50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 27 ապրիլ 1961 )
ԹՈՒՐՔ ԼՐԱԳՐՈՂ ՄԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՋԱՐԴԵՐԷՆ
ԵՒ ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ ԿԸ ՃԱՌԷ…
Պոլսոյ «Ճիւմհիւրիյէթ» թերթին մէջ Ճեւատ Ֆեհմի Պաշքութ Այխմանի դատավարութեան առթիւ կը գրէ.-
Մեր թերթերը չափէն աւելի կարեւորութիւն տուին Այխմանի դատավարութեան: Վերջին օրերուն թերթերու էջերուն տեսարանը ասոր փաստն է:
Ցաւով կը տեղեկանանք, թէ Այխմանի դատավարութեան մասին կատարուած հրատարակութիւնը վիշտ պատճառեր է մեր գերման բարեկամներուն:
Թուրքեւգերման բարեկամութիւնը շատ հին անցեալ մը ունի եւ զօրաւոր բարեկամութիւն մըն է: Պէտք է ըսենք նաեւ, թէ բոլորովին անիրաւ չենք գտներ մեր բարեկամները իրենց զգացած ցաւին մէջ: Կը յիշենք, թէ ատենօք մենք` թուրքերս ալ խորապէս վիրաւորուած էինք այն տեւական հրատարակութենէն, որ ատենօք կը կատարուէր բոլոր արեւմտեան թերթերուն մէջ, ներառեալ` գերման մամուլը, հայոց տեղահանութեան եւ ջարդի մը առնչութեամբ: Նոյնիսկ եթէ ծաւալի տեսակէտով տարբերութիւն գտնուի հրեաներու ջարդին եւ հայոց տեղահանութեան պնդումներուն միջեւ, բացայայտ է, որ ասոնք նոյնօրինակ պնդումներ են:
Հիթլերի վարչաձեւը պատմութեան եւ անցեալին փոխանցուած է: Մինչդեռ թուրքեւգերման բարեկամութիւնը կ՛ապրի: Ոչ մէկ դէպք պիտի կրնայ ստուեր ձգել երկու ազգերուն յարաբերութիւններուն վրայ, որոնք իսկական բարեկամութեան կը կռթնին:
ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ
ՆԵՐԿԱՅ Կ՛ԸԼԼԱՅ ԱՊՐԻԼ 24-Ի ՀԱՆԴԷՍԻՆ
Գահիրէի մէջ ապրիլ 24-ի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցած է համազգային շուքով: Հանդիսութիւնը կազմակերպած է «Նիր Իսթ» հայկական ակումբի վարչութիւնը, համայնքի բոլոր հոսանքները ի մի համախմբելու եւ մէկ միլիոն նահատակներու անթառամ յիշատակը ոգեկոչելու համար համազգային արժանավայել շուքով:
Հանդէսը հովանաւորած են երեք յարանուանութեանց պետերը: Նախագահած է եգիպտահայոց առաջնորդ Մամբրէ արք. Սիրունեան: Ներկայացուած է ապրիլեան եղեռնը եւ հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող յաջող եւ տպաւորիչ կենդանի պատկեր մը: Բանախօսած է Գրիգոր վրդ. Կերկերեան:
Հանդէսին ներկայ եղած է հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակ եւ աշխարհահռչակ երգահան Արամ Խաչատուրեան եւ ջերմօրէն ընդունուած` ներկաներուն կողմէ:
ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ՀԱՅՈՒՀԻ ՄԸ
ՄՐՑԱՆԱԿ ՍՏԱՑԱԾ Է
Իրեն Բամպուքճեան տաղանդաւոր դաշնակահարուհի մըն է: Այս տարի երկրորդ Մեծ մրցանակը ստացած է Պարսելոնայի միջազգային մրցումին եւ արժանացած` եւրոպական մամուլի ջերմ գնահատութեան:
Իրեն Փամպուքճեան կը ծրագրէ շարք մը նուագահանդէսներ տալ Սպանիոյ մէջ եւ մասնակցիլ Միլանոյի, Ժընեւի եւ Մոսկուայի երաժշտական մրցումներուն:
ՏԻԳՐԱՆ ՏԱՏԵՐԵԱՆԻ ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Երիտասարդ նկարիչ Տիգրան Տատերեան, որ եօթը տարի շարունակ Փարիզի մէջ հետեւած է ֆրանսական դպրոցին, յառաջիկայ մայիս 2-ին ցուցահանդէս մը կազմակերպած է ՕՍՍԻՒ-ի հանդիսասրահին մէջ, Դամասկոս փողոց:
Ցուցահանդէսին հովանաւորութիւնը ստանձնած է կրթութեան նախարար Քամալ Ժոմպլաթ:
Ֆրանսայի մէջ Տատերեան մասնակցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու, ուր իր գործերը գնահատանքի արժանացած են:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ մայիս 13` առիթ տալով արուեստասէր հասարակութեան գնահատելու հայ արուեստագէտին գործը: