Անասնագիտական. Կակուղ Պատեան Ունեցող Չինական Կրիան Իր Բերանէն Կը Միզէ…
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Հոկտեմբերի սկիզբը սինկափորցի խումբ մը մասնագէտներ Չինաստանի մէջ յայտնաբերած են կակուղ պատեան ունեցող այնպիսի՛ տեսակի կրիայ մը, որ իր բերանէն միզած է…: Մասնագէտները նշած են, թէ առաջին անգամն է, որ կը հանդիպին նման երեւոյթի մը:
Նախապէս այլ մասնագէտներ նշեալ տեսակի կրիաներուն վրայ իրենց կատարած ուսումնասիրութեան մէջ գտած են, թէ անոնց բերանին մէջ կան խռիկներու նմանող կերտուածքներ: Թէեւ խռիկները ծանօթ են իբրեւ շնչառութեան համակարգին պատկանող կերտուածքներ, այսուհանդերձ, օրին մասնագէտները հետեւցուցած են, թէ նշեալ կրիաներուն բերանին մէջ եղող խռիկները եւս նպաստած են անոնց շնչառութեան, հակառակ անոր, որ անոնք թոքերով կը շնչեն:
Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները նկատած են, թէ նշեալ կրիաները իրենց գլուխը յաճախադէպօրէն մխրճած են ջուրին մէջ եւ ցօղուած են իրենց բերանը` առանց ջուր խմելու: Այսուհանդերձ, անոնք հետեւցուցած են, թէ նշեալ երեւոյթը չէ առնչուած շնչառութեան հետ` նկատի ունենալով, որ որոշ փորձարկումներ եւս ապացուցած են անոնց միայն թոքերով շնչելու իրողութիւնը:
Մասնագէտները կակուղ պատեանով կրիաներուն բերան ցօղուելուն պատճառը գտնելու նպատակով զանոնք վեց օր տեղադրած են ջուրին մէջ: Անոնք յայտնած են, թէ կրիաներուն մարմնին արտադրած իւրիա կոչուած միզանիւթին (մէզին գլխաւոր բաղկացուցիչին) վեց առ հարիւր համեմատութիւնը միայն մէզին միջոցով արտաքսուած է անոնց մարմնին ետեւի ծայրամասերէն:
Երբ մասնագէտները ջուրէն դուրս բերած են կրիաները եւ անոնց առջեւ տեղադրած են ջուրով լեցուն պնակ մը, այս վերջինները յաճախադէպօրէն ջուրին մէջ մխրճած են իրենց գլուխը եւ բերանը ցօղուած են, որմէ ետք պնակին մէջ թքած են իրենց բերանին ջուրը:
Մասնագէտները գտած են, թէ կրիաներուն գործածած ջուրին պարունակած իւրիային տարողութիւնը գրեթէ յիսուն անգամ աւելի եղած է սովորաբար անասուններուն բերանին մէջ արտադրուած իւրիային աննշան տարողութիւններէն:
Յատուկ Բնասպիտ Մը`
Կրիաներուն Բերանին Մէջ…
Նշեալ կրիաներուն մարմնին կենսաբանութեան ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ անոնց մարմնին արտադրած իւրիան արեան շրջագայութեան միջոցով բերանին հասած է եւ երբ անոնք ջուրով ցօղուած են իրենց բերանը, ապա իւրիան ջուրին խառնուելով դուրս եկած է բերանէն:
Մասնագէտները բացատրած են, թէ բերանէն դուրս եկող ջուրի ու իւրիայի խառնուրդը երիկամներուն մէջ պատրաստուող մէզին չի նմանիր, բայց եւ այնպէս իւրիան, ջուրին առընթեր, մէզին գլխաւոր բաղկացուցիչը նկատուած է:
Մասնագէտները նշեալ կրիաներուն մօտ գտած են այնպիսի՛ ծին մը, որ պատճառ դարձած է յատուկ բնասպիտի մը արտադրութեան, որ իր կարգին նպաստած է իւրիային արտաքսման: Նշեալ ծինը հետաքրքրականօրէն յայտնած է կրիաներուն բերանին մէջ եւ ո՛չ թէ` անոնց երիկամներուն մէջ:
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող մասնագէտ Եուէն Իփ ըսած է, թէ կակուղ պատեան ունեցող այդ կրիաները կ՛ապրին ծովեզերքը, որուն ջուրերը աղի են: Ան բացատրած է, որ եթէ այդ կրիաները իւրիան արտաքսէին աւանդական ձեւով (երիկամներուն միջոցով), ապա անոնք մեծ տարողութեամբ ջուր պէտք էր խմէին` իրենց արեան մէջ կուտակուած աղին տարողութիւնը նուազեցնելու համար: Սակայն, նկատի ունենալով, որ անոնք կարողութիւնը չունին ծովու ջուրին պարունակած մեծ տարողութեամբ աղը արտաքսելու, ապա ջուրէն եկած աղին բարձր տարողութիւնները մահացու պիտի ըլլային անոնց համար: Հետեւաբար նշեալ կրիաները իրենց բերանը պարզապէս աղի ջուրով ցօղուելով ու ապա զայն թքելով հակակշռած կ՛ըլլան իրենց մարմնին աղին տարողութիւնը:
Որքանո՛Վ Օգտակար`
Մարդոց Համար
Մասնագէտ Իփ ըսած է, թէ նման ուսումնասիրութիւն մը կրնայ նպաստել կարգ մը կենսաբժշկական հարցերու լուծում գտնելու գործընթացին: Այլ խօսքով, եթէ կարելի ըլլայ կրիաներուն արեան մէջ հաւաքուած իւրիային բերանէն դուրս արտաքսուելու գործընթացը պատշաճեցնել տարբեր տեսակի երիկամներու հիւանդութենէ տառապող ու երիկամներու լուացման ենթարկուող մարդոց մարմնին կենսաբանական գործընթացներուն, ապա անիկա կրնայ որոշ բարելաւում յառաջացնել երիկամներու լուացման գործընթացին մէջ:
Անշուշտ նման գաղափար մը տակաւին իր սկզբնական հանգրուաններուն մէջ է եւ անհրաժեշտ է նշեալ ծիրին մէջ կատարել տարբեր փորձարկումներ` որոշ շօշափելի տուեալներ ձեռք ձգելու համար:
Օգտագործուած աղբիւր՝
«Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»

