Յատուկ Յանձնախումբ` Զօրակոչի Կայացման Համար
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հրամանով 2012 թուականին աշնանային զօրակոչի կայացման հոլովոյթի թափանցիկութեան եւ օրինականութեան ապահովման, զօրակոչի ընթացքին քաղաքացիներու դիմումներուն եւ բողոքներուն ընթացքին դրուած հարցերու արագ լուծման նպատակով ստեղծուեցաւ յանձնախումբ մը:
Յանձնախումբի նախագահ նշանակուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին առընթեր հասարակական խորհուրդի նախագահ Գեղամ Յարութիւնեան:
CATEGORIES Հայկական

