Ողիմպիական Նախկին Ախոյեան Էդուարդ Ազարեան Օր Մը Անպայման Պիտի Վերադառնայ Հայրենիք

«Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութիւն հաստատած Ողիմպիական նախկին ախոյեան Էդուարդ Ազարեան յայտարարած է, որ օր մը անպայման պիտի վերադառնայ հայրենիք:

«Հայաստան վերադառնալու ցանկութիւնս մի՛շտ կայ իմ մէջս: Անիկա յարատեւ արթուն է: Ես Միացեալ Նահանգներու մէջ ինչ որ պիտի կատարէի, կատարեցի: Եթէ այժմ որոշեմ վերադառնալ, անիկա պիտի ըլլայ քիչ մը տաղտուկ հարց մը, որովհետեւ զաւակս կրնայ մնալ անտէր: Երբ զգամ, որ տարիքս բաւական կը յառաջանայ, ուրեմն գիտցէք, որ կ՛ուղղուիմ դէպի Հայաստան», ըսած է Ազարեան:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազարեանի ստեղծած մարզադպրոցին մէջ ներկայիս աւելի քան հազար աշակերտ կը մարզուի: Այդ աշակերտներէն մէկը այժմ մաս կը կազմէ Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբին եւ մեծ կարելիութիւն ունի մասնակցելու 2016-ի Ռիօ տը Ժանէյրոյի ողիմպիական խաղերուն:

Կրտսեր Ազարեանը յոյս ունի հայրենիք վերադառնալէն ետք գլխաւորել Ալպերթ Ազարեանի անուան ողիմպիական մարզադպրոցը:

Էդուարդ Ազարեան, որ ծնած է 1958-ին, հանդիսացած է Մոսկուայի 1980-ի ողիմպիական խաղերու ախոյեան: Ան նաեւ նախկին Խորհրդային Միութեան քառակի ախոյեան է:

Ան մարմնամարզութեամբ զբաղած է վեց տարեկանին, իր հօր` ողիմպիական ախոյեան Ալպերթ Ազարեանի գլխաւորութեամբ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES