Թենիս. Նալպանտեան 12 Դիրքի Նահանջ Մը Արձանագրեց

Երէկ` երկուշաբթի, 22 հոկտեմբերին, Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց նոր դասաւորումը, որուն մէջ Դաւիթ Նալպանտեան 18 դիրքի նահանջ մը արձանագրելով այժմ 635 կէտով կը գրաւէ 77-րդ դիրքը:

Վիրաւոր Նալպանտեան նախապէս յայտարարած էր ըսելով, որ մինչեւ 2013 պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ:

Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի զուիցերիացի Ռոժէ ֆետերեր (12,165 կէտ): Ապա անոր ետին 2-րդ դիրքը կը գրաւէ սերպ Նովաք Տիոքովիչ (11,970 կէտ), իսկ 3-րդ դիրքը` անգլիացի Էնտի Միւրէյ (7690 կէտ):

 

Share this Article
CATEGORIES