ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Դասախօսութիւն` Դպրոցներու Մէջ Մարզանքի Նոր Ձեւերու Մասին

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի Աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 21 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աթլեթիզմի նուիրուած դասախօսութիւն մը, զոր վարեց Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի փոխնախագահ, միջազգային մարզիչ, դասախօս եւ իրաւարար Էլի Սաատէ:

Այս հանդիպման ներկայ գտնուեցան 35 անձեր` մարզիչներ, մարզիկներ, դպրոցականներ եւ պատասխանատուներ, որոնք հետաքրքրութեամբ հետեւեցան դասախօսին ներկայացուցած տեղեկութիւններուն եւ ցուցմունքներուն: Սաատէ խօսք առնելով նախ եւ առաջ ողջունեց ՀՄԸՄ-ը, որ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ վերականգնելու եւ զարգացնելու համար աթլեթիզմը Լիբանանի մէջ: Անցնելով գլխաւոր նիւթին` ան ըսաւ, որ կատարեալ մարզիկներ պատրաստելու գրաւականը դպրոցական փոքր դասարաններէն երեխաներուն վրայ աշխատիլն է, որովհետեւ անոնք այդ տարիքին կը սիրեն մրցակցութիւնը: Տեսաերիզի ցուցադրութեամբ, դասախօսը ամփոփ կերպով ներկայացուց «Քիտզ Աթլեթիքս»-ի հսկայ ծրագիրը, որ տարուէ տարի  յաջողութիւն եւ հետաքրքրութիւն կ՛արձանագրէ աշխարհի երեխաներուն մօտ:

Դասախօսութեան աւարտին, ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց Էլի Սաատէի եւ անոր յանձնեց յուշանուէր մը: Սաատէ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ անոնց կոչ ուղղեց անուղղակիօրէն գործակցելու Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին հետ` մասնակցելով ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպած մրցումներուն:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

(www.levam.org)

Share this Article
CATEGORIES