Բագրատունի Կը Դասախօսէ Դանիացի Ուսանողներուն
Դանիացի 45 ուսանողներ, որոնք իրենց երկրի տարբեր համալսարաններուն մէջ կը հետեւին քաղաքական գիտութեան եւ միջազգային քաղաքականութիւն ու յարաբերութիւն ճիւղերուն, լիբանանեան քաղաքական կեանքին ծանօթանալու նպատակով կը գտնուին Լիբանան:
Երկրի օրէնսդիր իշխանութեան եւ գործելաձեւին ծանօթանալու նպատակով` ուսանողները այցելեցին խորհրդարան, ուր երեսփոխաններու մայր ժողովասրահին մէջ հանդիպում ունեցան երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Նախ եւ առաջ Բագրատունի լայնօրէն անդրադարձաւ խորհրդարանի պատմութեան, աշխատանքներուն եւ Լիբանանի օրէնսդիր իշխանութեան առաքելութեան, ապա ներկայացուց Լիբանանի քաղաքական ներկայ իրավիճակը` իր համայնքային, յարանուանական եւ քաղաքական բաժանումներով, երկրին դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններուն անդրադարձը ներքին ճակատի վրայ:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը ներկայացուց նաեւ Լիբանանի հայութեան դիրքորոշումները, ինչպէս նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը Լիբանանի մէջ:

