Առեղծուածային Սայաթ Նովան
ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՅԱՅՏՈՅԵԱՆ
Ինծի համար հրաշալի, քիչիկ մըն ալ առեղծուածային երեւոյթ է Սայաթ Նովայի վայելած արտակարգ ժողովրդականութիւնը մեր մէջ: Քիչ կը պատահի, որ միջակէն վեր որակով որեւէ երաժշտական ներկայացում, ինչ սեռի ալ պատկանի ան, կրցած ըլլայ ստեղծել այն խանդավառութիւնն ու ոգեւորութիւնը, որքան` Սայաթ Նովային համերգները եւ ընդհանրապէս աշուղականները: Անոնցմէ ամէն մէկը, անխտիր, ընկալուած է եզակի ջերմեռանդութեամբ եւ ունկնդիրին թէ հանդիսատես հասարակութեան ներշնչած երանութեան անմոռանալի պահեր: Եւ սակայն ան միայն մերը չէ այլ ամբողջ Կովկասինը: Գիտենք, որ Սայաթ Նովան ստեղծագործած է երեք լեզուներով, թերեւս նաեւ պարսկերէնով: Սայաթ Նովան համերգներու ատեն մենք միայն կ՛ունկնդրենք առաւելագոյն 20 հատը իր հայերէն 65-ի մօտ երգերուն, որոնց միայն մօտ 30-ին եղանակները գրեթէ հարիւր տոկոսով ստոյգ Սայաթ Նովային կը պատկանին: Ան ունի, հայ ունկնդիրին ցարդ անյայտ, շուրջ 35 վրացերէն եւ հարիւրէ աւելի ազերի թրքերէնով յօրինումներ: Ինչպիսի՞ ընդունելութիւն կը ցուցաբերեն ազերիներն ու վրացիները Սայաթ Նովայի երգերուն, մենք չենք գիտեր. այդ երգերը նոյն պաշտամունքը կը վայելե՞ն անոնց մօտ, որքան` մեր: Միւս կողմէ, Սայաթ Նովայի հայերէն երգերը արդեօք (թարգմանաբար անշուշտ) կը հնչե՞ն Թիֆլիսի կամ Պաքուի մէջ. անտեղեակ ենք:
Սայաթ Նովան մեր կուռքն է դարձեր եւ սակայն մեզմէ քանի՞ հոգի, բացի քանի մը երգիչներէ, գիտէ տրուած երգի մը լրիւ բովանդակութիւնը: Մենք կը մոռնանք (կարծես երջանիկ ենք այդ անգիտութեամբ), որ Սայաթ Նովան բարդ հեղինակ մըն է, բազմածալք եւ բազմածաւալ: Ունինք «Սայեաթնովագիտութիւն» ըսուած խիստ մասնագիտական ուսումնասիրական կալուած: Ան կը պեղէ Սայաթ Նովա երեւոյթը, անոր բանասիրական, բնագրագիտական, լեզուագիտական, գրականագիտական, ծածկագրագիտական, նաեւ ոտանաւորներու խիստ ստեղծարար յանգաւորման բոլոր երեսները: Այս բոլորը ամփոփուած են իրերայաջորդ հատորներու մէջ, եւ տակաւին անոնց կարգին նո՛ր է, որ թափ առած է հիմնական երաժշտա-աշուղագիտական երանգը: Ժողովուրդին եւ ընդհանուր առմամբ երգահանդէս յաճախող հանրութեան հոգը չէ թէ ինչե՜ր կը գրուին այդ հատորներուն մէջ, ուր ամէն անգամ իր մասնայատուկ լեզուին բառարանները կը վերայայտնուին, եւ սակայն հոն կան տակաւին բառեր, ակնարկութիւններ, հին թիֆլիսեան լեզուական բառախաղեր եւ դարձուածքներ, որոնք նոր մեկնաբանութեանց եւ վերլուծումներու կ՛ենթարկուին: Օրինակ` Լիուդվիգ Դուլեան («Ս. Ն.», 2004), անկէ առաջ Արմէն Տօնոյեան իր 1996-ին լոյս ընծայած գիրքին մէջ («Նաւասարդ» հրատ.), չեն բաւականանար սոսկ բառարանով մը եւ արեւմտահայերէնի վերծանումով Ս. Նովեան տաղերուն. Տօնոյեան եւ Դուլեան կը նշեն անոր գործածած օտար բառերուն արմատը եւ անոնց ծնունդ տուող լեզուները եւ ա՛լ աւելի օգտակար եւ գործնական ըլլալու մարմաջէ մղուած` անոնք զետեղած են «բացատրողական» ամփոփումներ` 40-է աւելի երգերու բնագիրներուն: Փրոֆ. Նիկողոս Թահմիզեանին գիրքը (1995) իր կարգին 70 էջեր յատկացուցած է Սայաթ Նովայի «Ձայնագրեալ խաղեր»-ուն: Արդ, համերգներու ընթացքին ունկնդիրները ձեռքերնին ո՛չ նոթատետր ունին, ո՛չ ալ Սայաթ Նովան բառացանկ: Ունկնդիրը կարծես խորան մտած ըլլայ, կը հաւատայ կենդանի ապրումին:
Նաեւ հայ ունկնդիրը ունի իր նախասիրութիւնները: Այսպէս, ան կը վերանայ «Դուն էն գըլխէն իմաստուն իս»-ը կամ «Բըլբուլի հիդ լաց իս էլի»-ն լսելով, կամ` այդ երգերուն դասական մեկնաբանողները ունկնդրելով. ոմանք կը սիրեն Պատալեանը կամ` Ռ. Մաթէոսեանը, ուրիշներ` Գաթրճեանը եւ Ա. Շահնազարեանը կամ Յ. Գրիգորեանը: Եւ ասոնք սոսկ երգիչ-մեկնաբաններ են եւ ոչ` բարբառագէտ-սայաթնովագէտներ:
Արդ, ինչպէ՞ս բացատրել հայ ժողովուրդին յափշտակուած զմայլանքը Սայաթ Նովայի երգերուն հանդէպ: Արդեօք անոնց հեշտաբոյր արեւելատիպ մեղեդինե՞րն են, սիրայորդ նուրբ զեղումներու քնքշութի՞ւնը, թէ՞ իմաստասիրական, խոհական ենթահողն է, որ կը վերացնէ մեզ. թերեւս բոլորը միասին եւ աւելի բան մըն ալ` անկեղծութեան թովչա՞նքը: Դժուար է ըսել, տրուած ըլլալով, որ անքակտելի ամբողջութիւն մը կը սաւառնի մեր հոգիին վերեւ` ծանօթ-անծանօթ, սիրելի-անհասկնալի, հոգեզմայլ-բաբախուն, եւ սակայն երգերուն բնագիրը, ներքին ծալքերն ու միտքերը անմիջականօրէն բացայայտ չեն, մինչ սիրային թեւաւոր վերացումները, միացած գգուող իւրայատուկ մեղեդիներուն, կը թեւածեն բառերէն եւ բնագիրներէն անդին եւ մեզ կը տանին իրենց հետ:
Ի դէպ, աշուղա-գուսանական արուեստը կ՛ընդգրկէ բազմաբեւեռ իրագործումներու հսկայածաւալ դաշտ: Այդ արուեստին նուիրուած աշուղ-գուսանը կ՛ենթադրէ հմուտ կարողութիւններով օժտուած անձ մը. ան խօսք-երգ-նուագածութիւն միաժամանակ իրագործող բանաստեղծ-երգիչ-նուագահար երգաստեղծն է` արհեստավարժական լիիրաւ մակարդակով արուեստագէտը: Արհեստավարժական-արուեստավարժական, միաժամանակ` այս քառաբեւեռ ստեղծագործական գործունէութեան նուիրուած անձը պէտք է ըլլայ, միաժամանակ, երգող-նուագող եւ երգաստեղծ-բանաստեղծ, կարող իր իսկ գրած քերթուածները երգաւորելու եւ զանոնք ինքնաստեղծ երաժշտութեամբ երգելու եւ նուագով սազ ու քամանչա իր երգածին նուագակցելու: Չմոռնանք, որ այս ստեղծագործութիւնները հիմնուած են քերթողական իւրայատուկ սկզբունքներու եւ երաժշտահնարական օրէնքներու վրայ, որոնց քաջատեղեակ ըլլալով հանդերձ, մեր աշուղ-գուսանը պէտք է ըլլայ առաջնահերթօրէն յանկարծաբանող, այսինքն` ափ յափոյ յօրինող, երգիչ եւ բանաստեղծ: Եւ դեռ, Սայաթ Նովայէն եւ Ջիւանիէն առաջ, միջնադարեան գուսան մը խիստ ծանօթ պէտք է եղած ըլլար վիպասանական եւ վիպերգութեան արուեստներուն, Սասանեան Պարսկաստանի եւ պարսկա-արաբական գուսաներգութեան, սազանտարական եւ տաղերգութեան հնարական եւ կատարողական արուեստին: Այս բոլոր գիտութիւնները կրնան տակաւին անբաւարար ըլլալ եթէ խնդրոյ առարկայ անձը… անտաղանդ գիտուն մըն է լոկ եւ ո՛չ ստեղծագործ յանկարծաբանող:
Երբ հմայուած կ՛ունկնդրենք Սայաթ Նովայի երգերը, չենք անդրադառնար վերոյիշեալ բոլոր յատկանիշներուն, քանզի Սայաթ Նովայի արուեստը շատ վեր է վարպետ համադրումներու համոզիչ շարան մը ըլլալէ, իսկ անոր համամարդկային լեզուն` համաշխարհային արժէքով աւարտուածութիւն կը բուրէ, գոնէ իր հայերէն երգ-խաղերու մակարդակին:
Ըստ աշուղագէտ Շաւիղ Գրիգորեանի, մեր անդրանիկ աշուղները Սայաթ Նովան կամ Միսկին Բուրջին չեն, այլ «Կռունկ» երգին հեղինակ` Ղուլ-Օղլի Երզնկացին, որ ապրած եւ ստեղծագործած է ԺԷ. դարուն:
Աշուղը, նմանելով հանդերձ գուսաններուն, կը տարբերի անոնցմէ: Մեր գուսաններու երգերը մեզի հասած են ոչ անհատական գուսանի մը անունով, այլ` տաղարաններու միջոցով, անստորագիր, մինչդեռ անոնց յաջորդող աշուղները իրենց տաղերը աւելի մօտեցուցած ըլլալով ժողովրդական երգերուն, ունեցան իրենց յատուկ «տաֆթար»-ը, հոն գրի առնելով իրենց քերթուածները, որոնք երգուելու են, ո՛չ ասմունքուելու. նաեւ կ՛ենթադրէ նուագարաններու կամ լարային նուագարանի մը ընկերակցութիւնը: Ըստ աշուղական օրէնքին` աշուղը երգը պիտի գրէ, պիտի յօրինէ (իր ստեղծագործութիւնը պիտի ըլլայ) եւ ինք զայն պիտի երգէ նուագարանի մասնակցութեամբ:
Թերեւս աւելորդ չ՛ըլլար գիտնալ, թէ Թիֆլիսի արքունիքի մէջ մենք ունեցած ենք, Ս. Նովայէն առաջ, ուրիշ աշուղ մըն ալ, որ անունի տիրացած է ԺԷ. դարու Բ. կէսին` Նաղաշ Յովնաթան (մահացած` 1722-ին): Ան ալ եղած է սիրոյ եւ «գոզալ»ներու երգիչ, առանց կաշկանդուելու կրօնական սեղմումներէ, նուազ տաղանդաւոր քան Ս. Նովան: Ան ալ գովքը հիւսած է երջանիկ սիրոյ եւ կարեւոր է ընդգծել` Սայաթ Նովայէն առաջ որդեգրած է աշուղական քառեակի «ստորագրեալ» վերջաբանը, այսինքն տուեալ ոտանաւորի մը վերջին քառեակին մէջ յիշած ըլլալ իր անունը` իբրեւ հեղինակի ստորագրութիւն. այսպէս`
Ես Նաղաշն եմ, մեղաց ծով եմ,
Նոցա սիրովն գինով եմ,
Խապար չեմ թէ ինչպէս գովեմ
Կիւրճստանի (Վրաստանի) կոզալները:
Ս. Նովան գրեթէ միշտ այս ձեւով «ստորագրուած» կ՛աւարտէ իր քերթուածները`
Վո՞ւնց դիմանամ էսչափ չարին`
Աչկեմէս կաթում է արին.Սայաթ-Նովա, նազլու եարին
Գընած նօքարի նըման իս:
Սայաթ Նովան յաղթանակած է մեր մօտ նաե՛ւ անոր համար, որ ան «հայավարի» է: Պէտք չէ մոռնալ որ ժամանակակից Պոլսոյ մէջ կը զարգանար աշուղական դպրոց մը, որ կը կրէր թուրք երգերու ազդեցութիւնը, իսկ բազմաթիւ հայ աշուղներ գաւառներուն մէջ իրենց տաղերը թրքերէն կը յօրինէին: Այս վերջինները, որպէս ստեղծագործութիւն, կը պատկանին թրքական բանաստեղծութեան, նոյնիսկ եթէ իրենց ճաշակով կամ նուրբ արտայայտութիւններով կը ներկայացնեն հայկական հոգիին մէկ երեսակը: Անոնք, ցաւ ի սիրտ, կորսուած են հայ արուեստին համար: Այսպէս, հայ գուսաններ, նաեւ նախորդ դարերու բազմաթիւ (մեզի անյայտ) երգիչներ թրքերէն երգած են իրենց յօրինած տաղերը` կոչուելով, թրքական միջավայրի մէջ, տեսթան երգող-յօրինողներ: Եւ այսօր թուրք մտաւորականներ կը ճգնին ցոյց տալու, թէ ժողովրդական հայ երգերու մեծ մասը ազդուած է թրքերէն երգերէն, մինչդեռ, ընդհակառակն, այն, ինչ որ թուրքերը ունին իրաւամբ ուշագրաւ ու վայելուչ, մեծ մասամբ կը պարտին հայ հանճարին:
Ն. Թահմիզեանին նման բոլորս ալ կ՛ողբանք փաստագրային չգոյութիւնը Սայաթ Նովայի կատարողական եւ յանկարծաստեղծագործական արուեստին, ինչպէս նաեւ` անոր ասմունքա- երգա- նուագակցողական բարձր վարպետութեան, տրուած ըլլալով, որ մենք չունինք որեւէ հետք անոր ձայնին եւ քամանչահարութեան օրինակներէն: Նաեւ մեզի աւելի մօտիկ, կ՛ափսոսանք չգոյութիւնը սայաթնովագէտ Նիկոլ Աղբալեանին կողմէ երգային որեւէ օրինակի մը: Ան Պէյրութի մէջ մեր մեծ աշուղին նուիրուած իր դասախօսութիւններու ընթացքին երգած է անոր խաղերէն: Նիկոլ Աղբալեան ծնած եւ ապրած է նո՛յն Թիֆլիսի նո՛յն Հաւլաբար թաղին մէջ, ուր ծնած եւ ապրած է Սայաթ Նովան:
«Իր մահը իմ ծնունդէն բաժնում է 80 տարի, կը գրէ Ն. Աղբալեան, բայց իմ մանկութեան շրջանին Թիֆլիսը դեռ պահում էր շատ հին հետքեր անցեալ շրջանից եւ իմ տեսած նիստ ու կացը դեռ հնամենի էր: Ճիշդ է, չկար վրաց թագաւորութիւնը, չկար եւ զօրաւոր պարսկական ազդեցութիւնը, բայց ժողովուրդի կեանքը նոր միայն սկսած էր փոխուել… («Նիկոլ Աղբալեան», «Ամբողջական երկեր», հտ. Բ., Պէյրութ, 1966, էջ 17):
Այս հակիրճ ներածականը թող դրդէ զայն ընթերցողը աւելի խորանալու մեծ աշուղին կեանքին եւ երգին մէջ` խտասալիկներու ունկնդրութիւններէն անդին: Հոս, փոխանակ կրկնելու մեծանուն սայաթնովագէտներու ըսածները, կը թուենք լոյս տեսած բազում հիմնական հատորներէն մի քանի հատի անունները` ընթերցողին իբրեւ ուղեցոյց.
«Սայաթ Նովա, հայերէն, վրացերէն եւ Ազրպէյճաներէն խաղերի ժողովածու», կազմեց Մօրուս Ս. Հասրաթեան, Հայպետհրատ, Երեւան, 1959 (318 էջ):
Նիկողոս Թահմիզեան, «Սայաթ Նովան եւ հայ գուսանա-աշուղական երգ-երաժշտութիւնը», Դրազարկ հրատ., Փասատինա -Քալիֆ., 1995 (266 էջ)
Հենրիկ Բախչինեան, «Սայեաթ Նովայի հայերէն խաղերի տեսակները եւ տաղաչափութիւնը» [առանձնատիպ` «Բանբեր Մատենադարան»-ի], էջ 60-71
Այս ցանկի առաջին երկու գիրքերու պարունակութիւնը ամփոփուած է հատորներուն խորագիրներուն մէջ, իսկ Բախչինեանի կարճ բայց խիտ ուսումնասիրութիւնը իբրեւ նիւթ ունի յատկապէս Սայաթ Նովայի խաղերուն տաղաչափութիւնը եւ յանգաւորման տարբեր բնոյթի բազմազանութիւնը: Օրինակ, հոն կը կարդանք, «Եթէ Սայաթ Նովայի ազրպէյճաներէն խաղերի մեծ մասը գեաֆ-ղափիաներ են, իսկ վրացերէնների մեծ մասը մուխամմազներ, ապա հայերէն խաղերի մեծագոյն մասը ղազալի-գազելներ են (պարսկական գազելին մօտեցող չափածոյի մի առանձնակի ձեւ), (էջ 61): Ապա Հ. Բախչինեան կը բացատրէ Գազալի կազմութիւնը արեւելեան դասական քնարերգութեան մէջ եւ 15-16 վանկերու տարր-բաղադրութիւնը: Քիչ անդին հեղինակը կու տայ անունները «գազել» կերպարի Սայաթ Նովայի կարեւորագոյն կտորներուն (օր.` «Քամանչա», «Դուն էն գըլխէն», «Մէ խօսք ունիմ» եւ այլն.) եւ կ՛աւելցնէ «գազելները Ս. Նովայի հայերէն խաղերի ոչ միայն մեծագոյն այլեւ լաւագոյն մասն են կազմում, որոնք երգիչը գրել-յօրինել է 1758/9 թ.»(էջ 63)
Եթէ ընթերցողը փափաքի ծանօթանալ մէկ հատիկ գիրքի ընդմէջէն ոչ չափազանց գիտականացած ակնարկով Ս. Նովայի ստեղծագործութեանց բոլոր երեսակներուն, կ՛առաջարկեմ հետեւեալ փոքր ծաւալի հատորը`
«Սայաթ Նովա. գիտական աշխատութիւնների Ժողովածու»,
Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետ. մանկավարժ. հիմնարկ, Երեւան, 1963 (233 էջ):
Այս գիրքին մէջ աշխատասիրութիւններ ունին Մօրուս Հասրաթեանի նման հմուտ գիտնականներ: Օրինակ` Ա. Ղ. Մկրտչեան ուսումնասիրած է մեր մեծ երգիչին գրչէն ելած «Պոէզիան»` զայն համեմատելով Ֆրիկի եւ Նահապետ Քուչակի քնարական եւ գեղագիտական հայեացքներուն հետ: Միւս գրողներուն ինքնութիւնը շատ յայտնի չէ, տրուած ըլլալով, որ յիշատակուած են միայն անոնց մականունները եւ անուններուն սկզբնատառերը:
Իբրեւ վերջաբան կը փափաքինք երկու խօսք ըսել Սայաթ Նովայի համաշխարհայնացման ուղղութեամբ եղած քանի մը փորձերուն ուղղութեամբ:
Սայաթ Նովան եղած է ու կը շարունակէ մնալ գերազանցապէս մտերմիկ, նուրբ ու զգաստ զգացողութեամբ մաքուր եւ զուսպ սիրոյ ամենազեղուն երգիչը: Իր հրաբորբոք սիրտը թեւեր առած կը գեղգեղէ իր գոզալին ներկայութիւնը, խորհրդաւոր ու անտեսանելի նուրբ յատկանիշներն ու առաքինութիւնները: Արդ, մեր մեծագոյն աշուղին լաւագոյնս սպասարկելու առաջադրութեամբ, ստեղծուած է Հայաստանի մէջ, դեռ խորհրդային օրերէն, յատուկ բեմական սարքաւորում, Սայաթ Նովայի մեղեդիներուն ընկերակցող լարային նուագարաններով գործիքաւորման համակարգ մը, որուն գլխաւոր միտք բանին եղած է սայաթնովեան ժողովրդային համերգները ճոխացնել եւ, լայնօրէն ընդարձակելով անոնց կատարողական հնչիւնածաւալը` ընդգրկել լայնանիստ դահլիճներ եւ հոծ հասարակութիւն: Այստեղ հարց կը ծագի, թէ այս ընելով` մենք չե՞նք հեռանար ԺԸ. դարու ընդունուած կարգէն, որն է` հին թագաւորական պալատներու ընձեռած խիստ գողտրիկ, մտերմիկ, առանձնական, առանձնաշնորհեալ, չըսելու համար ժամանակի ազնուապետական պատուանդան պարունակէն: Գոնէ մենք այդպէս կ՛երեւակայենք Սայաթ Նովայի կատարումները` իր սազով, քամանչայով վրաց թագաւորի պալատէն ներս: Ճիշդ է, որ այսօր երգ-քամանչա կամ երգ-սազ եղող համերգ մը, որքան ալ առինքնող իրենց զսպութեամբ եւ գրեթէ ծածուկ մտերմութեամբ, քիչ մը ժամանակավրէպ պիտի թուի, տեսակ մը «սենեկային», երբ այսօր ունկնդիրը կը վայելէ հնչեղ գործիքներու ներգործութիւնը եւ ձայնածաւալի փարթամ գրաւչութիւնը: Այս արտաքին ճոխացումը յաճախ թեւեր տուած է նուագախումբին պէտք եղածէն աւելի արագ թռչելու, այսպէս խախտելով խիստ կանոնագրուած կշռութային կառոյցը: Օրինակ` «Մէ խօսք ունիմ…» երգը քիչ մ՛աւելի արագ իր 6/8 չափը վալսի կրնայ վերածուիլ կամ «Աշխարհումս ախ չիմ քաշի»-ի 3/4 չափը յանկարծ քայլերգի ընթացք կը ստանայ` պարզ ոգեւորութեան մը իբրեւ հետեւանք, մինչդեռ քամանչայի կամ սազի ու թառի սոսկական ներկայութեան այդպիսի սայթաքումներ չեն կրնար պատահիլ: Օր մըն ալ (թերեւս արդէն գոյութիւն ունի) պիտի լսենք որ «Դուն էն գըլխէն»-ը Ճազի վերածուած է եւ հոլանի աղջիկներու պարերով հրապարակ իջած է (ինչպէս որ Կոմիտասին նուիրուած արդիականացած ելոյթներու ընթացքին ընթացիկ երեւոյթ է): Հարցը կը լրջանայ եւ գեղարուեստական ոլորտ կը հասնի. երբ ծանրակշիռ հեղինակներ, մեկնելով աշուղին արարած ծանօթ եւ սիրուած մեղեդիներէն, կը հնարեն իրե՛նց երկը (օրինակ` Ա. Բաբաջանեանի «Էլէկիա» դաշնամուրի կտորը ամբողջովին հիւսուած է Երգիչին «Քանի վուր ջան իմ» երգին հետ): Ահա այսպէս դաշնակը, կամայ թէ ակամայ, կը կատարէ այդ համաշխարհայնացման սկզբնական գործը:
2005-ին Համազգայինի Արեւմտեան ափի երաժշտական միաւորը լոյս կ՛ընծայէ քիչ մը իւրայատուկ խտասալիկ մը: Երեւանէն դաշնակահար Արմէն Բաբախանեան կը մեկնաբանէ Սայաթ Նովայի երգ-երաժշտութիւն ժառանգութենէն հատընտիրներ` առանց երգի, առանց երգիչի, առանց սազ-քամանչայի 10-ը Սայաթ Նովեան կտորներ զուտ դաշնակի վերածուած (ըսենք, որ դաշնակի ծնունդը Եւրոպայի մէջ եւ Սայաթ Նովայի ծնունդը Հաւլաբարի մէջ իրարու ճշգրիտ ժամանակակիցներ են ԺԸ. դարուն): Յիշեցնենք անգիտաց պիտանի, որ Սայաթ Նովան երգին պարտադրաբար ընկերակցող սազը կամ քամանչան, ոչհարուածային նուագարաններ, համահունչ կը նուագէին երգին մեղեդիին երգին հետ միասնաբար` երբեմն գոյացնելով ներքին, անցումնային նուրբ եւ զուսպ խաղեր, երբեմն ալ ձայնապահութիւն կատարելով: Դաշնակը մինակը կրնար կատարել թէ՛ երգի մասը եւ թէ՛ անցումնային հազար ու մէկ խաղերը: Մեր վերը յիշած խտասալիկին վրայ, Բաբաջանեանի «Էլեկիա»-ի կողքին, Սայաթ Նովայի աննման երգ-տաղերը զգեցած են նոր կառոյցներ եւ ենթարկուած նոր յարդարումներու, որոնք կրցած են երգերուն կարողականութիւնները քակելով ընդլայնել տրամագիծը այդ երկու դարերէ ի վեր երգուած տաղերուն, հոն ներմուծելով արեւմտեան երգարուեստի տարրերքն ու հնարքները: Ահա այսպէս Կոմիտասի զմրուխտ երգերէն ետք հերթը ահա հասած է Սայաթ Նովային: Կոմիտաս ի՛նքն էր, որ ընտրած էր դաշնակը իր ժող.երգերուն ընկերակցող, մինչ հոս` միաձայնութիւնը արդիականացնելու մարմաջն է, որ մղած է Գէորգ Սարաջեանն ու Ռոբերտ Անդրէասեանը` բեմականացնելով հանդերձ, համաշխարհայնացնելու Սայաթ Նովեան տաղերը:
Անդրադառնալէ առաջ, երկու խօսքով, այս դաշնակի հնարամիտ վերծանումներուն, հարկ է միանգամ ընդ միշտ ընդգծել որ Սայաթ Նովա միանգամայն բանաստեղծ է եւ երգահան: Ան իր երգերուն եղանակները ստեղծած է խօսքերուն հետ միաժամանակ` նոյն գոյնով, նոյն խորքով, ուրկէ` խօսք-մեղեդի անքակտելի միութիւնը այնպիսի բացառիկ ներիմացութեամբ են Սայաթ Նովայի երգերուն մէջ, քերթուածներուն ոգիին համապատասխանութիւնը անոնց ընկերակցող եղանակներուն հետ, որ երբ երգին բառերը յիշենք, երգը կը վերակառուցուի մեր միտքին մէջ իր եղանակով, իսկ երբ եղանակը յիշենք, երգին ամբողջ ոգին եւ մթնոլորտը կը բխին մեր էութենէն, նոյնիսկ եթէ դժուար բառերը չյաջողինք վերյիշել: Կը կարծենք, որ վերոյիշեալ հեղինակները դաւաճանած չեն Սայաթ Նովային այս վերծանումներով, ուրկէ զանց առնուած են խրդին գաւառաբառերն ու օտարաբնոյթ եզրերը եւ պահպանուած են միայն եղանակները, անոնց կցուած բազմաձայնութեան համապատասխան շերտերն ու շեշտերը:
Սայաթ Նովեան երգերուն մէջ դաշնակը ներառելու առաջին փորձերէն մէկը եղած է Սարգիս Բարխուդարեանինը (1930). անոր ձայնագրած եւ մշակած ութ խաղերը, երգ եւ դաշնակի համար, լոյս կը տեսնեն 1944-ին Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս): Այս ութ երգերէն հինգը քաղուած են Շարա Տալեանի երգածէն, իսկ «Մէ խօսք ունիմ»-ը Վահան Տէր Առաքելեանի երգածն է, «Բլբուլի հիդ»-ը անուանուած է երեւանեան տարբերակ, իսկ «Դուն էն գըլխէն»-ը կը յիշեցնէ Թահմիզեանի գիրքին մէջ ներառուած «ծանր» (եւ ճոխ) տարբերակը (էջ 208/9): Այս ութ երգերը արեւմտաոճ ռոմանսի զգեստ հագած են. ութն ալ ունին սկզբնական զուսպ նախանուագ մը դաշնակին վերապահուած:
Ս. Բարխուդարեանէն ետք, Գ. Սարաջեան, Ա. Բաբաջանեան եւ Ռ. Անդրէասեան քայլ մը անդին անցնելով Սայաթ Նովայի երգերուն հագցուցած են լրիւ բեմական համազգեստ: Այս 20-րդ դարու հայաստանեան հեղինակները, ներշնչուած մեծ աշուղին վաւերական երգերէն, առած են անոնցմէ քանի մը հատը եւ անհամեմատ զարգացումի ենթարկած` ուղղակի հիմնուելով Սայաթ Նովեան մեղեդիներուն վրայ, որոնք կատարելապէս ճանաչելի են ունկնդրութեան ընթացքին, ինչպէս վերը նշուած «Էլէկիա»-ին ընդմէջէն կը լսենք յստակօրէն «Քանի վուր ջան իմ»-ի բներգ-թեման: Ան քնարականութեամբ յորդ հոգեթաթաւ եւ դիւթիչ, կը ներկայանայ մէկը այսօրուան բեմերու մնայուն զարդերէն: Նոյնպէս` միւս ինը կտորները, ձերբազատուած բառերու շեշտադրական կամ ուրիշ կարգի սահմանափակումներէն, վերածուած են զուտ նուագարանային ինքնատիպ կտորներու: Այս քիչ մը վերացականացած սայաթնովեան երգերը պահած են իրենց գեղագիտական բուրմունքը, մտերմիկ քնքշութիւնը, ազնուական մեղմութիւնը շատ քիչ բան զիչելով եւրոպածին դաշնակին արուեստավարժական ոլորտներուն: Հոս կարելի չէ քննարկումի ենթարկել անոնց իւրաքանչիւրը: Սարաջեան ընդհանրապէս իր վերծանումները կատարած է Սայաթ Նովայի մեղեդիներուն արտայայտչականութիւնը եւ գործիքային սազ, քամանչա առանձնայատկութիւնները շեշտելով, միաժամանակ խօսքերուն իմաստային նրբութիւնները երաժշտաւորել ջանալով, իսկ Անդրէասեան ազատ ուղի ընտրած է իր վերծանումներուն մէջ` շեշտելով յանկարծաբանութեան քիչ մը քմայքոտ, քիչ մըն ալ ազատախոհ ճանապարհը: Երկուքն ալ գերազանցապէս յարգած են մեր մեծ երգիչին հանճարեղ մեղեդայնութիւնը: Այսպէս` անոնք, որոնք չեն գիտեր Սայաթ Նովան, օրինակ` Արեւմուտքի երաժշտասէրները, սոյն վերծանումները պիտի սիրեն իբրեւ ուրոյն եւ ինքնատիպ ստեղծագործութիւններ: Այս հաստատումը ինքնին վկայականն է Սայաթ Նովայի հանճարին համաշխարհայնացման:

