Կռփամարտ. Յառաջիկայ 5 Նոյեմբերին, Խորէն Գէոր Կը Մրցի Մաքսիմ Վլասովի Դէմ
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 5 նոյեմբեր 2012-ին, երկրորդ միջին կարգի WBC-ի Պալթիք տիտղոսակիր ռուս Մաքսիմ Վլասով պիտի մրցի Գերմանիոյ մէջ միջին եւ երկրորդ միջին դասակարգերուն մէջ ելոյթներ ունեցող աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար թեկնածու նկատուող Խորէն Գէորի դէմ:
Պէտք է նշել, որ Խորէն Գէոր աւելի փորձառու կռփամարտիկ է, քան` ռուսը:
Սակայն նախորդ տարուան գարնան Գէոր վեց ամիսով կախակայուած էր, որովհետեւ յարձակած էր իրաւարարին վրայ, երբ վերջինս Գէորը որակազրկած էր` մրցակիցին չթոյլատրուած հարուածներ հասցուցած ըլլալուն համար:
Նշենք, որ Գէոր-Վլասով ճակատումը յետաձգուած է նախորդ 8 սեպտեմբեր 2012-էն:
CATEGORIES Մարզական

