Վասն Հայոց Լեզուի Պահպանման. Պատի՛ւ Ըրէք Հայոց Լեզուն Դասաւանդող Ուսուցիչին

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Ուրախութեամբ կարդացինք «Ազդակ»-ի 18 հոկտեմբեր 2012-ին Ա. էջին տպուած Հաղորդագրութիւնը` Համազգայինի կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ստորագրութեամբ:

Հաղորդագրութիւնը շեշտը կը դնէ իրաւազրկուած եւ անտեսուած հայոց լեզուն եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչին դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ:

Մեր վարժարաններէն հետզհետէ կ՛անհետանայ որակաւոր ուսուցիչը, որ չ՛ուզեր ընդգրկել այս ասպարէզը: Գիտութեան յառաջընթացի դարն է, բայց այդ արագ վազող դարը մեզի չի շնորհեր մեր արեւմտահայերէն լեզուն եւ մեր հայոց պատմութիւնը աւանդող երիտասարդ տարրեր: Ցաւ մըն է, որուն կ՛անդրադառնանք երկար տարիներէ ի վեր, բայց մեր կրթական եւ մշակութային պատասխանատուները ոչինչ կը մտածեն առաջքը առնելու այս հայուն յատուկ, մասնաւորաբար արեւմտահայուն յատուկ աղէտին: Բարեբախտաբար Համազգայինի Կ. վարչութիւնը մասամբ այսօր կը դարմանէ այս անտեսումը, նիւթապէս եւ բարոյապէս:

Էր երբեմն ունէինք Համազգայինի հայագիտական հիմնարկ, ՀԲԸ Միութեան հովանաւորած Հիւսիսեան հայագիտական ամպիոնը: Չենք կրնար մոռնալ մինչեւ 1975 թուականը հայ ժողովուրդի մշակոյթին սատարած Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հայագիտութեան եւ արեւելագիտութեան ամպիոնը, որ հիմնուած էր Յիսուսեան միաբանութեան անդամ հայր Յ. Մսըրլեանի կողմէ, անոր վախճանումէն ետք շարունակուած` նոյն միաբանութեան ֆրանսացի անդամ հայագէտ հայր Մորիս Թալոնի կողմէ: Այս երեք կարեւոր հիմնարկները չկան այսօր: Համազգայինի հայագիտական հիմնարկը եղաւ իր դռները փակած վերջին հիմնարկը, 4-5 տարի առաջ:

Ինչո՞ւ փակուեցան այս կարեւոր եւ անհրաժեշտ հաստատութիւնները, յստակ է երեւոյթը. որովհետեւ… որովհետեւ հայագիտութիւն ուսանելու ասպարէզը ընդգրկելու պատրաստ ուսանողները նուազեցան, մնացին մէկ կամ երկու ուսանող, հետեւաբար… այդ օրերուն քաջալերողներ չգտնուեցան: Բարեբախտաբար Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը կը պահէ հայագիտութեան դասարան մը` մէկ-երկու ուսանողներով:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան որոշումը գնահատելի է, սակայն անոր առընթեր, հարկ է վերաբանալ փակուած Հայագիտական հիմնարկին դռները, պետական վկայականի  մը արտօնութիւնը ձեռք ձգելու պայմանով: Այս կրնայ ըլլալ կարեւոր խայծ մը` դէպի հայագիտական ուսմունք առաջնորդելու հայ ուսանողը, ապագային ունենալու համար որակաւոր հայագէտ ուսուցիչներ, երիտասարդ եւ եռանդուն:

Մեր եկեղեցական եւ կրթական յանձնառու իշխանութիւնները պէտք է աշխատին այս առնչութեամբ, որովհետեւ քանի մը տարի ետք ներկայի քաջալերուած, նիւթապէս համեմատաբար ապահովուած ուսուցիչները չյոգնին, եւ ասպարէզը անտէր չմնայ:

Այս առիթով մեր գնահատանքը կ՛ուղղենք Համազգայինի կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան, քայլ մը առաջ անցած ըլլալուն համար, քայլ մը, որ հարկ է վերածուի աշխուժ արշաւի` վասն պահպանման հայոց արեւմտահայերէն լեզուին, հայ սփիւռքի մեր կրթական հաստատութիւններուն առողջ եւ հայադրոշմ պահպանման:

«Լաւ է ուշ, քան երբեք» կը թելադրէ ժողովրդային իմաստութիւնը: Այսօր այս հաղորդագրութեամբ կը յուսադրուինք յառաջիկային ստեղծուելիք համագաղութային նախաձեռնութեամբ, որպէսզի ոչ մէկ հայ չյանդգնի անտեսելու հայոց լեզուն, որպէսզի մեր հայոց լեզուն եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչները անտէր չմնան:

Առիթն է յիշելու ֆրանսացի հայագէտ Ֆրետերիք Ֆէյտիի մէկ խօսքը.

«Դուք` հայերդ, չէք գիտեր ձեր լեզուին գեղեցկութիւնը եւ արժէքը, տէ՛ր կանգնեցէք անոր, վաղը ուշ կ՛ըլլայ»…

Հայ ժողովուրդը պարտաւոր է պահել հայագիտական ամպիոն մը Լիբանանի մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES