Թենիս. «Շատ Կը Փափաքիմ Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Մրցաշարքին Մասնակցիլ» Կ՛ըսէ Գասպարեան
Ռուսահայ թենիսվումըն Մարկարիթա Գասպարեան երէկ ըսաւ, որ շատ կը փափաքի եւ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէ, իր մասնակցութիւնը բերէ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, կը յայտնէ PanArmenian.ar.Net:
Ան յոյս յայտնեց, որ իր ամէն կարելին ընէ, որպէսզի տարբեր տեսակի մրցաշարքերու մասնակցելով աւելիով բարելաւէ իր խաղարկութիւնը եւ մասնակցի տարուան առաջին կրան շլեմի մրցաշարքին:
Անդրադառնալով քանի ը օր առաջ աւարտած Քրեմլինի բաժակի մրցաշարքին իր կատարած ներկայացումին` ան ըսաւ, որ թէեւ արձանագրեց բաւական տպաւորիչ արդիւնք, բայց պէտք է ատկէ շատ աւելի լաւ արդիւնքներու հասնի:
CATEGORIES Մարզական

