Անասնագիտական. Վիշապանման Փոքր Մողէզին Երկար Պոչը Կրնայ Մինչեւ Ինը Մեթր Վեր Բարձրացնել Զայն
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Հոկտեմբերի սկիզբը խումբ մը անասնագէտներ վիշապանման փոքր մողէզի տեսակ մը յայտնաբերած են Ֆիլիփինի ու հարաւարեւելեան Ասիոյ, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Հնդկաստանի մէջ տարածուած հսկայ ու խիտ անտառներուն մէջ:
Նշեալ տեսակի մողէզը գոյութիւն ունեցած է հնագոյն դարաշրջաններէն, սակայն, ժամանակի ընթացքին, անիկա ուշագրաւ կերպով եղափոխուած է եւ հետզհետէ ինքզինք վարժեցուցած է ոտքերը գրեթէ երբեք գետին չդնելու սովորութեան:
Մասնագէտները զայն կոչած են թռչող վիշապ. անիկա ունի երկար ու բարակ պոչ մը, որ կրնայ գետնէն մինչեւ ինը մեթր վեր բարձրացնել զայն:
Փոքր մողէզին մարմինէն դուրս ցցուած է երկար կողոսկրներու շարք մը: Նշեալ կողոսկրները կրնան տարածուիլ ու կծկուիլ: Անոնք ծածկուած են մորթի ծալքերով, որոնք կը տափակնան եւ մարմնին վրայ կը հանգչին, երբ անգործածելի վիճակի մէջ ըլլան, սակայն մողէզին թռչած ատեն այդ ծալքերը կը տարածուին եւ իբրեւ թեւեր կը ծառայեն` արագացնելով անոր թռիչքը:
Իր Ածած Հաւկիթներուն Վրայ Միայն
Քսանչորս Ժամ Հսկող Էգ Մողէզը
Վիշապանման այդ փոքր մողէզին երկայնքը (ներառեալ` պոչը) կը հասնի քսան սանթիմեթրի: Անոր մարմինը տափակ է, ինչ որ նոյնպէս կը նպաստէ անոր թռչելուն:
Նշեալ տեսակի մողէզներուն մարմինը պիսակաւոր սրճագոյն է: Անոնց կողոսկրները ծածկող մորթի ծալքերուն վարի մասերը կապոյտ են արուներուն մօտ, իսկ դեղին` էգերուն մօտ: Անոնք իրենց վիզին տակ ունին կախուած մորթի կտոր մը, որ բաց դեղին է արուներուն պարագային, իսկ կապուտկէկ մոխրագոյն` էգերուն պարագային:
Անոնք ընդհանրապէս կը սնանին մրջիւններով ու մանր սպիտակ ճճիներով:
Նշեալ մողէզները կը զգուշանան գետնի վրայ քալելէ, ուր գիշատիչները պահուըտած կ՛ըլլան անտառին մէջ եւ այդ պատճառով ալ անոնք եղափոխուելով` իրենք զիրենք վարժեցուցած են թռչելու եւ ծառերուն վրայ ապրելու, ինչ որ նպաստած է իրենց ապահովութեան, ինչպէս նաեւ դիւրացուցած է ուտելիքի փնտռտուքը:
Մասնագէտները նկատած են, թէ արու մողէզները էգերէն նուազ յաճախականութեամբ յայտնուած են գետնի վրայ: Անոնք բացատրած են, թէ էգ մողէզները ստիպուած կ՛ըլլան ծառերէն վար իջնելու` իրենց ածած հաւկիթները հողին տակ թաղելու համար: Այսուհանդերձ, անոնք իրենց սրածայր դունչով փոքր փոս մը կը փորեն եւ այնտեղ կը տեղաւորեն տեղւոյն վրայ իրենց ածած հաւկիթները, ապա անոնք ցեխով կը ծածկեն փոսը եւ այնտեղ կը մնան քսանչորս ժամ` հսկելով հաւկիթներուն վրայ, որմէ ետք կը հեռանան այնտեղէն ու կը վերադառնան իրենց առօրեային:
Օգտագործուած աղբիւր՝
«Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»

