաջնահերթը:
Կը մնայ արթննալ:
Թերեւս պէտք է տագնապիլ եւ պայքարիլ մենք մեզի համար, հաւատալով, որ պիտի վերջանայ այս անհեթեթ ու ժամանակ խլող, բայց անխուսափելի՛ մաքառումը, ու պիտի գայ ատենը աւելի ազնուական պայքարներ անխոչընդո՛տ մղելու…
Մենք մեզի ենք: Օգնենք իրար:

