ԵԱՀԿ-ն Դիտարկում Պիտի Իրականացնէ Մարտակերտի Շրջանի Թալիշ Բնակավայրին Մերձակայքը
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ նախօրօք ձեռք բերուած համաձայնութեամբ` 23 հոկտեմբերին ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանին վրայ ծրագրային դիտարկում պիտի իրականացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Թալիշ բնակավայրին մերձակայքը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքէն դիտարկումը պիտի իրականացուի ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիքի ղեկավարութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու դիտարկման իրականացման եւ ապահովելու ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան անդամներուն անվտանգութիւնը:
CATEGORIES Հայկական

