«Նիուզուիքի»-ի Վերջին Տպագիր Օրինակը` Դեկտեմբերին Այլ Պարբերաթերթեր Եւս Պիտի Թուայնանան
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը կը գրէ, որ այս տարուան դեկտեմբերին լոյս պիտի տեսնէ ամերիկեան ամէնէն հին ամսագիրներէն «Նիուզուիք»-ի վերջին տպագիր օրինակը: Ամսագիրը 2013-էն սկսեալ լոյս պիտի տեսնէ թուային ձեւաչափով:
Նոր համացանցային «Նիուզուիք»-ը պիտի կոչուի «Նիուզուիք Կլոպըլ» եւ «շատ աշխուժ ընթերցողներու համար նախատեսուած միջազգային հրատարակութիւն» պիտի ըլլայ:
Ըստ բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթին, ամբողջութեամբ թուային տարբերակին անցնելու մասին կը մտածեն նաեւ բրիտանական «Տը Կարտիըն» եւ «Տը Օպզըրվըր» օրաթերթերը:
Ի յայտ եկած է, որ «Տը Կարտիըն» իր տպագիր տարբերակին պատճառով տարեկան 44 միլիոն սթերլինկի վնաս կ՛ունենայ: «Նիուզուիք» եւս 2007-էն ի վեր վնասով կ՛աշխատի: Այս տարի թերթին կրած վնասը պիտի կազմէ 22 միլիոն տոլար:
CATEGORIES Միջազգային

