Փոխադրամիջոցներու Պատմութիւն. Ինչո՞ւ Տարօրինակ Կը Վարուինք Վերելակին Մէջ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՄԵԶՄԷ ՇԱՏԵՐ ԶԱՅՆ ԿԸ ԳՈՐԾԱԾԵՆ ՕՐԱԿԱՆ ՔԱՆԻ ՄԸ ԱՆԳԱՄ, ԱՌԱՆՑ ԶԳԱԼՈՒ: ԱՅՍՈՒՀԱՆԴԵՐՁ ՎԵՐԵԼԱԿԻՆ ՄԷՋ ՄԵՐ ՎԱՐՄՈՒՆՔԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ԹԱՔՈՒՆ ՊԱՀՈՒԱԾ ԱՆՁԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅԻՆ ՄԷՋ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԴԵՐ ԿԱՏԱՐՈՂ ԱՅՍ ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑԻՆ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԸ:

«Երբ վերելակ կը գործածենք, կարծէք` կ՛անջատուինք ամէն ինչէ»:

«Վերելակ մուտք կը գործենք, կոճակը կը սեղմենք եւ կատարելապէս անշարժ կը սպասենք»:

Դէպի գործատեղի մեր ճամբուն վրայ վերելակի գործածութիւնը բան մըն է, որ նոյնիսկ չենք նկատեր: Սակայն Նորթ Քարոլայնայի համալսարանէն Լի Կրէյ գործի վերածած է հանրային այս անտեսուած փոխադրամիջոցին ուսումնասիրութիւնը: Մարդիկ զայն կը կոչեն «Վերելակի մարդը»:

«Վերելակը կը դառնայ ընկերային հետաքրքրական վայր մը, ուր վարուելակերպի օրէնքները քիչ մը տարօրինակ են,- կը բացատրէ ան:- Վերելակը շատ հետաքրքրական, սակայն յաճախ շատ  անյարմար ընկերային վայր մըն է»:

Միջանցքներու մէջ սկիզբ առած զրոյցներ յաճախ անմիջապէս կը սառին մեր աշխատավայրին վերելակին թանձր մթնոլորտին մէջ: Վերելակ մուտք գործելէ ետք սովորաբար կը դառնանք դէպի դուռ:

Եթէ ուրիշ մը վերելակ մուտք գործէ, թերեւս կը ստիպուինք շարժիլ: Եւ այստեղ նկատուած են շարք մը շարժումներ, որոնք կարծէք սկիզբէն ձեւագծուած են` քառակուսի պարի մը պէս, եւ զորս վերելակին մէջ գտնուող անձերը կը կատարեն անգիտակցաբար:

Երբ առանձին ենք վերելակին մէջ, կրնանք ընել այն, ինչ որ կ՛ուզենք: Անիկա մեր սեփական փոքրիկ խցիկն է:

Երբ երկու հոգի ենք վերելակին մէջ, իւրաքանչիւրս կը գրաւէ տարբեր անկիւն` շեղ գիծի մը վրայ, որպէսզի առաւելագոյն հեռաւորութիւնը պահէ միւսէն:

Երբ մուտք կը գործէ երրորդ անձ մը, անգիտակցաբար կը կազմենք եռանկիւն մը (ասիկա կը հակասէ այլաբանական այն նմանութեան, որ կատարուած է նարտի քարի մը կէտերուն բաժանումին համեմատ):  Իսկ երբ չորրորդ անձ մը մուտք կը գործէ, ապա կ՛ունենանք քառակուսի բաժանում մը. իւրաքանչիւր անձ կը կանգնի վերելակին մէկ անկիւնը: Հինգերորդ անձ մը հաւանաբար պիտի կանգնէր մէջտեղը:

Իսկ անկէ ետք այլեւս մուտք կը գործենք անորոշ վայր մը: Նոր եկուորներ պէտք է անմիջապէս նկատի ունենան դռներուն բացուիլն ու գոցուիլը եւ համապատասխան դիրք գրաւեն: Երբ բոլորը ներսն են, վարք ու բարքի օրէնքները յստակ են. վար նայիլ կամ ստուգել բջիջայինը:

Ինչո՞ւ այսքան տարօրինակ կը շարժինք վերելակին մէջ:

«Որովհետեւ բաւարար տարածք չունինք», կը բացատրէ Պերլինի Ֆրի համալսարանին մէջ հոգեբուժութեան դասախօս Պապեթ Ռենըպըրկ:

«Սովորաբար, երբ կը հանդիպինք այլ անձերու, մեր միջեւ կ՛ունենանք թեւի չափ հեռաւորութիւն մը: Սակայն ընդհանրապէս վերելակներուն չափը չ՛արտօներ այս մէկը, հետեւաբար կը գտնուինք շատ անյարմար վայրի մը մէջ եւ` շատ անբնական վիճակի մը»:

Նման փոքր եւ շրջափակուած տարածքի մը մէջ անհրաժեշտութիւնը կը ստեղծուի վարուելու այնպիսի ձեւով, որ չմեկնաբանուի իբրեւ սպառնալիք, տարօրինակութիւն կամ երկդիմութիւն: Այս ձեւի վարմունքի ամէնէն դիւրին ճամբան հայեացքներու հանդիպումէն խուսափիլն է:

Սակայն թերեւս այս ձեւի վարմունքի ստիպողութիւնը ընկերային ապիկարութենէն մը աւելին կ՛արտացոլէ:

«Մեր ենթագիտակիցին մէջ քիչ մը անձկալից ենք», կ՛ըսէ Նիւ Եորքի մէջ աշխատող գրասենեակի պաշտօնեայ մը` Նիք Ուայթ, որ դժբախտութիւնը ունեցած է 41 ժամ վերելակի մը մէջ թակարդուելու:

«Չենք ուզեր բանտարկուիլ վայրի մը մէջ: Կ՛ուզենք վերելակէն դուրս գալ կարելի եղածին չափ շուտ, որովհետեւ ի վերջոյ անիկա վախազդու վայր մըն է»:

Երբ Ուայթ թակարդուած էր վերելակին մէջ, անոր ուղղեղին մէկ անկիւնը սկսած էր սողոսկիլ շրջափակուած այլ վայրի մը մէջ եւ ան սկսած էր մտածել գերեզմանի մասին:

Հասկնալի պիտի ըլլար, եթէ Ուայթ մերժէր երբեւիցէ վերելակ գործածել: Սակայն, եթէ կ՛ապրինք եւ կ՛աշխատինք այնպիսի քաղաքի մը մէջ, ուր շէնքերը բարձր են, եւ եթէ ունինք գետնայարկի ընդունարանի մը մէջ այցելուներ դիմաւորելու պաշտօն մը ստանձնելէ աւելի մեծ ձգտումներ, ապա վերելակ չգործածելը յարմար ընտրանք մը չէ:

«Ամէն անգամ որ վերելակ կը գործածեմ, կը յիշեմ ինծի պատահածը, – կը խոստովանի Ուայթ:- Վերելակը մաս կը կազմէ մեր փոխադրամիջոցներուն եւ այն մասն է, որուն վրայ նուազագոյն հակակշիռը ունինք»:

«Վերելակի մարդը»` Լի Կրէյ համաձայն է, թէ հակակշիռի չգոյութեան զգացումը գլխաւոր պատճառն է վերելակին ստեղծած անձկալից վիճակին:

«Կը գտնուիս մեքենայի մը մէջ, որ կը շարժի, եւ որուն վրայ հակակշիռ չունիս: Չես կրնար տեսնել վերելակին շարժակը, չես գիտեր, թէ ինչպէ՛ս կ՛աշխատի անիկա», կ՛ըսէ Կրէյ:

Կրաւորականութեան այս զգացումը, որ կը ստեղծուի, երբ յանձնուած ենք շարժակի մը տրամադրութեան, կրնայ շատ աւելի շեշտուիլ, երբ արդէն կը թեւակոխենք առանց կոճակի «խելացի» վերելակներու դարը:

Ապահովութեան քննութենէ անցնելէ ետք կամ կոխելէ ետք մուտքի դուռ մը բացող կեդրոնական կոճակ մը, մարդիկ կ՛ուղղուին դէպի վերելակ մը, որ կը գործէ հակակարգչային ծրագիրով մը: Այսինքն վերելակը գիտէ, թէ ո՛ր յարկը պէտք է բարձրացնէ մեզ, հետեւաբար կարիքը չունինք ցուցմունքներ տալու անոր: Այս համակարգը ձեւագծուած է այն նպատակով, որ վերելակը անտեղի կանգ չառնէ: Թէեւ անիկա  աւելի արդիւնաւէտ է, քան` մեզի ծանօթ սովորական վերելակը, սակայն ոմանց վախ կը պատճառէ զայն գործածելու փորձառութիւնը:

Հակառակ վերելակներու պատճառած անձկութեան եւ անոնց նկատմամբ տիրող կասկածներուն, Կրէյ առանց տատամսելու կ՛ըսէ, թէ անոնք ինքնաշարժէն աւելի ապահով են եւ շատ աւելի ապահով, քան` ելեկտրական աստիճանները:

«Իրականութեան մէջ վերելակը ամէնէն ապահով փոխադրամիջոցներէն մէկն է, մանաւանդ երբ նկատի կ՛ունենանք միլիառաւոր այն մղոնները, զորս կը կտրեն վերելակները ամէն տարի եւ անոնց առնչուած արկածներուն շատ չնչին համեմատութիւնը», կ՛ըսէ ան:

Բոլորս գիտենք այս մէկը, եւ այս պատճառով է, որ կը շարունակենք վերելակ գործածել ամէն օր, հակառակ մեր վախերուն:

«Սորված  ենք, թէ ապահով է վերելակ գործածելը ,- կ՛ըսէ Ռենըպըրկ:- Հետեւաբար ձեւով մը վերելակ գործածելը կը դառնայ բանականութեան յաղթանակը` մեր անասնական բնազդներուն վրայ»:

Այս հաճելի մտածումը, թէ աւելի մշակուած անձեր կը դառնանք, երբ վերելակ կը գործածենք, հաւանաբար արժանի է խորհրդածութեան:

Կ՛արժէ այս մասին մտածել յաջորդ անգամ, երբ վերելակ գործածէք: Սակայն զգուշ, չփորձուիք այս մասին զրուցել վերելակին մէջ…

Վարք Ու Բարք` Վերելակին Մէջ

 

 

 

 

 

 

Յայտնապէս մարդիկ բնազդաբար գիտեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է շարուին վերելակին մէջ… նարտի քարի մը կէտերուն պէս: Իւրաքանչիւր նոր անձ, որ մուտք կը գործէ վերելակ, պատճառ կը դառնայ, որ մարդիկ փոխեն եւ վերադասաւորեն իրեն դիրքը` իրարու միջեւ բաց տարածութիւն ստեղծելու համար:

Անշուշտ նպատակը առաւելագոյն հեռաւորութիւն պահելն է (սակայն` ոչ աչքառու ընթացքով)` խուսափելու համար անբաղձալի մօտիկութենէ: Օրէնք մը, որուն բնակչութեան գէթ կէսը ծանօթ է տղամարդոց յատուկ հանրային լուացարաններուն մէջ, եւ որուն ծանօթ են բոլորը` գետնուղիին մէջ:

(Աղբիւր` «Տը Նիւ Եորքըր»)

 

«Դուրս Հանեցէ՛ք Զիս»

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նիք Ուայթ 41 ժամ թակարդուած է իր գրասենեակին շէնքին վերելակին մէջ: Ան կը պատմէ.

Վերելակ մտայ եւ սեղմեցի թիւ 43 կոճակը: Պահ մը լոյսերը մարմրեցան եւ վերելակը տատանեցաւ:

Քիչ մը սպասեցի, ապա սեղմեցի ահազանգի կոճակը: Միայն մեռելային լռութիւն կը տիրէր: Սկսայ տարբեր կոճակներ սեղմել, տարբեր շարքով:

Վերջը արդէն սկսայ պոռալ ու կանչել, վերելակին պատերուն կը զարնէի ձեռքերս: Այո՛, խենթացայ, հայհոյեցի, լուսանկարչական գործիքին կողմը դառնալով պոռացի:

Տեղ մը յաջողեցայ քանի մը սանթիմեթր բանալ դուռը եւ դիտեցի վերելակին պատերէն վար իջնող անսահման մթութիւնը: Այս ճեղքէն վար կը միզէի` մտածելով, որ թերեւս նշան մը կու տայի:

Տեղ մը հասաւ, որ սկսայ մտածել, թէ արդեօք ասիկա իմ գերեզմա՞նս պիտի դառնար, երբ բանային դռները եւ անշնչացած մարմինս տեսնէին:

Ի վերջոյ ձայն մը հնչեց ներքին հաղորդակցութեան կեդրոնէն եւ հարցուց. «Մէկը կա՞յ այնտեղ»: Ցատկեցի տեղէս եւ հայհոյեցի. «Այո՛, կա՛յ մէկը: Դուրս հանեցէ՛ք զիս»:

 

Վերելակներու Պատմութիւն

 

 

 

 

 

 

Ն. Ք. առաջին դար. հռոմէացիք վերելակներ կը գործածէին` մարդոց, անասուններուն եւ ջուրին ուժը օգտագործելով:

1800. շոգիով աշխատող վերելակներ կը գործածուէին անգլիական գործարաններու մէջ: Մասնագէտ մը կը ղեկավարէր իւրաքանչիւր վերելակը` քաշելով կամ իջեցնելով անոր մէջէն անցնող պարանը:

1853. Էլիսհա Կրաւես Օթիս կը ցուցադրէ ապահովական սարք մը, որ կը կանխարգիլէ գահավիժումը եւ ճամբան կը բանայ մեզի ծանօթ վերելակներուն:

1800-ական տարիներու վերջեր. «Շարժող սենեակներ» կը սկսին յայտնուիլ պանդոկներու եւ մեծ վաճառատուներու մէջ: Անոնց մէջ կը զետեղուին բարձերով նստարաններ եւ աշտանակներ:

1950-ական տարիներ. ապահովական սարքեր, որոնք ինքնագործ դրութեամբ կը բանան եւ կը գոցեն վերելակներուն դռները, աւելորդ կը դարձնեն վերելակը աշխատցնողին գործը:

Ապագայի վերելակներուն համար հաւանաբար պիտի օգտագործուի մագնիսական ելեւէջի արհեստագիտութիւնը: Փորձուած է նաեւ ձեւագծում մը, որ կը շարժի ուղղահայեաց եւ հորիզոնական ուղղութիւններով` դիւրացնելու համար հսկայական երկնաքերներուն մէջ տեղափոխութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES