Լացիօ Ռոմա 40 Հազար Եւրօ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ
Իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով նախորդ շաբաթավերջին Լացիօ Ռոմա Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ 40 հազար Եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Նախորդ ամիս Թոթենհամի դէմ տեղի ունեցած «Եուրոփա լիկ»-ի մրցումին, իտալական կազմին համակիրները կապիկ անուանած էին անգլիական ակումբին մարզիկները` Ժերմեն Տեֆոյէն, Աարոն Լենընը եւ Անտրոս Թաունսենտը:
Կարգ մը լրատուական միջոցներուն համաձայն, Թոթենհամի մարզիչ Անտրէ Վիլաս-Պոաս այս գծով ոչինչ լսած էր:
Սակայն Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ նախապէս յայտարարուած որոշումներուն հիմամբ, տուգանքները եւ կախակայումները պիտի ըլլան խիստ ցեղապաշտական բնոյթի արտայայտութիւններուն գծով:
Նշենք, որ «Ուայթ Հարթ Լէյն»-ի մէջ տեղի ունեցած Թոթենհամ-Լացիօ Ռոմա մրցումին ներկայ էր նաեւ Եու. Է. Էֆ. Ա.ի նախագահ Միշել Փլաթինի:
CATEGORIES Մարզական

