ՔՐՏԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐԷՆ. ՊԱՐԶԱՆԻՆԵՐԸ` ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ

Մոլլա Մուսթաֆա Պարզանի իր փեշմերկաներուն հետ

Պարզանիները, մոլլա Մուսթաֆա Պարզանիի գլխաւորութեամբ, Իրաքի մէջ բարձր պահեցին քրտական ազատագրական պայքարի դրօշը: Պայքարը հետագային շարունակեցին անոր սերունդները: Մասուտ Պարզանիի ղեկավարութեան տակ, անոնք կը մնան քրտական ամէնէն ազդեցիկ ուժերէն մէկը:

 

ՔԱՍԷՄԻ ՏԱՊԱԼՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

Պարզանիի փեշմերկաներուն եւ իրաքեան բանակին միջեւ բախումները շարունակուեցան մինչեւ 1963 փետրուար 8-9, երբ պետական հարուածով մը զօրավար Քասէմ տապալեցաւ եւ սպաննուեցաւ Պաղտատի մէջ: Իշխանութեան տիրացաւ Պաաս կուսակցութիւնը: Քասէմի նախկին մօտիկ գործակից, ապա թշնամի Ապտէլ Սալամ Արէֆ դարձաւ նախագահ, իսկ Ահմէտ Հասան Պաքր` վարչապետ: Հաստատուեցաւ առժամեայ զինադուլ:

Իշխանութեան տիրանալէն չորս ամիս ետք, յունիս 10-ին, Պաղտատի իշխանութիւնները նոր յարձակում մը շղթայազերծեցին քիւրտերուն դէմ եւ միաժամանակ Քերքուքը արաբացնելու քայլեր առին: Հոկտեմբերին, կառավարութիւնը իր շուրջ համախմբեց Պարզանիներուն թշնամի Զիպարի, Շարաֆի, Պարատոսթ, Լովլան, Ռաւանտոք եւ Հարքի ցեղախումբերուն ուժերը, քալելու համար Պարզանիներուն դէմ:

Սակայն, նոյն տարուան նոյեմբեր 18-ին, նախագահ Արէֆ պետական հարուածով մը տապալեց Պաասի իշխանութիւնը եւ ստանձնեց ամբողջ իշխանութիւնը: Դարձեալ հաստատուեցաւ առժամեայ զինադուլ: Արէֆ բանակցութեան մտաւ մոլլա Մուսթաֆայի հետ, սակայն 1964 փետրուար 10-ին բանակցութիւնները խզուեցան եւ բախումները վերսկսան:

Այնուհետեւ, համաձայնութեան քանի մը անյաջող փորձեր եղան: Հաստատուեցաւ զինադուլ, բայց 4 մարտ 1965-ին բախումները վերսկսան: Նշանաւոր էր մանաւանդ 1966 յունիս 15-ի Հենտրինի արիւնահեղ ճակատամարտը, որմէ ետք, Ապտէլ Սալամ Արէֆի եղբայրը` զօրավար Ապտէլ Ռահման (որ եղբօր արկածահար մահէն ետք դարձած էր նախագահ) դադրեցուց պատերազմը:

ՊԱԱՍԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԻՐԱՑՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

1968 յուլիս 17-ին, պետական հարուածով մը Ապտէլ Ռահման Արէֆ տապալեցաւ եւ իշխանութեան տիրացաւ Պաաս կուսակցութիւնը` զօրավար Ահմէտ Հասան Պաքրի նախագահութեամբ:

1969-ին բախումները վերսկսան. այս ժամանակ ալ մահացաւ Պարզանիներուն ծերունազարդ ցեղապետ-կրօնապետը` շէյխ Ահմէտ Պարզանին եւ զաւակը` շէյխ Մուհամմէտ Խալէտ յաջորդեց անոր:

Մինչ պայքարը կը շարունակուէր, զօրավար Պաքր, մտահոգ` դէպքերու զարգացումէն եւ քիւրտերու յարաճուն ընդդիմութենէն, եւ պահելու համար «ժողովուրդի հայր» ըլլալու իր հանգամանքը, գաղտնի պատուիրակ մը` Ազիզ Շարիֆը ղրկեց մոլլա Մուսթաֆա Պարզանիի մօտ: Պաաս կուսակցութիւնը ընդունեց «քիւրտ ազգ»ի գոյութիւնը Իրաքի մէջ: Այս բոլորը յանգեցան 11 մարտ 1970-ի համաձայնութեան: Սակայն ժամանակ մը ետք, 29 սեպտեմբեր 1971-ին գաղտնի սպասարկութիւնը փորձեց սպաննել մոլլա Մուսթաֆա Պարզանին, բայց չյաջողեցաւ:

ՊԱՐԶԱՆԻ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Իրանի շահը եւ Միացեալ Նահանգներ, դժգոհ` Իրաք-Խորհրդային Միութիւն եղբայրութեան դաշինքէն, Իրաքի խորհրդայնասէր քաղաքականութենէն եւ անոր քարիւղի բարձր սակէն, 1972 մայիսին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռիչըրտ Նիքսընի Թեհրան այցելութեան առիթով, առաջարկեցին մոլլա Մուսթաֆա Պարզանիի, որ վերսկսի ընդհատուած պատերազմը եւ խոստացան օգնել անոր: Պարզանի հաւատք չունէր շահին հանդէպ, սակայն ուզեց հաւատալ Միացեալ Նահանգներուն: Եւ իբրեւ խորհրդայիններուն համակիր, «կարմիր զօրավար» անունով ճանչցուած Պարզանին անմիջապէս փոխեց իր արեւելումը եւ դարձաւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից: Շահը եւ Միացեալ Նահանգներ արդիական ամէն տեսակ զէնքերով զինեցին Պարզանիի «փեշմերկա»ները եւ զանոնք արձակեցին Իրաքի դէմ:

Պարզանին պատերազմի մղելու դէպքերու հոլովոյթը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Իրաքի վարչակարգը, երկրորդ անգամ ըլլալով, 16 յուլիս 1972-ին, փորձեց սպաննել զինք: Պարզանի լեռներուն վրայ սկսաւ կռիւներուն:

Տագնապը գագաթնակէտին հասաւ 1974-ի տարեսկիզբին, Քերքուքի քարիւղի հորերուն ազգայնացման պատճառով: Պարզանի ուզեց քարիւղի եկամուտի համեմատական բաշխում կատարել, սակայն կառավարութիւնը որոշեց պետական հակակշիռ հաստատել: Պետութիւնը խոստում տուաւ յարգելու քիւրտերու ինքնավարութեան իրաւունքները: Ճալալ Թալապանի եւ Պարզանիի զաւակները` Ուպէյտուլլա եւ Մասուտ ընդունեցին, սակայն մոլլան մերժեց հրաժարիլ քարիւղի իրաւունքներէն:

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՎՃՌԱԿԱՆ ՓՈՒԼԸ ԿԸ ՍԿՍԻ

Իրաքեան պետութեան հետ մոլլա Մուսթաֆա Պարզանիի յարաբերութեանց խզումէն անմիջապէս ետք, 11 մարտ 1974-ին բախումները վերսկսան ամենասաստիկ կերպով: Նոյն օրն իսկ դահլիճին քիւրտ հինգ նախարարները հրաժարեցան եւ փախան փեշմերկաներու հակակշիռին ենթակայ Շումանի հովիտը: Յաջորդող քանի մը օրերուն, աւելի քան 100 հազար քիւրտեր փախան դէպի հիւսիս, «ազատագրուած» շրջաններ:

Իրաք պատերազմի դաշտ նետեց բանակային 8 բաժանմունք (120 հազար զինուոր), 700-էն 800 հրասայլ, 20 վաշտ արագ տեղափոխուող հրետանի եւ 11 հազար օդուժի զինուոր, հարիւրաւոր օդանաւերով: Պարզանի ունէր 50 հազար փեշմերկա, քանի մը հազար կիսազինուորական ուժեր, 100 սպայ, 60 բժիշկ եւ 160 երկրաչափ: Փեշմերկաներու հակակշիռին ենթակայ շրջաններուն մէջ կը մնային 5 հազար ոստիկաններ: Պարզանի ունէր «Քիւրտիստանի Ձայն» ձայնասփիւռի կայանը:

Կատաղի եւ արիւնահեղ մարտերէ ետք, ի գին մեծ կորուստներու, օգոստոսին բանակը հասաւ բարձրաւանդակները եւ սկսաւ թափանցել լեռները: Ռեւանտուզ քանի մը անգամ ձեռքէ-ձեռք անցաւ: Մինչեւ ձմեռ, բանակին ձեռքը ինկան Ամատիան, Ռեւանտուզը, Ռանիան եւ Գալա Տիզան:

Պատերազմին սաստկացման հետ ծաւալեցաւ նաեւ գաղթականական ալիքը: Մինչեւ 1975 մարտ, 300 հազար գաղթականներ անցան Իրան եւ Թուրքիա: Օդային եւ ցամաքային սաստիկ ռմբակոծումներուն հետեւանքով, մեծ թիւով գաղթականներ զոհուեցան սահմաններուն վրայ:

ԱԼԺԷԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ

Երկար պայքարէ ետք, եւ հակառակ ձեռք ձգուած որոշ յաղթանակներուն, Իրաք, յուսահատած` քիւրտերը զէնքի ուժով ճզմելու իր անկարողութենէն, համաձայնութեան եկաւ շահին հետ եւ 6 մարտ 1975-ի Ալժէի համաձայնագիրով, անոր զիջեցաւ Շաթ Էլ Արապի գերիշխանութիւնը:

Շահին ուզածն ալ այդ էր արդէն. ան անշուշտ չէր ցանկար քիւրտերուն յաղթանակը, ոչ ալ` Իրաքի փլուզումը, որ ՕՓԷՔ-ի մէջ իր գործակիցն էր: Հետեւաբար, ան դադրեցուց քիւրտերուն տրուած ամէն օժանդակութիւն եւ ամրօրէն փակեց ճամբաները: Այնուհետեւ, իրաքեան բանակը անցաւ լայնածիր յարձակողականի:

Ստեղծուած այս աննպաստ կացութեան մէջ, մոլլա Մուսթաֆա Պարզանի շահէն զիջում մը խնդրեց, բայց ապարդիւն: Վերադարձաւ իր սահմանները եւ իր զինակիցներուն հետ խորհրդակցութենէ մը ետք, 17 մարտին հեռագրեց նախագահ Պաքրի, բանակցելու համար: Յաջորդ օրը, պատասխան հեռագիրով, Պաքր մերժեց բանակցութեան առաջարկը:

Նոյն օրը երեկոյեան, երկար եւ ընդլայնուած ժողովի մը ընթացքին, Պարզանի յայտնեց իր հետեւորդներուն, որ իր անձնական դատումով, պայքարը շարունակել անիմաստ է այլեւս:

Դէպի Իրան եւ Թուրքիա գաղթականական ալիքը լայն ծաւալ ստացաւ եւ քանի մը օրէն հասաւ 300 հազարի, բոլոր գաղթականներուն թիւը հասցնելով 600 հազարի: Պարզանիներէն ոմանք Իրան անցան, իսկ մնացեալները բռնագաղթուեցան դէպի կեդրոնական Իրաք եւ Տիուանիա քաղաքին մօտակայքը բնակեցուեցան:

Փեշմերկաները  վար  դրին զէնքերը: Անոնցմէ 650 հոգի (80-ը` կիներ) անձնասպան եղան, իսկ մեծ մասը` 35-էն 40 հազար հոգի քանդեցին իրենց զէնքերը, նետեցին գետերուն եւ ձիւներուն մէջ եւ գաղթականներուն հետ անցան սահմանը:

Մոլլա Մուսթաֆա Պարզանի եւ իր ընտանիքը 27 մարտին անցան Իրան: Իրանէն Պարզանի մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր մահացաւ 1979 մարտ 2-ին, 75 տարեկան հասակին: Մարմինը փոխադրուեցաւ Իրան եւ թաղուեցաւ Մահապատի մօտակայ Շնօ (Աշնովիա) գիւղը: Հետագային, 1993-ին աճիւնները փոխադրուեցան իր ծննդավայրը` Պարզան գիւղը:

ԻՐԱՔ-ԻՐԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ

Մոլլա Մուսթաֆա Պարզանիի մահէն ետք անոր զաւակները` Իտրիս (ծնած` 1944-ին) եւ Մասուտ (ծնած` 1946-ին) ստանձնեցին ցեղախումբին եւ Քիւրտիստանի Դեմոկրատական կուսակցութեան քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութիւնը, մինչ անոնց զարմիկը` շէյխ Մուհամմէտ Խալէտ կը մնար ցեղախումբին հոգեւոր առաջնորդը:

Իրաք-Իրան պատերազմի սկզբնաւորութենէն ետք, 1980-ին, Իտրիս եւ Մասուտ Իրանի օժանդակութեամբ կազմակերպեցին իրենց ուժերը, մօտաւորապէս տասներկու հազար կռուողներ համախմբեցին եւ Սուրիոյ սահմանէն մինչեւ Ռեւանտուզ երկարող գօտիին վրայ հակակշիռ հաստատեցին: Տիուանիա բռնագաղթուած Պարզանիները 1981-ին արտօնութիւն ստացան Քիւրտիստան վերադառնալու եւ Արպելի մօտակայ Քուչթեփէ գիւղին մէջ բնակութիւն հաստատելու:

Իրաքեան իշխանութիւնները, Պարզանիները ճնշելու եւ ոչնչացնելու նպատակով 1983-ին անոնցմէ ութ հազար հոգի ձերբակալեցին եւ հարաւային Իրաքի կողմերը քշելով զանգուածաբար բնաջնջեցին: Հետագային անոնցմէ հինգ հարիւրին աճիւնները յայտնաբերուեցան եւ Սամաուայէն Պարզան փոխադրուեցան:

Շէյխ Մուհամմէտ Խալէտ Պարզանի 1982-ին Քիւրտիստանի Հիզպալլահ շարժումը հիմնեց:

Իտրիս Պարզանի մահացաւ 31 յունուար 1987-ին, սրտի տագնապի հետեւանքով: Ան ծանօթ էր իր քաջ, վեհանձն եւ ընկերային նկարագիրով:

ԻՆՔՆԱՎԱՐ ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆԻ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

Մասուտ Պարզանի

Իրաք-Իրան պատերազմը աւարտեցաւ 1988-ին: Այնուհետեւ, 1990-ի ամրան իրաքեան բանակը Քուէյթ ներխուժեց եւ գրաւեց զայն: 1991 յունուարին Միացեալ Նահանգներ եւ անոր դաշնակիցները յարձակեցան Իրաքի վրայ: Փետրուարի վերջաւորութեան, Իրաք, պարտուած` քաշուեցաւ Քուէյթէն. Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգին դէմ զէնք բարձրացուցին հարաւի շիիները եւ քիւրտերը: Մարտի վերջաւորութեան իրաքեան բանակը եւ հանրապետական պահակագունդը ճնշեցին ապստամբութիւնը:

 

Ապստամբութեան ճնշումէն ետք, օտար միջամտութիւնները կանխելու առաջադրանքով Սատտամ Հիւսէյնի Իրաք վերադառնալու հրաւէրին ընդառաջելով Մասուտ Պարզանի վերադարձաւ հայրենիք եւ 1992-ին կազմուած քրտական ինքնավար շրջանին գլխաւոր երկու ղեկավարներէն մէկը դարձաւ Ճալալ Թալապանիի կողքին:

Այնուհետեւ պարբերաբար բախումներ ծայր առին Պարզանիի Քիւրտիստանի Դեմոկրատական կուսակցութեան եւ Թալապանիի գլխաւորած Քիւրտիստանի Հայրենասիրական միութեան ուժերուն միջեւ:

Ամերիկեան բանակին Իրաք ներխուժումէն եւ Սատտամ Հիւսէյնի տապալումէն ետք, 2003-ին, Մասուտ Պարզանի Իրաքի կառավարական խորհուրդին անդամ ընտրուեցաւ եւ 2004 ապրիլին ալ խորհուրդին նախագահը եղաւ: 2005 յունիսին քրտական խորհրդարանին կողմէ ան Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահ ընտրուեցաւ:

Նեշիրվան Պարզանի, Իտրիս Պարզանիի զաւակը, ծնած` 1966-ին, Պարզան, 2006 մարտին Քիւրտիստանի շրջանային կառավարութեան վարչապետը եղաւ: Կինը` Նապիլա, Մասուտի աղջիկն է. ունին մէկ տղայ` Իտրիս եւ մէկ աղջիկ` Ռանիա:

Մասրուր Պարզանի, Մասուտի զաւակը, ծնած` 1960-ին եւ 1985-էն սկսեալ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած կռիւներուն մէջ, Քիւրտիստանի ինքնավար շրջանին ապահովական սպասարկութիւններուն ղեկավարն է:

Այուպ Պարզանի գրագէտ է եւ հեղինակ շարք մը գիրքերու, Ատհամ Պարզանի 1988-ին քրտական Հիզպալլահէն բաժնուելով Յեղափոխական Հիզպալլահ կազմակերպութիւնը հիմնեց եւ մօտիկ կապեր ունի Իրանի հետ: Ցեղախումբին իգական սեռի ներկայացուցիչներէն յիշենք բժշկուհի Տիլիարա Պարզանին, որ Քիւրտիստանի առողջապահական նախարարութեան մէջ խորհրդատու է, իսկ Հատար Զուպէյր Պարզանի իրաւաբան է:

***

Պարզանիները  քրմանճի ցեղախումբերու ճիւղին կը պատկանին, քիւրտ ժողովուրդի ղեկավար ուժերէն մէկն են եւ տարբեր նկարագիր ու արժէք ունին` բաղդատմամբ այլ շրջաններու քիւրտերուն. անոնք կը նկատուին քրտական ամէնէն վայրագ եւ պատերազմիկ ցեղախումբերէն մէկը:

Պարզանիներուն կեդրոնը եւ միջնաբերդը Պարզան գիւղն է, որ քաղաքական եւ զինուորական կարեւոր կեդրոն է. անիկա Արպիլէն 80 քիլոմեթր եւ Մեծ Զաբ գետէն քանի մը քիլոմեթր հիւսիս, դժուարամատչելի բարձունքի մը վրայ, Շիրինի անառիկ լեռներուն ստորոտը, 1600-1700 մեթր բարձրութեան վրայ կը գտնուի եւ քանի մը հարիւր տուն բնակչութիւն ունի. հոն կը գտնուի անոնց շէյխերուն երկյարկանի բնակարանը եւ տերվիշանոցը: Գիւղը անցեալին Պարզանիներէն հարաւ բնակող Զիպարի ցեղախումբին կը պատկանէր: Շարաֆէտտին Պիթլիսի 1596-ին զայն կը յիշէ իբրեւ Պահտինանի իշխաններուն ստացուածքը` Պարիզան անունով: Գիւղը տասնվեց անգամ կործանած եւ վերաշինուած է:

Պարզանի հովիտը

Պարզանի հովիտը այգիներով եւ պտղատու ծառերով ծածկուած է, ուրկէ կը հոսի Մեծ Զաբ գետը եւ կ՛ոռոգէ փոքր տարածութեամբ արտեր եւ պարտէզներ. հովիտին մէջ կան աւերակներ, որոնց համար կ՛ըսուի, որ «հին եւ անգութ» ժողովուրդի մը բնակավայրին մնացորդներն են:

 

Ցեղախումբը Պարզան գիւղին եւ հովիտին շուրջ կեդրոնացած է. անոնք ոչխար, այծ, կով եւ հաւ կը բուծանեն, ցորեն, գարի եւ պտուղներ կը մշակեն: Ձմրան լեռներն ու ձորերը ամբողջ  ձիւնով կը ծածկուին եւ շրջանը կը կտրուի արտաքին աշխարհէն:

Անոնց կենցաղը ռազմական ճամբարի մը նման խիստ է ու պարզ. ամէն Պարզանի տղամարդ իր ծնած օրէն զինուոր է, եւ զէնքը անոր անբաժանելի ընկերն է: Անոնք հմտացած են ռազմական արուեստին, մանաւանդ` լեռնային կռիւներուն մէջ, դիւրութեամբ կը յարմարին միջավայրին, դիպուկ կերպով կը հարուածեն եւ երբեք գերի չեն յանձնուիր: Անոնց նշանաբանն է` «մարդ կը ծնի ջարդելու համար»:

Անոնց բնակարանները քարաշէն անշուք շինութիւններ են, կաղամախիի գերաններով եւ հողէ տափակ տանիքներով: Հեղեղատներով ու հովիտներով կտրատուած եւ քարայրներով ու խիտ անտառներով ծածկուած եւ վայրի կենդանիներով հարուստ Շիրինի անառիկ լեռները անոնց պատսպարանն են, ուր անոնք կը մթնեն հացահատիկ, ոչխարի եւ եզի ապխտած միս, չորցած պտուղներ եւ հաց, ձմեռուան համար եւ պատերազմներու ժամանակ օգտագործելու համար: Պատրաստ ունին փայտէ փոքր սնտուկներ, ուր վտանգի ժամանակ կը փաթթեն եւ կը տեղաւորեն անկողինները, միասին կ՛առնեն մետաղէ քանի մը աման, տապակ, կաւէ կարասներ եւ իրենց հօտերը քշելով կը բարձրանան լեռները:

Շէյխերու ընտանիքը բացարձակ իշխանութիւն ունի ցեղախումբին վրայ. ամէն ընտանիք իր բարիքէն բաժին կու տայ շէյխին եւ անոր ընտանիքին, որ իր կարգին, կը հոգայ հիւրերուն յատկացուած ծախսերը, ցեղախումբին կարիքները, զէնքն ու զինամթերքը:

Պարզանիները ունին իրենց տերվիշական աղանդը, որուն կրօնապետը անոնց շէյխն է. անոր գլխաւորութեամբ կը հաւաքուին աղօթողները տերվիշանոցին մէջ եւ հոգեւոր մեղեդիներ կ՛երգեն, որոնք քնէածութեան եւ երանութեան կը տանին հաւատացեալը:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES