Բարի Վերամուտ
ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ
Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վերամուտը մեր կեանքին մէջ կարեւոր օղակ մը կը հանդիսանայ` նկատի ունենալով անոր բազմաճիւղ աշխատանքները եւ հայեցի դիմագիծի պահպանման համար կատարուող մեծ զոհողութիւնները:
«Լեւոն Շանթ» եւ «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնները յաճախող աւելի քան 800 պատանի-պարմանուհիներ, իրենց արտադպրոցական հետաքրքրութիւնները կեդրոնացնելով արուեստի զանազան մարզերուն մէջ, հետաքրքրական եւ քաջալերական նախաձեռնութիւններով մեր մշակութային կեանքը կը գունաւորեն:
Դպրոցական վերամուտի կողքին, Գեղարուեստի դպրոցները ամէն տարի նոր թափով եւ կորովով կը սկսին: Այս տարի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը «Աղբալեան» մասնաճիւղին մէջ պիտի ունենայ իր վարիչ-տնօրէնը` յանձինս Արմէն Ճենտերեճեանի: Իսկ «Գայեանէ» պարի դպրոցը պիտի ղեկավարուի Պետրոս եւ Աննա Կարապետեաններուն կողմէ, եւ դասաւանդութիւնները տեղի պիտի ունենան շաբաթավերջերուն` նկատի ունենալով դպրոցական կրթական ծրագիրներու ծանրաբեռնուածութիւնը: Երաժշտանոցի եւ «Գայեանէ» պարի դպրոցին կողքին, «Արեգ» թատերական դպրոցը նաեւ պիտի գործէ «Աղբալեան» կեդրոնին մէջ: Վերամուտին «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի երրորդ յարկը բարեզարդուեցաւ, եւ մշակուեցաւ եօթնամեայ կրթական ծրագիր մը, ինչպէս նաեւ ստեղծուեցաւ «մասթըր քլաս»-ի դրութիւն, ուր պարբերաբար պիտի այցելեն հայրենի եւ լիբանանահայ տաղանդաւոր արուեստագէտներ:
Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները մեր կեանքին մէջ հայեցի դաստիարակութիւնը ամբողջացնող կարեւոր գործօն մըն են: Տարուէ տարի, դպրոցական, կրթական ծրագիրներու խճողուածութիւնը մէկ կողմէ եւ տնտեսական տագնապի ծանրութիւնը` միւս կողմէ, մեր ծնողներուն բեռը կու գայ բազմապատկուելու: Սակայն ծնողներու զոհողութիւնը եւ նուիրուածութիւնը, պարման-պարմանուհիներու կամքը եւ հետեւողականութիւնը, ուսուցչակազմի եւ գեղարուեստի պատասխանատուներուն բծախնդրութիւնը, բոլորը միասին մեր կեանքը հարստացնող եւ հպարտացնող երեւոյթներ են, որոնց դիմաց չենք կրնար անտարբեր մնալ:
Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները, փաստօրէն, անցնող տասնամեակին մեր մշակութային կեանքին մէջ տուին նոր գոյն եւ երանգ: 2012-2013 տարեշրջանը Համազգային Գեղարուեստի դպրոցներուն համար նոր մարտահրաւէր մըն է:
Կրթական մակարդակի, թիւի աճման, կազմակերպչական եւ ծրագրաւորումի մեծ աշխատանքի դաշտ մը բացուած է մեր առջեւ. այդ պատճառով ալ բոլորս միասնաբար յաջողութիւններ ձեռք ձգելու համար ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայենք:
Փաստօրէն Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներուն գոյութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է, որ չի նմանիր այլ արտադպրոցական ձեռնարկներու: Վերջին տարիներուն հաստատութեան վերածուած, կրթական ծրագրով Հայաստանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին հետ համակարգուած, պարուսոյցները հայրենիքէն հրաւիրուած ներքին թէ արտաքին նախաձեռնութիւններով Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները նոր բարգաւաճման եւ զարգացման ընթացքի մէջ են: Կը մնայ, որ Լիբանանի քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական կայուն պայմաններով, հեզասահ տարեշրջանի մը յոյսով բեղուն գործունեայ եւ բազմաբնոյթ ձեռնարկներով հարուստ տարեշրջան մը անցընենք:
Բարի՛ վերամուտ…

