Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Է ԵԱՀԿ-ի Նախագահի Ներկայացուցիչը
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան երէկ ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանին այսօր իրականացուելիք դիտարկման առնչութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ժամանած ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են սահմանին տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը կարեւոր հարցերու:
CATEGORIES Հայկական

