Անասնագիտական. Ֆրանսայի Մէջ Գոյնզգոյն Քաղցրեղէններով Սնանած Մեղուները Պատրաստած Են Գունաւոր Մեղր…

Վերջերս Ֆրանսայի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Ռիպովիլ շրջանին մէջ եղող մեղուաբուծարաններուն փեթակներուն մէջ յայտնուած կապոյտ ու կանաչ գոյնի մեղրը ապշեցուցած է տեղւոյն մեղուաբոյծները:

Տարրալուծարանային քննութիւնները ցոյց տուած են, թէ այդ գունաւոր մեղրը չէ պատրաստուած ծաղիկներուն հիւթէն, այլ` քաղցր նիւթերէ:

Այսուհանդերձ, մեղուաբոյծները որոշ ատեն մը հետեւած են իրենց մեղուներուն թռչած ուղղութեան եւ գտած են, թէ անոնք, շրջանին մէջ եղող ծաղիկներուն հիւթը հաւաքելու փոխարէն, գոյնզգոյն կեղեւ ունեցող Էմ. էնտ Էմ. կոչուած քաղցրեղէններուն մնացորդներով սնանած են: Նշեալ քաղցրեղէնները պատրաստող գործարանը կը գտնուի մեղուաբուծարանէն մօտաւորապէս չորս քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Գործարանին պատասխանատուները, որոնք մեղուաբոյծներէն ո՛չ շատ առաջ նկատած էին քաղցրեղէններուն մնացորդները կուտակող բացօթեայ դրուած ու կափարիչով չծածկուած տակառներուն շուրջ մեղուներուն արտասովոր եռուզեռը, անմիջապէս ներս կ՛առնեն այդ տակառները եւ կափարիչով կը փակեն զանոնք:

Մեղուաբոյծներուն համար լուրջ մտահոգութիւն է պատահածը, քանի որ նշեալ մեղուաբուծարանը, որ տարեկան հազարաւոր քիլոկրամ մեղր կ՛արտադրէ, նախորդ տարի մեծ թիւով մեղուներու կորուստ ունեցած էր ձմրան խիստ եղանակին պատճառով, իսկ այս տարի անգործածելի եղող մեղր արտադրած էր:

Կարմիր Մեղրախորիսխ…

Մեղուներու մասնագէտներ նշած են, թէ առաջին անգամը չէ, որ մեղուներ գունաւոր մեղր կ՛արտադրեն: Այսուհանդերձ, 2010-ին Միացեալ Նահանգներու շրջաններէն մէկուն մէջ մեղուներ կ՛ուղղուին դէպի կեռասի օղի արտադրող գործարան մը եւ այնտեղ կեռասով պատրաստուած խառնուրդը օգտագործելով` կարմիր մեղր կը պատրաստեն` փոխանակ մօտակայ պարտէզներուն մէջ աճող ծաղիկներուն հիւթերը հաւաքելու:

Մասնագէտներուն համար ցարդ յստակ չէ, թէ ճիշդ ինչպիսի՛ պատճառներով նշեալ մեղուները այդ նիւթերը գերադասած են ծաղիկներուն հիւթէն: Անոնք հաւանական գտած են, թէ նշեալ մեղուներուն կարգ մը ծինային կերտուածքները կրնան փոփոխութիւն կրած ըլլալ, ինչ որ կրնայ պատճառ դարձած ըլլալ անոնց տարօրինակ վարուելակերպին:

 

Օգտագործուած աղբիւր՝
«Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»

Share this Article
CATEGORIES