Ճատրակ. Քաղաքներու Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւնը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ
Իր լուրը քաղելով ՖԻՏԷ-ի պաշտօնական կայքէջէն, PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ յառաջիկայ 21-29 դեկտեմբեր 2012-ին, քաղաքներու ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն քաղաքին մէջ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 32 խումբեր:
Այդ ցուցակը կը գլխաւորէ ճատրակի միջազգային ողիմպիական ախոյեան` Հայաստանի տղոց հաւաքականը:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սմբատ Լպուտեան կ՛ըսէ, որ Հայաստանի մասնակցութեան հարցը ցարդ չէ քննարկուած:
Յամենայն դէպս, խումբերը կը բաժնուին ութ խմբակի, իւրաքանչիւրը` չորս խումբ:
Քառորդ աւարտականին իրենց տոմսերը կ՛ապահովեն իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւողները: Ապա, մրցաշարքը կը շարունակուի նաք-աութի դրութեամբ:
CATEGORIES Մարզական

