Եւրոպայի Կռփամարտի Ֆետերասիոնը Շնորհաւորական Ուղերձ Յղեց Հայաստանի Կռփամարտի Ֆետերասիոնին
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սամուէլ Գասպարեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին նշեց, որ Հայաստան շնորհաւորական ուղերձ մը ստացած է Եւրոպայի կռփամարտի ֆետերասիոնէն:
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջին հաղորդած լուրին համաձայն, այդ մէկը հետեւանք է 1-7 հոկտեմբերին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութեան Հայաստանի հաւաքականին արձանագրած լաւ արդիւնքներուն:
Հայաստանի հաւաքականը, որ ախոյեանութեան մասնակցած է 14 մարզիկով, տիրացած է 2 արծաթ եւ 5 պրոնզ մետալի:
Արծաթ մետալի տիրացան Արման Անտոնեան եւ Ալիոշա Ստամպոլցեան, իսկ պրոնզ մետալի` Աշոտ Մխիթարեան, Ռազմիկ Անտոնեան, Յարութիւն Մնացականեան, Զաքար Խաչատուրեան եւ Վան Մելքումեան:
Լուրը եզրափակելով հայկական աղբիւրը կ՛ըսէ, որ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը իր կարգին շնորհաւորած է անոնց արձանագրած արդիւնքները:

