50 Տարի Առաջ ( 22 Հոկտեմբեր 1962 )

Հայկական Կեանք

Տիթրոյիթի Նորակառոյց Եկեղեցիին
Օծումն
Ու Նոր Դպրոցի Բացումը

Ներկայ Կ՛ըլլան Նահանգապետը Եւ
Պետական
Անձնաւորութիւններ

——————————————
Տեղւոյն
Վրայ Կը Հանգանակուի 45 Հազար Տոլար

Տիթրոյթէն (Միացեալ Նահանգներ) կը գրեն 16 հոկտեմբեր թուականով.-

Տիթրոյթի ազատատենչ հայութիւնը նուիրեց աւելի քան 45,000 տոլար, այս հանդիսաւոր առիթով:

Եկեղեցւոյ օծումը եւ հայկական դպրոցի բացումը տեղի ունեցան այսօր` կիրակի, առաւօտ ժամը 9:30-էն սկսեալ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00:

Այս սրբազան արարողութիւններուն նախագահեց կիլիկեան թեմի առաջնորդ Հրանդ եպս. Խաչատուրեան, որուն կը սպասարկէին երկու բարեշնորհ վարդապետներ եւ հինգ քահանայ հայրեր:

Ներկայ խուռն բազմութիւն մը բարեպաշտ հաւատացեալներու, եկեղեցւոյ մէջ եւ շրջակայքը, եւ ջերմեռանդութեամբ հետեւեցաւ արարողութեանց:

Մեր եկեղեցական պատմութեան մէջ աննախընթաց էին բազմութիւնն ու շքեղ արարողութիւնները: Ներկայ էին Միչիկընի նահանգապետ Սուէնսըն եւ պետական ու քաղաքական ներկայացուցիչներ` իրենց կիներուն հետ, որոնք յարգանքով եւ հիացումով մնացին ժողովուրդին հետ` մինչեւ վերջ:

Եկեղեցական հանդիսութենէն ետք ժողովուրդը ինքնաշարժներով առաջնորդուեցաւ «Տիրպորն Եութ Սենթըր» փայլուն սրահը, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական շքեղ հացկերոյթ: Այս հաւաքոյթին ներկայ էր 1500 հոգի (1 տոմսը` 10 տոլար): Նախագահեց առաջնորդ Հրանդ եպիսկոպոս. գործադրուեցաւ շատ կոկիկ յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ֆրեզնոյի հովիւ Գրիգոր վրդ. Փիտեճեան: Ազգային Կ. վարչութեան ատենապետ Ճեք Չատրճեան, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի պետական երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան, որ յատկապէս եկած էր եւ խօսք առաւ:

Ապա տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն, որ խանդավառութեան մէջ հասաւ 45,000 տոլարի:

Հապոզեան Գերապայծառ
Եւ
Հայր Ակինեան` Հիւանդ

Վիեննայի Մխիթարեան միաբաններէն հմուտ բանասէր Եփրեմ վրդ. Պօղոսեանէ ստացուած անձնական նամակէ մը ցաւով տեղեկացանք, թէ աբբահայր Հապոզեան գերապայծառը վերջերս անկողնոյ կը ծառայէ, իսկ բազմավաստակ բանասէր հայր Ներսէս Ակինեան ալ քանի մը օր առաջ հիւանդանոց փոխադրուած է դարմանումի համար:

 

Անգլիացի Հայագէտ Մը Երեւանի Մէջ

Սասունցի Դաւիթը Անգլերէնի
Պիտի
Թարգմանուի

Լոնտոնի համալսարանին մէջ արեւելեան եւ ափրիկեան պատմութեան դասախօս, փրոֆ. Չարլս Տաուսեթ, որ Մատենադարանին վարչութեան կողմէ հրաւիրուած է եւ ներկայիս կը գտնուի Երեւան, փաստական եւ գիտական տուեալներով հաստատեց, թէ սերտ կապակցութիւն գոյութիւն ունի Ե. դարու հայ պատմագիր Մովսէս Խորենացիի եւ նոյն դարու լատին պատմագիր Ամիանոս Մարկիլինոսի միջեւ:

Անգլիացի հայագէտը 1947-ին կը մտնէ Քեմպրիճի համալսարանը եւ կը հմտանայ համեմատական լեզուաբանութեան եւ արեւելեան լեզուներուն, յատկապէս հայագիտութեան մէջ: 1950-ին կու գայ Փարիզ եւ Արեւելեան կենդանի լեզուներու համալսարանին մէջ երկու տարի կ՛աշակերտէ հայագէտներ` փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի եւ հ. Շարլ Մերսիէի:

Մովսէս Կազանկտուացիի «Պատմութեան» մէկ մասին թարգմանութեան եւ ուսումնասիրութեան համար 1954-ին Տաուսեթ կը ստանայ բանասիրական գիտութիւններու վարդապետի աստիճան: Այս նիւթով իր աւարտական բերանացի քննութիւնը անցուցած է Քեմպրիճի դասախօս, փրոֆ. Պէյլէյի եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու վարժարանի հայագէտ փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի գնահատութեամբ:

Փրոֆ. Տաուսեթ հայագիտական ամէնէն մեծ վաստակը 1961-ին հրատարակած «Ազուանից պատմութեան» անգլերէն թարգմանութիւնն է: Իր երկրորդ մեծ գործն է Դաւիթ Ալաւկա որդիի «Խրատք կանոնականքի» անգլերէն թարգմանութիւնը, որ լոյս տեսաւ անցեալ տարի, Լուվենի մէջ, երկու մեծ պրակներով: Աղբիւրագիտական այս ծաւալուն աշխատութիւներէն զատ, անոր գրիչին կը պատկանին քանի մը արժէքաւոր յօդուածներ ալ: Անգլիացի հայագէտին ղեկավարութեամբ, յառաջիկայ տարիներուն պիտի նկարուին օտար երկիրներու հայերէն ձեռագրերը:

Փրոֆ. Չարլս Տաուսեթ Երեւանի մէջ անգլերէնի պիտի թարգմանէ հինգերորդ դարու բիւզանդացի փիլիսոփայ Տիմոթէոս Կուզի «Հակաճառութիւնները», որոնց բնագիրը կորսուած է եւ միայն կը մնայ հայերէն թարգմանութեան բնագիրը:

Մօտ ատենէն այլազգի հայագէտը պիտի ձեռնարկէ «Սասունցի Դաւիթ»-ի անգլերէն թարգմանութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES