Չափել Հայերէնի Ուսուցման Յաջողութիւնը Եւ Իրականացնել Նախապայմանները

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երբ տեսութիւններ մշակելով կը զբաղինք, իրականութիւնները տեսնելու ունակութիւնը կը մշուշոտի եւ կը դառնայ ամբոխավարական ճառ:

Օգտակար կ՛ըլլանք մեր ժողովուրդին, եթէ հարցերը քննենք առանց աչքի կապանքներու եւ բեմական աճպարարութիւններու, որոնցմով կը սիրենք գինովնալ:

Հայկական սփիւռք(ներ)ի բոլոր մարզերուն մէջ, եթէ շաբաթավերջի կարգախօսային աղմկարարութիւնը մէկդի դնենք, փորձենք հիմնահարցերը առանձնացնել եւ քննել, թերեւս կ՛ամրանայ մեր տոկալու եւ տեւելու ուժականութիւնը, կ՛որդեգրուի հակաճակատագրապաշտի դիրք: Այսինքն վերջ կու տանք տեղատուութիւններու տնտեսավարման:

Ո՛չ յոռետեսութիւն, ո՛չ լաւատեսութիւն, այլ ապագան սեւեռող իրապաշտութիւնը կը դառնայ ծրագրումի եւ գործի ոճ:

Սփիւռք(ներ)ի մէջ հայերէն կ՛ուսուցուի, ծիածանային գոյներով, որակներով, մակարդակներով: Ապագայի վրայ բացուող համադրական ոչ մէկ ծրագրում գոյութիւն ունի:

Ոչ ոք այսօր կրնայ ըսել, թէ ուսուցուած հայերէնը ի՞նչ ձեւով եւ արդիւնքով տեղ կը գտնէ հայ կեանքի մէջ: Այդ պատճառով ալ ծնողք եւ աշակերտ կրնան ըսել, կ՛ըսեն, թէ ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ հայերէնը:

Աւելի պարզ` ուրիշ հարցում մըն ալ. այդ ուսուցման արդիւնքը կը չափուի՞ հայախօսութեան, ընթերցողներու եւ հայագիրներու տոկոսներով:

Մեր գնահատումները գաղափարախօսական, կողմնապաշտական եւ ենթակայական են: Այսինքն կ՛առաջնորդուինք կամաւոր կուրութեամբ, իրականութիւնները տեսնելու հեռանկարը կը վարագուրենք:

Հայերէնի ուսուցման յաջողութիւնը սերունդի հայերէն սորվածներու տոկոսով կը չափուի: Այս մօտեցումը իրապաշտութեան եւ դրական նախաձեռնութիւններու առաջին քայլը կ՛ըլլայ: Եթէ հազար հոգիէն քսանը միայն հայերէն սորվի, խօսի, գրէ եւ կարդայ, ուսուցման յաջողութեան մասին խօսիլ անհեթեթութիւն կ՛ըլլայ, քանի որ այդ տոկոսը միւսներու կացութեան պիտի պատշաճի: Այս տոկոսը եթէ տրամաբանական չափի չհասնի, գէթ` եօթանասուն տոկոսի, տեղատուութեան աւերը անդառնալի կ՛ըլլայ: Այսօր հեռու ենք այս համեմատութիւններէն:

Այս իրականութիւնը չտեսնելը ինքնախաբէութիւն է, եւ ազգային վերապրումի տեսակէտէն` վնասակար:

Մեծն Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, այսօր, միակ համասփիւռքեան-համազգային անշպար մտահոգութեամբ կը դիմաւորէ այս խնդիրը:

Կը թուի, թէ «ղեկավարութիւնները» այլ առաջնահերթութիւններ ունին: Մի՞թէ չեն անդրադառնար, որ ազգ ըլլալու ենթահողը կը չորցնենք հայերէնի տեղատուութեամբ եւ այլ լեզուներու մէջ առանց անկարգելի նետուելով:

Երբեմն պէտք չէ վարանիլ առանց մոռնալու ըսելու նաեւ, որ կրթութիւնը եւ մշակոյթը պատահականութեան չեն կրնար ձգուիլ, սիրողական միջոցներով զանոնք կը խեղդենք: Հետեւաբար, կրթութիւն եւ մշակոյթ կազմակերպելու եւ զարգացնելու համար, առաջնորդելու եւ դիրքերուն վրայ գտնուողներէն շատեր, անոնց գաղափարախօսական հիմքին, արեւելումներուն եւ ընտրանքներուն ըմբռնումը չունին, եւ վասն դիրք մը ունեցած ըլլալու բաւարարութեան` անոնք կը գտնուին հոս կամ հոն: Եւ կը պատահի այն, որ պատմութիւնը կը շփոթուի բաժակաճառի հետ, քաղաքականութիւնը` դիրքապաշտական աղմուկի, կրթական-ուսումնական խնդիրը կը վերածուի ամավերջի հանդէսի պատրաստութեան` ֆինլանտական պարերով եւ գոյներով:

Հայերէնի ուսուցումի յաջողութիւնը կը չափուի, եթէ ուզենք առարկայական ըլլալ:

ա.- Համացանցը հայատառ հայերէնով օգտագործողներու համրանքով:

բ.- Հայերէնով թերթերու ընթերցողներու եւ բաժանորդներու թիւով: Հայկական վարժարան աւարտածներու ո՞ր տոկոսը հայերէն թերթ կը ստանայ: Դպրոցները իրենց շրջանաւարտներուն ցանկերը ունին: Հարցախոյզ մը եթէ ընեն, կը լուսաբանուին, քանի որ թիւերու լեզուն զգացումներու եւ ենթակայական ազդակներու չի հպատակիր:

գ.- Հայերէն գիրքերու ոչ միայն տպաքանակով, այլ նաեւ կամաւորապէս գնուածներու համրանքով, որովհետեւ գնուած գիրքն է, որ ընդհանրապէս կը կարդացուի, նուէր ստացուածը անձի կարեւորութեան հաճոյք կը պատճառէ:

դ.- Իւրայիններէն «հասկցուելու» համար երբ մեր հաղորդակցական միջոցները` թերթեր, հանդէսներ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, համացանց, հայանան, կրնանք ըսել, թէ կը գտնուինք յաջողութեան ճամբուն վրայ:

Առանց այս յաջողութեան, երբեմն առանց սեթեւեթի հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ կը բանինք:

Փոխանակ մենք մեզ խաբելու, աւաղելու կամ հրավառութիւններու անձնատուր ըլլալու, պէտք է խորհիլ, թէ ի՞նչ կրնանք ընել եւ չենք ըներ:

Հայեցի կրթութեան, հայերէնի ուսուցման մարդկային-ազգային կարեւորութեան եւ նորահաս սերունդի հաւասարակշռուած դաստիարակութեան խնդիրները հարկ է քննել պատասխանատուութեամբ, առանց զանոնք երկրորդական կամ ժամանակավրէպ համարելու: Ապա այդ հարցերու քննութիւնը, բացատրութիւնները եւ առաջադրուած լուծումները հարկ է ներկայացնել զանգուածին, խօսիլ եւ լուսաբանել:

Այդ զանգուածը, պարզագոյն ձեւով, ծնողներն են, որոնք յաճախ անմիջական եւ գործնական համարուող չափանիշներով կ՛առաջնորդուին եւ կը հակադրեն հայեցի կրթութիւնը շրջապատի ակնկալութիւններուն, եւ հայերէնը` այլ լեզուներու: Վերջինները կ՛ընդունուին իբրեւ «հաց կերցնող», կարծէք` հայերէնը արգելք է անոնց եւ անոնցմէ գալիք հացին:

Հայերէնի յաջող ուսուցման համար, ի հարկէ, նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծեն շէնքը, օտար լեզուներու դասաւանդման օրինակով որակաւոր եւ ծրագրումով խմբագրուած հայերէնի դասագիրքերը (ոչ սիրողական ըմբռնումով եւ միջոցներով) եւ պատրաստուած ուսուցիչները: Սակայն այս պայմանները, իրենց լաւագոյն ձեւերով, անբաւարար են, եթէ հայ ծնողը չէ ընդունած հայերէնի ուսուցման եւ հայեցի կրթութեան այսօրուան եւ վաղուան էական կարեւորութիւնը, մէկ կողմէ հակափերեզակային ընտրանքով, եւ միւս կողմէ` հակաամբոխավարական լուսաբանութիւններով:

Հայերէնի յաջող ուսուցման եւ հայեցի կրթութեան առանցքին պէտք է տեսնել ծնողները: Առանց անոնց` կը խրինք դատարկաբանութեան մէջ, կամ ականատես կ՛ըլլանք հետզհետէ նօսրացող շարքերով նորահաս հայ սերունդի մը յառաջացման:

Դպրոցներու մէջ հայերէնի ուսուցումը եւ ընդհանրապէս հայեցի կրթութիւնը կը յաջողին, եթէ ծնողները ընդունին հետապնդուած նպատակի ազգային կարեւորութիւնը եւ ունենան իրենց ներդրումը: Առաջին հերթին, ի հարկէ, իրենց զաւակները յանձնելով հայ դպրոցին, եւ ապա, իրենց կարգին, հայերէնը դարձնելով, իրենց զաւակներուն հետ, հաղորդակցական լեզու: Այս ցանկութիւնը իրականացնել դժուար է, երբ ծնողները հայախօս չեն, կամ չեն տիրապետեր հայերէնի:

Բայց կարելի է հակազդել: Յաջողելու համար, նորերու կողքին, յատուկ կերպով պէտք է զբաղիլ ծնողներով, որպէսզի ընտանիքը դառնայ իրապէս օգնական հայ դպրոցի առաքելութեան: Կարելի է բազմաթիւ առաջարկներ ընել: Ծնողներու համար կազմակերպել յատուկ հանդիպումներ, չեմ համարձակիր ըսել` դասընթացք, հերթական դրութեամբ անոնց ղրկել աշակերտներու իրականացուող ծրագրին ամփոփ բացատրութիւնները եւ ընթացիկ բառապաշարը: Խորհրդակցութիւններու ճամբով այս աշխատանքը կարելի է ծրագրել, եւ ըստ կարիքի` պատշաճեցումներ գտնել: Յաւելեալ աշխատանք, որուն համար անպայման ուսուցիչէն պէտք չէ ակնկալել թութակաբար կրկնուող եւ յոգնեցնող «զոհողութիւն», այլ` ստեղծել պայմանները նիւթաբարոյական գնահատման: Միշտ նոյն ծիրէն ներս, ե՛ւ ծնողներուն, ե՛ւ աշակերտներուն տալ մեր պատմութեամբ եւ կարողութիւններով հպարտ ըլլալու գիտակցութիւն` դուրս գալով Ցեղասպանութեան յիշեցման եւ պարտութեան տխրութիւններէն, ցոյց տալ մեր պատմութեան եւ մեր ժողովուրդի դրական եւ փայլուն երեսները:

Առանց դասական կողմնապաշտական մօտեցումներու` մի՞թէ անկարելի է ծնողներու մօտ որակաւոր հայախօսութիւնը զարգացնել: «Ղեկավարութիւններ»-ը այս նպատակը ինչո՞ւ պիտի չարձանագրեն առաջնահերթութիւններու շարքին, մամուլը, զանգուածային լրատուամիջոցները, եւ բազմագոյն հանդիսութիւնները ինչո՞ւ դրական կերպով պիտի չօգտագործուին` քաղաքական իրարու նմանող լուրերուն եւ «հանդէսներու» չկարդացուող նկարագրութիւններուն չափ կարեւորութիւն տալով անոր:

Եթէ հայեցի կրթութիւնը եւ հայերէնի իսկական իւրացումը չիրականանան, օր մը, ժամանակ մը վերջ, պիտի անդրադառնանք, որ կարգախօսային եւ բարեսիրական աղմուկ-իրարանցումը Ափրիկէի անտառներուն մէջ արձագանգող «թամ-թամ» եղած է, կամ այս անգամ արտայայտութիւնը տեղին գործածելով` «ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած»…

18 սեպտեմբեր 2012,
Նուազի-լը-Կրան

Share this Article
CATEGORIES