Արսէն Ջուլֆալակեան Ելոյթ Կ՛ունենայ Գերմանական Պունտըսլիկային Մէջ

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լոնտոնի 2012-ի ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր Արսէն Ջուլֆալակեան մինչեւ յառաջիկայ յունուար 2013 ելոյթ պիտի ունենայ գերմանական Պունտըսլիկայի ակումբներէն մէկուն հետ:

Այս ուղղութեամբ Ջուլֆալակեան յայտարարութիւն մը կատարեց ուրբաթ, 19 հոկտեմբերին, լրագրողներուն ետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

Լոնտոնի ողիմպիական խաղերէն ետք իր ունեցած հանգիստ-դադարէն ետք, Ջուլֆալակեան մենամարտներ պիտի ունենայ Գերմանիոյ մէջ:

«Ստորագրուած պայմանագիր մը ունիմ գերմանական ակումբներէն մէկուն հետ եւ ազգային հաւաքական կը վերադառնամ միայն յունուար 2013-ին», ըսաւ Ջուլֆալակեան:

Ջուլֆալակեան ծնած է 1987-ին` Գիւմրիի մէջ: Նշենք, որ ան զաւակն է աշխարհի եւ ողիմպիականի նախկին ախոյեան ըմբիշ Լեւոն Ջուլֆալակեանին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES