Վա՞տը, Թէ՞ Վատթարը

ՍԵՐԺ ՀԱԼԻՄԻ

Մրցակիցներ Ռոմնի եւ Օպամա

Միացեալ Նահանգներու ֆինանսական փտածութիւնը տարածուեցաւ եւ պատճառ դարձաւ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի մը, որուն հետեւանքները աղէտալի են. աշխատատեղիներու չգոյութիւն, միլիոնաւոր կալուածատէրերու սնանկացում, ընկերային ապահովութեան ծառայութիւններու նուազում եւ այլն: Այս բոլորը հինգ տարի առաջ էին: Այսօր շատ հաւանական է, որ Սպիտակ տան յաջորդ բնակիչը ըլլայ Ուիլըրտ Միթ Ռոմնին, որուն վիթխարի հարստութիւնը գոյացած է դրամական շահագործումէ, աշխատատեղիներու արտահանման թոյլատուութենէ եւ Քէյման կղզիներուն մէջ «հարկային դրախտներէ»:

Ռոմնին փոխնախագահի պաշտօնի թեկնածու ընտրեց իրեն պէս հանրապետական Փոլ Ռայընը: Այս ընտրութիւնը կը յստակացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներ ո՞ւր պիտի հասնին, եթէ քուէարկողները 6 նոյեմբերին ընտրեն երկու չարիքներէն յոռեգոյնը: Պարաք Օպամա արդէն ընդունած է ծրագիր մը, որուն հիմամբ կարիքաւորներու ընկերային բարօրութեան ծառայութեանց պիւտճէն պիտի կրճատուի` առանց յաւելում կատարելու բարձր եկամուտի տէրերու արդէն իսկ տարօրինակ չափով ցած տուրքերուն վրայ: Բայց դեմոկրատներու այս անձնատուութիւնն ալ բաւարար չէ Ռայընի համար: Ան յայտարարած է աշխատանքի ծրագիր մը, որուն զօրակցութիւն յայտնած է Ռոմնի, եւ որդեգրուած է Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական մեծամասնութեան կողմէ: Անիկա յաւելեալ կրճատումներ պիտի կատարէ 20 առ հարիւրի տուրքի դասակարգին համար, իսկ տուրքի առաւելագոյն համեմատութիւնը պիտի իջեցնէ 25 առ հարիւրի, որ նուազագոյնն է 1931-էն ի վեր. ասոնց զուգահեռ, ան կը ծրագրէ մեծագումար յաւելեալ ծախսեր կատարել պաշտպանութեան պիւտճէին մէջ մինչեւ 2017. եւ այս բոլորով հանդերձ, ան միաժամանակ պիւտճէական բացի ազգային համախառն եկամուտին բաղդատած` համեմատութիւնը պիտի կրճատէ 10 առ հարիւրով: Երեւակայելի՞ է, որ նման ծրագիր մը յաջողի, այո՛. թէ ինչպէ՞ս, ապա Ռայըն կը ծրագրէ իւրաքանչիւր նահանջի քաղաքացիներուն նկատմամբ քաղաքային ծառայութիւններու մեծամասնութիւնը փոխանցել սեփական մարզին կամ բարեսիրական միութիւններուն: «Մետիքէյտ»-ը, որ աղքատներու առողջապահական կարիքները ապահովելու պետական ծառայութիւնն է, տարեկան պիւտճէի 78 առ հարիւրի նուազում պիտի կրէ:

Հանրապետական եւ դեմոկրատ քաղաքագէտներ Օպամայի հետ կը ծիծաղին վերջինի բարեփոխման խոստումին (հաւատացողներուն) վրայ։

Օպամա անցեալ տարեսկիզբին որդեգրած է եւ կը կիրարկէ խնայողութեան քաղաքականութիւն մը, որ միաժամանակ թէ՛ ապարդիւն, թէ՛ շատ խիստ ու վնասակար էր Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհին համար: Տնտեսական ճակատին վրայ հազուադէպ լաւ լուրերը ինքնիրեն վերագրելով, այդ ոլորտի ընդհանրապէս գէշ լուրերն ու ձախողութիւնները, մանաւանդ աշխատատեղիներու պակասը, Օպամա կը վերագրէ հանրապետական ընդդիմութեան: Հաւանական չէ, որ այս հիմնաւորումներն ու պատճառաբանութիւնները զօրաշարժի ենթարկեն քաղաքացիները` քուէարկելու ի նպաստ Օպամայի: Վերջինին ընտրութիւնները շահելու գրաւը այն է, որ ժողովուրդը պիտի սարսափի հանրապետականներու ծայրայեղ աջակողմեան տեսակէտներէն եւ պիտի վերընտրէ զինք: Բայց նոյնիսկ եթէ վերընտրուի, Օպամա ի՞նչ պիտի ընէ. առաջին ընտրութիւնը իրեն ապահոված խոստումները պատռտած է, եւ մօտ օրէն ընտրուելիք Քոնկրեսը հաւանաբար աւելի աջակողմեան պիտի ըլլայ, քան ան, զոր Օպամա դիմագրաւեց, երբ ընտրուեցաւ:

Ամերիկեան «աջ»-ը

Անգամ մը եւս կը հաստատուի, որ ամերիկեան քաղաքական համակարգը, վարչաձեւը կը ծառայէ երկու կուսակցութիւններու, որոնք իրարու վրայ կը թաւալին ու կը սողոսկին ծառայութիւններ մատուցելու գործարար միջավայրին մէջ եւ ի տես այս իրավիճակին` միլիոնաւոր ամերիկացիներ, թէեւ Օպամայի տկարութենէն յուսախաբ ու հիասթափուած` ստիպուած պիտի զգան վերստին քուէարկելու անոր: Անոնք իրենք իրենց պիտի պարտադրեն վերընդունելու Միացեալ Նահանգներու մէջ պարտադրուած սովորական երկընտրանքը` վատը կամ վատթարը: Բայց անոնց ընտրութեան հետեւանքները աւելի խորունկ եւ լայնածիր պիտի ըլլան, բայց մանաւանդ աւելի հեռուէն արձագանգ պիտի գտնեն. արդարեւ, եթէ յաղթանակ տանի  Հանրապետական կուսակցութիւնը, որ վճռած է կործանել ու քանդել ընկերային բարօրութեան նպաստող պետութենէն (Ուելֆեր Սթէյթ) մնացորդը, նուիրուած է արմատական քրիստոնէութեան մը ուղեգիծին եւ իսլամութեան խելացնոր ատելութեամբ կ՛առաջնորդուի.  այսպիսի գաղափարախօսութեան մը յաղթանակը քաջալերող օրինակ մը պիտի հանդիսանայ նաեւ եւրոպական աջին համար, որ արդէն նոյն ուղին որդեգրելու հակում ցոյց կու տայ:

«Լը Մոնտ»

Share this Article
CATEGORIES