Նամականի

Այս առտու պատահմամբ մեր ականջին խօսակցութիւն մը զարկաւ, մօր մը եւ իր պատանի աղջնակին միջեւ: Դպրոցի դրան առջեւ աղջիկը կը դժկամէր դպրոց մտնել` պատրուակելով, որ ինք մատուցուած նիւթերէն բան չի հասկնար:

Հաւանաբար շատերու համար ոչինչ ըսող խօսակցութիւն մըն էր:

Ինծի համար այդ պատկերը մտասեւեռումս հասցուց հեռուները, 25 տարի առաջ, երբ մեր զաւակները լիբանանեան դէպքերուն մնացին գոնէ մէկ տարի անորոշ դպրոցական ոլորտի մէջ, մինչեւ` յարմար կարգադրութիւն:

Այսօր վիճակը կը կրկնուի Սուրիոյ դէպքերուն պատճառով: Հոն` Սուրիոյ մէջ հաւանաբար կարկտան կարգադրութիւններ կ՛ըլլան, բայց Սուրիայէն Լիբանան ապաստանածներու համար հարցը գրեթէ յուսահատական է:

Բնակարանի, սնունդի, առողջապահական հարցեր հաւանաբար ոմանց համար լուծելի դառնան, եթէ նիւթական ապահովութիւններ կան, իսկ ուրիշներու պարագային գէշ-աղէկ միութիւններ, ազգականներ, որոշ կարգադրութիւններով ժամանակաւոր դասաւորումներ կ՛ընեն:

Բայց դպրոցականներու պարագային դժուարութիւնը այլ բան է:

Դպրոցական ծրագիրներու տարբերութիւն, լեզուական դժուարութիւններ արգելք կ՛ըլլան,  որ Սուրիա ուսանած տղաք կարենան հետեւիլ Լիբանանի ուսումնական ծրագրին:

Մեզի համար օրին մտածում էր, որ մեր ազգային հաստատութիւնները այս ուղղութեամբ կարգադրութիւն մը ընեն:

Գոնէ փակուած դպրոցներու շէնքերէն մէկը տրամադրեն սուրիահայ դպրոցականներու, Հայաստանի օրինակով: Հոն դասաւանդէին սուրիական ուսումնական ծրագիրը` գործակցելով Սուրիոյ մէջ գործող մեր ազգային վարժարաններուն հետ:

Վստահաբար ուսուցիչներու պակաս չկայ, որովհետեւ հոս գտնուող սուրիահայերու մէջ բաւարար ուսուցիչներ կան, իսկ աշակերտներու պարագային, քաջ գիտենք, որ սուրիահայ աշակերտներուն թիւը անցած է 300-ը:

Յաւելեալ մեկնաբանութիւններ պիտի չուզենք ընել եւ եզրակացնելու համար պիտի ըսենք, որ ուշ չէ մտածել այս մասին եւ գոնէ մինչեւ կաղանդ յարմար դասաւորում մը կատարել:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ

19 Հոկտեմբեր 2012

Share this Article
CATEGORIES