Անասնագիտական . Հազուագիւտ Տեսակի Մեղու Մը Իր Թրթուրին Բոյնը Կը Պատրաստէ Ծաղիկներու Թերթիկներով Ու Ցեխով…
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Սեպտեմբերի սկիզբը ամերիկացի ու իրանցի խումբ մը անասնագէտներ Իրանի մէջ յայտնաբերած են հազուագիւտ տեսակի մեղու մը, որ առանձին ապրած է եւ ծաղիկներու թերթիկներէն կազմուած սանտուիչի տեսք ունեցող տարօրինակ բոյներ պատրաստած է իր թրթուրներուն համար:
Նշեալ բոյները երեք խաւերէ կազմուած են. արտաքին խաւը բաղկացած է ծաղիկներու բարակ թերթիկներէն, ապա անոր տակը եղած է ցեխով կազմուած խաւ մը, իսկ երրորդ խաւը նոյնպէս կազմուած է ծաղիկներու բարակ թերթիկներէն:
Հազուագիւտ տեսակի մեղուն իր կազմած բոյնին մէջ նախ եւ առաջ տեղադրած է ծաղիկներու հիւթ ու բեղմնափոշի եւ անոնց վրայ տեղաւորած է իր ածած հաւկիթը ու ապա փակած է բոյնը: Իւրաքանչիւր բոյնի մէջ միայն մէկ հաւկիթ տեղադրուած է, որմէ դուրս եկած թրթուրը սնանած է ծաղիկներու հիւթով ու բեղմնափոշիով:
Արուեստի Իւրայատուկ Գործեր…
Վերոնշեալ մեղուներուն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի անասնագէտ Ժերոմ Ռոզեն նկատած է, թէ կարգ մը վայրերու մէջ նշեալ մեղուները իրենց թրթուրներուն համար պատրաստած բոյնին համար ընտրած են դեղին, վարդագոյն ու ծիրանի գոյնով ծաղիկներու թերթիկներ, մինչ այլ վայրերու մէջ անոնք ընտրած են միայն ծիրանի գոյն ունեցող ծաղիկներու թերթիկները:
Մասնագէտ Ռոզեն նշած է, թէ ցարդ յստակ չեն ծաղիկներու թերթիկներուն գոյներուն ընտրութեան մէջ մեղուներուն մօտ յայտնուած տարբերութեան պատճառները: Ան հաւանական գտած է, թէ միեւնոյն ընտանիքին պատկանող այդ մեղուներուն միջեւ կրնան ծինային որոշ տարբերութիւններ յառաջացած ըլլալ:
Մասնագէտները յայտնած են, թէ գոյութիւն ունին նաեւ երկու այլ տեսակի մեղուներ, որոնք եւս իրենց բոյները կը կազմեն ծաղիկներու թերթիկներով ու ցեխով, սակայն անոնցմէ ոմանք կը ծամեն այդ թերթիկները ու այդպէս կը շարեն զանոնք:
Մասնագէտները բացատրած են, թէ հազուագիւտ տեսակի մեղուն իր կազմած սանտուիչի նմանող բոյնը փակած է` նախ եւ առաջ ներքին խաւին ծաղիկներու թերթիկները իրարու վրայ ծռելով ու զանոնք ցեխով ծեփելով եւ ապա արտաքին խաւին թերթիկները անոնց վրայ ծալելով:
Մասնագէտ Ռոզեն հաւանական գտած է, թէ ծաղիկներու թերթիկներով ու ցեխով պատուած թրթուրին բոյնը կրնայ նպաստել անոր սննդեղէններուն (հիւթին ու բեղմնափոշիին) մօտաւորապէս տասը օր խոնաւ պահպանման, որմէ ետք թրթուրը կը հիւսէ իր խոզակը եւ անոր մէջ կը մրափէ տասը ամիս` սպասելով գարնան:
Մինչ այդ, ցեխով կազմուած այդ բոյնը ժամանակի ընթացքին կը չորնայ եւ կաղնիի կեղեւին նման կը կարծրանայ: Նման կարծր խաւ մը գիշատիչներէն կը պաշտպանէ թրթուրին բոյնը, ինչպէս նաեւ զերծ կը պահէ զայն իր վրայէն քալող էակներուն, ծանրութենէն ճզմուելու վտանգէն:
Օգտագործուաց աղբիւր՝
«Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»





