Պէյրութի Մարաթոնի Միութիւն. Լիբանանի Առաջին Տիկինին Յանձնուեցաւ 2012-ի Մարաթոնի Վազքին Թիւ 1 Շապիկը
Լիբանանի Առաջին տիկին Ուաֆաա Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պէյրութի մարաթոնին միութեան պատուիրակութիւնը:
Անոր մաս կը կազմէին նախարար Մարուան Խէյրէտտին, նախկին նախարար Զիատ Պարուտ, Պէյրութի Մարաթոնի միութեան հիմնադիր եւ նախագահ Մէյ Խալիլ, փոխնախագահ զօր. Հասան Ռըսթոմ եւ այլ անձեր:
Այս առիթով Խալիլ Առաջին տիկինին յանձնեց Պէյրութի 2012-ի միջազգային Մարաթոնին վազքի թիւ 1 շապիկը:
Սոյն մարաթոնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 11 նոյեմբեր 2012-ին:
Այս առիթով Խալիլ յոյս յայտնեց, որ Առաջին տիկինն ու նախագահ զօր. Միշել Սլէյման 2010-ի նման Մարաթոնի սկիզբը ներկայ գտնուին:
Այս հանդիպումին աւարտին Առաջին տիկինը յաջողութիւն մաղթեց Խալիլին եւ միութեան բոլոր անդամներուն:
CATEGORIES Մարզական

