Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ինքնավար Շրջանի Մը Ստեղծման Ծրագի՞ր Գոյութիւն Ունի
Լաւատեղեակ աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավար շրջանի մը ստեղծումի գաղափարին չեն առարկած, սակայն զգուշացուցած են Սուրիոյ մասնատումէն` նշելով, որ «ատիկա շրջանին մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան համար կարմիր գիծ է»:
Աղբիւրները օրաթերթին յայտնած են, որ անցեալ ամիս Իրաքի քրտական շրջանին մէջ տեղի ունեցած է Քրտական ազգային խորհուրդին եւ ամերիկեան կողմին միջեւ Սուրիոյ քրտական շրջանի կողմին ներկայութեամբ ժողով մը, որուն ընթացքին ամերիկեան վարչակազմը Սուրիոյ մէջ ՔԱԿ-ի ազդեցութեան աճին նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնած է եւ Սուրիոյ մէջ Դաշնակցային դրութեան հաստատման գաղափարին աջակցութիւն յայտնած է:
Աղբիւրները կը նշեն, որ Սուրիոյ քիւրտերը կը ձգտին քաղաքական ապակեդրոնացման եւ ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկման, ըստ ՄԱԿ-ի օրէնքներուն եւ Սուրիոյ քիւրտերուն կացութեան նման եղող միջազգային նախադէպերուն` նշելով, որ «այդ քայլը կարելի է գործադրելի հեռանկար մը նկատել եւ ներկայիս հրատապ հարց մը չէ»:
Քաղաքական ապակեդրոնացման առաջարկը սուրիացի քիւրտերը ներկայացուցած են ամերիկեան եւ թրքական կողմերուն, սակայն վերջինս յաւելեալ բացատրութիւններ պահանջած է, «ինչ որ քրտական կողմերը մեծ ուշադրութեամբ կը սերտեն»` նշելով, որ «ինքնորոշման իրաւունքը կը վերաբերի մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած շրջանին», եւ այդ գաղափարի գործադրութիւնը պիտի քննարկուի միջազգային եւ արաբ մասնագէտներէ կազմուած յանձնախումբի մը կազմութենէն ետք:
Միւս կողմէ, քրտական կուսակցական աղբիւրներ հերքեցին, թէ գոյութիւն ունի Իրաքի քրտական շրջաններէն կողմերու մասնակցութեամբ թուրք-ամերիկեան գաղտնի համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, Սուրիոյ մէջ զինուորական օդակայաններ պիտի հիմնուին եւ Սուրիոյ մէջ դաշնակցային դրութեան հաստատման համար անհրաժեշտ զինուորական եւ նիւթական օժանդակութիւնը պիտի տրամադրուի:
Նշենք, որ ՔԱԿ-ի մօտիկ կայքէջեր այդպիսի փաստաթուղթի մը մասին հրապարակած էին տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, վերոնշեալ աջակցութիւնը պիտի տրամադրուի քրտական ընդդիմութեան մէջ Թուրքիոյ համակիր որոշ կողմերու, որպէսզի անոնք զօրանան, եւ այդ մէկը` Պարզանիի եւ Թալապանիի կուսակցութիւններուն, Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ կողմերու համամտութեամբ:

