Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ժողով
Երէկ` երկուշաբթի, 22 հոկտեմբերին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը ՀՄԸՄ Ժունիէի ակումբին մէջ գումարեց իր ժողովը:
Այդ ժողովին ընթացքին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան շնորհաւորեց ներկաները` նոր ընտրութիւններուն առիթով, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց դերակատարութիւնը ունեցան Ասիոյ «Մաութըն Պայք»-ի ախոյեանութեան ձեռք բերած լաւ հիւրընկալութեան համար:
Որոշուեցաւ կայացնել Լիբանանի ճամբու ախոյեանութիւնը` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. 11 նոյեմբեր` Ա. հանգրուան, 18 նոյեմբեր` Բ. հանգրուան եւ 25 նոյեմբեր` Գ. հանգրուան:
Որոշուեցաւ նաեւ յառաջիկայ 22 նոյեմբերին կայացնել Լիբանանի անկախութեան մրցաշարքը:
Վերջապէս կազմուեցան քանի մը յանձնախումբեր` հետեւեալ ձեւով.
Թեքնիք յանձնախումբ` Վազգէն Մելիքեան, Քայսար Սալլում եւ Վաչէ Ծատուրեան
Իրաւարարներու յանձնախումբ` Ռոպեր Փաթափութեան, Կարէն Օհանեան, Քարոլ Աքըլ, Ժորժ Հոպէյքա եւ Զոհրապ Մարգարեան:
Արագ որոշումներ տուող յանձնախումբ` Վաչէ Ծատուրեան, Վազգէն Մելիքեան, Ապտօ Նատեր եւ Ռոպեր Փաթափութեան:
Շուկայադրումի յանձնախումբ` Նազարէթ Հապիպեան:

