2018-ի Ամառնային Պատանիներու Ողիմպիականը Հիւրընկալելու Համար. Հինգ Քաղաքներ Պաշտօնապէս Առաջադրեցին Իրենց Թեկնածութիւնը

Իր լուրը քաղելով ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութենէն` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ հինգ քաղաքներ պաշտօնապէս առաջադրեցին իրենց թեկնածութիւնը` հիւրընկալելու համար 2018-ի Ամառնային պատանիներու ողիմպիական խաղերը:

Այդ հինգ քաղաքներն են (թեկնածութիւն առաջադրելու ժամկէտի աւարտէն ետք). Պուէնոս Այրես (Արժանթին), Կլասքօ (Անգլիա), Կուատալախարա (Մեքսիքա), Մետելյին (Քոլոմպիա) եւ Ռոթերտամ (Հոլանտա):

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին կողմէ նշանակուած յանձնախումբը իւրաքանչիւր երկրի թղթածրարը քննարկելէ եւ համապատասխան որոշում կայացնելէ ետք իր կարծիքը պիտի յայտնէ այս ուղղութեամբ:

4 յուլիս 2013-ին Լոզանի մէջ (Զուիցերիա) պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի այդ ողիմպիականը հիւրընկալող թեկնածուին անունը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES