Քլինթըն Սաֆարովի Արտայանձնման Համար Դարձեալ Միացեալ Նահանգներու «Մեծ Հիասթափութիւնը» Յայտնած Է
«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Եանոս Մարթոնիի Ուաշինկթըն տուած այցելութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ազրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման կապակցութեան ամերիկեան վարչակազմի «մեծ հիասթափութիւնը» յայտնած է:
Պատասխանելով Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի պետական պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցի հարցումին` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսած է, որ հանդիպումին ընթացքին Քլինթըն վերահաստատած է Հունգարիոյ կողմէ Սաֆարովի Ազրպէյճանի արտայանձնման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու մեծ հիասթափութիւնը: «Այս որոշումը վնաս հասցուցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն», ըսած է ան:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունած է Քլինթընի շարունակական ջանքերը` Հունգարիոյ իշխանութիւններուն հասկցնելու, թէ անոնց չմտածուած քայլը բանակցութիւններուն վնասած է:
«Ասպարէզ» կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներ առաջին երկիրներէն էին, որոնք դատապարտեցին Սաֆարովի արտայանձնումն ու ներումը:


