Կազի Խողովակաշարերը Կամ` Սուրիոյ Համար Պատերազմին Միւս Երեսը
ՆԱԺԻ Ս. ՊՈՒՍԹԱՆԻ
Պատերազմներու ատեն լրատուական միջոցները կը կեդրոնանան զոհերուն եւ աւերին վրայ, իսկ ժողովուրդները կը հետաքրքրուին մարտական եւ ապահովական գործողութիւններու ընթացքով եւ արդիւնքով: Բոլորը կը մոռնան հարցին աշխարհաքաղաքական տարողութիւնն ու առնչութիւն ունեցող կողմերուն, նաեւ` անոնց ետին կանգնողներուն տնտեսական-դրամական դրդապատճառները: Այսպէ՛ս կը պատահի նաեւ Սուրիոյ պարագային, ուր հարցը շատ աւելի մեծ է, քան «բռնատէր մը տապալելու» կամ «զինեալ ապստամբութիւն ճզմելու» յայտարարութիւնները. հարցը ուղղակի եւ անմիջական կապ ունի շրջանային գլխաւոր դերակատարներու եւ միջազգային ուժերու կարեւորագոյն ու կենսական շահերուն հետ:
Ինչպէ՞ս:
1992-ին «Քիութօ»-ի համաձայնագիրի (1) ստորագրութենէն ետք եւ եւրոպական պետութիւնները դիմեցին վճռական քայլերու (2)` սահմանափակելու համար օդի ապականութիւնը: Այդ թուականին կրկնապատկուեցաւ Եւրոպայի բնական կազի սպառումը, եւ կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ տարիներուն այդ սպառումը հնգապատիկ աւելնայ, մանաւանդ որ ելեկտրականութիւն արտադրող հիւլէական բազմաթիւ կայաններ բանելու որոշումներ արդէն տրուած են: Այս կացութիւնը գրգռեց բազմաթիւ պետութիւններու ախորժակները, եւ ասոնք իրենց հայեացքներն ուղղեցին ու ծրագիրները մշակեցին տիրանալու եւրոպական շուկային:
Սխալ պիտի ըլլայ կարծել, որ բնական կազին համար պայքարը միայն տնտեսական շահ կը հետապնդէ, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ է նաեւ բազմաթիւ մեծ ուժերու քաղաքական ազդեցութիւնը:
Բացատրե՛նք:
Դաշնակցային Ռուսիա աշխարհին բնական կազ հայթայթող գլխաւոր աղբիւրն է: Անոր տարեկան արտահանումները կը հասնին 420 միլիառ թոնի (3): Այդ արտահանումները կը կատարուին զանազան միջոցներով. ասոնցմէ մէկն է խողովակաշարերու ցանց մը, որ Ռուսիայէն կ՛երկարի մինչեւ Ուքրանիա, Պիելոռուսիա եւ արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մեծամասնութիւնը, ապա կը հասնի Գերմանիա եւ Պելճիքա: Ռուսիա մօտիկ անցեալին բացումը կատարած էր նոր խողովակաշարի մը, որ Պալթեան ծովու յատակէն կ՛անցնի, եւ ուղղակի անմիջական կապ կը հաստատէ Սիպերիոյ բնական կազի վիթխարի պահեստներուն ու Գերմանիոյ միջեւ: 1996-ին վերահիմնուած Ռուսիոյ պետական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը, որ ներքին մեծ ազդեցութիւն ու հեղինակութիւն ունի, 1334 քմ. երկայնքով խողովակաշարը կը գործածէ բնական կազը հիւսիսային Ռուսիայէն փոխադրելու Գերմանիոյ` Պալթեան ծովահայեաց հիւսիսարեւելեան ծովափ. վերջերս այս խողովակաշարին փոխադրական կարողութիւնը կրկնապատկուեցաւ` հասնելով տարեկան 55 միլիառ խորանարդ մեթրի: Ասոր կողքին, սուրիական տագնապին պատճառով Մոսկուա-Անգարա յարաբերութեանց սրումէն կարճ ատեն առաջ, Ռուսիա եւ Թուրքիա ստորագրեցին «Սաութ սթրիմ»-ի նախագիծ-համաձայնագիրը: Ասոր հիմամբ, Ռուսիա կը ծրագրէ կառուցել խողովակաշար մը, որ Թուրքիոյ սեւծովեան շրջանային ջուրերէն անցնելով` բնական կազ պիտի հայթայթէ Եւրոպայի: «Սաութ սթրիմ» ծրագիրով Ռուսիա կը շրջանցէ Ուքրանիան, որուն հետ իր դրամական տարակարծութիւնները պատճառ դարձան քանի մը անգամ ընդհատելու Ռուսիայէն դէպի Եւրոպա բնական կազի արտահանումը:
Ռուսական այս ծրագիրներուն դիմաց, քաթարեան «Աֆաք» բնական կազի ընկերութիւնը որոշեց յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ընթացքին գնել քարիւղատար նաւերու վիթխարի տորմիղ մը. կարգ մը աղբիւրներ կը յայտնեն, որ կը ծրագրուի այդ նաւերուն ընդհանուր թիւը հասցնել հազարի…
Այս ծրագիրին նպատակն է հնարաւորութիւն ընձեռել Քաթարի, որ իր բնական կազը արտածէ աշխարհի բոլոր երկիրներ` առանց աշխարհագրական կաշկանդումի: Այս ձեւով Քաթար եւ իր ետին կանգնողները կ՛ուզեն մրցիլ Ռուսիոյ հետ: Քաթար, որ աշխարհի բնական կազի մեծագոյն պահեստը ունի, այժմ այդ ուժանիւթի համաշխարհային վաճառքին միայն 12 առ հարիւրը ունի եւ կ՛ուզէ կրկնապատկել այդ համեմատութիւնը, անշուշտ` Ռուսիոյ հաշուոյն:
Միացեալ Նահանգներ անվերապահօրէն եւ բոլոր միջոցներով կ՛աջակցին Քաթարի այս ծրագիրին: Ուաշինկթըն կ՛ուզէ տկարացնել Ռուսիան` անոր ձեռքէն խլելով բնական կազի եւրոպական համաձայնագրերը եւ զանոնք տալով այլ երկիրներու, առաջին հերթին` Քաթարի:
Այսպիսով, Ռուսիա պիտի կորսնցնէ իր եկամուտի գլխաւոր աղբիւրը, ինչպէս նաեւ` Եւրոպայի նկատմամբ քաղաքական ճնշումի միակ, բայց շատ ազդու լծակը:
Նոյն ծրագրի հետագայ հանգրուանի թիրախն ալ Չինաստանն է, որուն ճարտարարուեստն ու տնտեսական աճը կախեալ են ուժանիւթէն: Բայց այս հանգրուանին համար, Ուաշինկթընի դրդումով, Քաթար կը փորձէ չէզոք դիրքի մէջ պահել Չինաստանը: Քաթար հինգ միլիառ ամ. տոլարի ներդրումներ կատարեց չինական սակարանին մէջ անցեալ տարի. անշուշտ այդ գումարը գոյացաւ Չինաստանի յատուկ գիներով վաճառուած բնական կազի հասոյթէն:
Բայց Քաթարի բնական կազի այս ձեւով արտածումը հիմնական դժուարութիւն մը կը դիմագրաւէ: Կազը նաւերով փոխադրելու համար զայն պէտք է վերածել հեղուկի, որ կ՛ենթադրէ յատուկ գործարաններու մէջ պատրաստել զայն, նաւերը օժտել յատուկ սարքերով, եւ վերստին սպառելի կազի վերածելու համար յատուկ գործարաններ կառուցել նաւերը ընդունող նաւամատոյցներուն վրայ: Այսպիսով, բնական կազի խողովակաշարով փոխադրութիւնը կը մնայ շատ աւելի դիւրին եւ աժան: Ռուսիա կը պահէ իր մրցակցային առաւելութիւնը:
Այս պատճառով, եւ հաւանաբար` նոյնպէս ամերիկեան քաջալերանքով, Թուրքիա կատաղի քաղաքական, տնտեսական եւ, ինչպէս երեւան կու գայ, զինուորական պայքար կը մղէ իրականացնելու «Նապուքօ» խողովակաշարի ծրագիրը: Տարեկան 40 միլիառ խորանարդ մեթր կարողութեամբ այս խողովակաշարը Կեդրոնական Ասիոյ, Կասպից ծովու եւ Ազրպէյճանի բնական կազը Վրաստանէն անցընելով` պիտի հասցնէ Թուրքիա, եւ հոնկէ` Եւրոպա, Թուրքիա-Պուլկարիա-Աւստրիա ճամբով: Թուրքիա յաջողեցաւ ապահովել Պուլկարիոյ, Աւստրիոյ, Հունգարիոյ եւ Ռումանիոյ ստորագրութիւնները այս ծրագիրի նախագիծին վրայ:
Բայց ասիկա մէկ մասն է, արեւելեա՛ն մասը Թուրքիոյ (կամ` Միացեալ Նահանգներու) համապարփակ ծրագիրին, որ Միջին Արեւելքի, Կասպից ծովու եւ Կեդրոնական Ասիոյ բնական կազը հաւաքէ Թուրքիոյ մէջ` որպէս տարանցումի կայան, նախքան անոր Եւրոպա արտածումը:
Այսպէս, թուրք ղեկավարներու միջինարեւելեան երկիրներ այցելութիւններու օրակարգի առաջին կէտը կը մնայ շրջանային ղեկավարները համոզել ընդունելու «արաբական կազի խողովակաշար»-ի իրենց ծրագիրը, որուն հիմամբ Եգիպտոսէն, Յորդանան, ապա Սուրիա եւ հոնկէ Թուրքիա հասնող 1200 քմ երկայնքով խողովակաշարը արաբական եւ հիւսիսափրիկեան կազը, որմէ ճիւղ մըն ալ պիտի գայ Իրաքէն, կապել «Նապուքօ»-ի ցանցին:
Հոս պէտք է յիշեցնել, որ Սուրիա մերժած էր, որ իր հողերէն Թուրքիա անցնի քաթարեան բնական կազի խողովակաշարը, որ պիտի ներառէ նաեւ Եգիպտոսի ու… Իսրայէլի արտադրածը: Սուրիա իսրայէլեան կազի տարանցումը մերժելով` յառաջ քշեց Կասպից ծովու Իրան-Իրաք-Սուրիա խողովակաշարի մը ծրագիրը, որ պիտի միանայ ռուսական ցանցին: Մոսկուա եւ Դամասկոս բնական կազի ոլորտի մէջ գործակցութեան համաձայնագրերու շարք մը ստորագրեցին:
*
* *
Վերեւ նկարագրուած համայնապատկերը իր ամբողջութեամբ դիտողը կը յանգի այն եզրակացութեան, թէ ան, որ իր հակակշիռին տակ կ՛առնէ Սուրիան, պիտի որոշէ ճակատագիրը Թուրքիոյ մէջ հաւաքուող բնական կազի «երակ»-ին, որ 21-րդ դարու ուժանիւթի հիմնական ու գլխաւոր աղբիւրն է, նաեւ քաղաքական ու տնտեսական լծակ կը պարգեւէ Եւրոպայի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի, բնականաբար նաեւ` բոլոր արտածող երկիրներուն վրայ:
Ասոր վրայ աւելցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու երկրաբանական հետազօտութեանց վարչութեան կատարած քննութիւնները ցոյց տուած է, թէ արեւելեան Միջերկրականը (Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի դիմաց) վիթխարի քանակութեամբ քարիւղի կողքին նաեւ ունի բնական կազի առնուազն 700 միլիառ խորանարդ մեթրի պահեստ մը, որուն օգտագործումը մեծապէս կախեալ է Սուրիոյ գործակցութենէն:
Այս բոլորին լոյսին տակ յստակ կը դառնայ, որ Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Իրաքի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի մէջ կազի խողովակաշարերու ականահարումները տեղական պայքարներու հետեւանք խափանարարութիւններ չեն միայն:
Քաղաքական անսահման ուժի եւ տնտեսական վիթխարի շահերու աղբիւր այս ծրագիրները բացայայտ կը դարձնեն իսկական պատճառները, որոնց համար Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու համար Միացեալ Նահանգներ, Արեւմտեան Եւրոպա, բայց մանաւանդ Թուրքիա եւ Քաթար կը յատկացնեն այսքան միջոցներ եւ ճիգ:
Նոյն դիտանկիւնէն կասկածէ վեր կը դառնայ այն, որ Սուրիոյ վարչակարգին նեցուկ կանգնելով` Մոսկուա նաեւ կը փորձէ խափանել իրեն դէմ ուղղուած ամերիկեան ծրագիրը, որ կը փորձէ բնական կազի եւրոպական շուկան Ռուսիայէն խլելով` զայն շնորհել Թուրքիոյ եւ Քաթարի:
Ո՞վ պիտի յաջողի:
«Նաշրա»
(1) «Քիոթօ»-ի համաձայնագիրի նպատակն է սահմանափակել բնածխական կազի (CO2) օդին մէջ արձակումը, որ օդը ապականելով` պատճառ կը դառնայ մոլորակի ջերմացումին:
(2) 1994-ին եւրոպական երկիրները որդեգրեցին խիստ չափանիշներ` կրճատելու համար օդին մէջ ապականող կազերու արտանետումները: Նկատի առած, որ բնական կազը կ՛արձակէ քարիւղային նիւթերու արձակած վնասակար նիւթերու միայն 10 առ հարիւրը, եւրոպացիք թափ տուին անոր գործածութեան (ջեռուցում, ջուր տաքցնել, եփել, ելեկտրականութիւն արտադրել եւ այլն):
(3) Ռուսիա կը կատարէ բնական կազի համաշխարհային վաճառքին 67 առ հարիւրը եւ զայն կ՛արտածէ մանաւանդ դէպի Եւրոպա եւ Չինաստան, նաեւ` բազմաթիւ այլ շրջաններ եւ երկիրներ:


