Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


