Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. Երեքշաբթի, 23 Հոկտեմբերին` 2012 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւնը
Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին երեքշաբթի, 23 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-էն սկսեալ, անոր կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ 2012 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը:
Ա. Թէ. Սէ. Էլ. իր այս հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ ախոյեաններն ու երկրորդ-երրորդ դիրքերը գրաւողները պարտին ներկայ ըլլալ` ստանալու համար իրենց տիտղոսները եւ մրցանակները:
CATEGORIES Մարզական

