Փոխադրամիջոցներու Պատմութիւն. Հայդուկային Սթիքըրներ Կը Հարուածեն Լոնտոնի Գետնուղին
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՆՈՐ ՁԵՒԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍԿՍԱԾ Է ԶԱՐԳԱՆԱԼ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ. ՈՒՂԵՒՈՐՆԵՐ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԶՈՒԱՐՃԱԼԻ ԿԱՄ ԼՈՒՐՋ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ ՓՈԽԱՆՑԵԼ` ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼՈՎ ՆՈՅՆ ՏԱՌԱՏԵՍԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ՁԵՒԱԳԾՈՒՄՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ԲՆՈՐՈՇ ԵՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ԳԵՏՆՈՒՂԻԻՆ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ՎԱՃԱՌԱՆԻՇԻՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ «ՓԱԽՈՒՍՏԻ» ԵՒ «ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԵԱՆ» ԱՅՍ ՆՈՐ ՁԵՒԻ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄԸ:
Եթէ մէկն էք Լոնտոնի մէջ գտնուող այն միլիոնաւոր անձերէն, որոնք ամէն օր ստոյիկ ճակատամարտ կը մղեն` գետնուղիին խճողուած ժամերուն երթեւեկելով, անկասկած որ ձեր ուղեւորութեան ընթացքին պիտի անցնիք այս փոխադրամիջոցին նշաններուն առջեւէն:
Սակայն խորքին մէջ որքա՞ն ուշադրութիւն կը դարձնէք անոնց:
Արդեօք ամէն օր մեր տեսադաշտին մէջ ըլլալով` անոնք կը դառնան անտեսանելի՞, կորսնցնելով իրենց ամբողջ իմաստը` ձեւի եւ գոյնի ետին:
Ահաւասիկ քանի մը օրինակ.
«Աչք-աչքի հանդիպիլը` արգիլուած: Տուգանք` 200 փաունտ»:
«Ձեր ներողամտութիւնը կը հայցենք` ճարտարագիտական այս աշխատանքներուն պատճառով միզելու անզսպելի պահանջին դէմ պայքարելու ստիպողութեան համար»:
«Գերխճողուած ժամերու պատճառով կրնաք ստիպուիլ ուրիշները ձեր գիրկը նստեցնել»:
Ծանօ՞թ էք այս բոլորին: Թերեւս ո՛չ: Սակայն անոնք մաս կը կազմեն հայդուկային այն սթիքըրներուն, որոնք վերջերս յայտնուած են գետնուղիին ցանցերուն մէջ:
Անոնք կ՛օգտագործեն նոյն տառատեսակները եւ ձեւագծումները, որոնք բնորոշ են Լոնտոնի գետնուղիին հռչակաւոր վաճառանիշին:
Սակայն անոնք կը շրջեն պաշտօնական պատգամները, յաճախ զուարճալի ձեւով, եւ երբեմն կը կատարեն լուրջ մատնանշումներ` գերխճողումէ մինչեւ գետնուղիի վարք ու բարքին մասին:
Ոմանց համար հաճելի են այս սթիքըրները: Լոնտոնաբնակ Էնի Մոլ, որ կը ղեկավարէ համացանցի վրայ ազատ արտայայտութեան վայր մը (պլոկ), կ՛ըսէ. «Բազմաթիւ սթիքըրներ ծիծաղաշարժ են եւ քիչ մը կը մեղմացնեն ուղեւորութեան տաղտուկը»:
Սակայն Բրիտանիոյ փոխադրամիջոցներու ոստիկանութիւնը կը զգուշացնէ. «Պատերը խծբծելու գինը շատ սուղ կ՛արժէ ` վերանորոգութեան եւ մաքրութեան ծախսեր պատճառելով գնացքներու ճարտարարուեստին: Այս տեսակի խծբծումները երբեմն անջնջելի հետքեր կը ձգեն ենթակառոյցին վրայ»:
Համացանցի վրայ սթիքըրներ վաճառող կայք մը, որուն արտադրութիւններուն մաս կը կազմեն Լոնտոնի գետնուղիին մէջ յայտնուած սթիքըրներուն նմանող նմուշներ, այս տարի «գետնուղիին համար» վաճառած է շուրջ 200 սթիքըրներ, իւրաքանչիւրը` 2 փաունտի:
Կայքին մէկ բանբերը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ Ճէյմս, կը հաւատայ, թէ այս սթիքըրներուն նպատակն է «վերատիրանալ ղեկին»:
«Տեսակ մը ըմբոստութիւն է: Թերեւս ներկայի մռայլ մթնոլորտին պատճառով մարդիկ կը փափաքին պայծառացնել իրենց օրը», կ՛ըսէ ան:
«Կը թուի, թէ մարդիկ մեզի հետ կը վարուին ինքնագործ մեքենաներու պէս, եւ նախանշանները շատ լուրջ են: Այս սթիքըրները առիթ կու տան փախուստի եւ համեմատաբար ազատ արտայայտութեան», կ՛աւելցնէ ան:
Ճէյմսի համաձայն, սթիքըրներուն ժողովրդականութիւնը հետզհետէ կ՛աւելնայ:
«Հետզհետէ աւելի մեծ թիւով նշաններ, սթիքըրներ եւ այլ ձեւագծումներ կը տեսնեմ, մասնաւորաբար` հիմնուած սովորական նշաններուն վրայ, որոնց կը հանդիպինք գետնուղիին մէջ», կ՛ըսէ Ճէյմս:
«Վերջերս սթիքըրներուն ժողովրդականութիւնը հետզհետէ կ՛աւելնայ, որովհետեւ մարդիկ կրնան ստեղծել իրենց սեփական տարբերակները»:
«Անոնք քալելու ժամանակ կրնան դուրս հանել զայն, կպցնել եւ անհետ հեռանալ քանի մը երկվայրկեանի մէջ»:
Ճէյմս կը պաշտպանէ համացանցի իր կայքը, որ կը վաճառէ այս սթիքըրները:
«Ես չէ, որ կը փակցնեմ զանոնք, կայքը չի զօրակցիր զանոնք գետնուղիին մէջ փակցնելու», կ՛աւելցնէ ան:
«Սթիքըրները չեն նմանիր պատերը խծբծելու: Կարելի է հանել զանոնք: Մարդիկ իրե՛նք կ՛որոշեն, թէ ո՛ւր պիտի կպցնեն զանոնք: Չեմ կարծեր, որ որեւէ լուրջ վնաս կը պատճառէ ասիկա»:

Համացանցի վրայ ստեղծուած են կայքեր եւ Ֆէյսպուքի էջեր, ուր մարդիկ կը տեղադրեն Լոնտոնի գետնուղիին մէջ յայտնուած սթիքըրներու լուսանկարներ
Էնի Մոլի, որ 10 տարիէ ի վեր կը ղեկավարէ «Անտըրկրաունտ» պլոկը եւ շահած է մրցանակ մը, կ՛ընդունի, թէ սթիքըրները հետզհետէ կը բազմանան գետնուղիին տարածքին:
«Տարիներու ընթացքին հետզհետէ աւելի մեծ թիւով ստեղծագործական սթիքըրներու հանդիպած եմ», կ՛ըսէ ան:
«Այն իրողութիւնը, թէ այժմ անոնք որոշ չափով վաճառականացած են, վստահաբար արդիւնք է անոնց նկատմամբ հետաքրքրութեան»,
«Երբ առաջին անգամ սթիքըրներ սկսան յայտնուիլ Լոնտոնի գետնուղիին մէջ, անոնք «քիչ մը ըմբոստութեան տպաւորութիւն կը ստեղծէին,- կ՛ըսէ Մոլի:- Սակայն վերջերս «մարդիկ սկսած են մտածել, թէ որքա՛ն հեռու կրնան երթալ սթիքըրներով պատգամ մը փոխանեցելու համար»:
Սակայն ան անվնաս կը նկատէ սթիքըրներու երեւոյթը:
«Անոնք նուազ աւեր կը գործեն, քան` պատերու խծբծումը, երբ մարդիկ իրենց կնիքը կը դրոշմեն այլոց սեփականութեան վրայ», կ՛ըսէ ան:
Բրիտանիոյ փոխադրամիջոցներու ոստիկանութիւնը պատերու խծբծումը որակած է «անբաղձալի աւերում, որ ոճրային վնաս կը պատճառէ», եւ յայտարարած է, թէ պիտի չարտօնէ զայն:
«Անիկա համաճարակ մըն է մեր ընկերութեան մէջ եւ աչքի փուշ` բազմաթիւ բնակիչներու համար, որոնք կը բնակին երկաթուղիներու մօտ», կ՛ըսէ ոստիկանութեան մէկ բանբերը:



