«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Շախտիոր Տոնեցք – Չելսի
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան 8-ական ճակատումներ` ութ տարբեր խմբակներու մէջ:
Ե. խմբակին մէջ այսօր տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Ուքրանիոյ մէջ Շախտիոր Տոնեցք պիտի հիւրընկալէ Չելսին:
Անոնք երկուքն ալ ունին 4-ական կէտ իրենց արձանագրած մէկական յաղթանակին եւ մէկական հաւասարութեան շնորհիւ:
Տոնեցք այս մրցաշարքին գծով իր կատարած վերջին հինգ մրցումներուն (իր դաշտին վրայ) միայն մէկ յաղթանակ արձանագրած է: Սակայն անիկա, եւրոպական տարբեր մրցաշարքերու ընթացքին իր դաշտին վրայ 20 մրցումի ընթացքին կրած է միայն 2 պարտութիւն` արձանագրելով 11 յաղթանակ:
Ինչ կը վերաբերի Չելսիի, անիկա, այս մրցաշարքին գծով իր կատարած վերջին ութ մրցումներուն կը մնայ անպարտելի:
Զ. խմբակին մէջ Լիլ քիչ մը դժուար մրցում մը ունի կատարելիք, երբ հիւրընկալէ Պայէրն Միւնիխը:
Լիլ ցարդ չէ յաջողած յաղթել գերմանական խումբի մը եւ միայն կոլ մը նշանակած է` գերմանական խումբերու դէմ իր կատարած երեք մրցումներուն ընթացքին:
Պայէրն ֆրանսական խումբերուն դէմ այս մրցաշարքին գծով իր կատարած չորս մրցումներուն բոլորին ալ յաղթած է` առանց կոլ մը ստանալու իր բերդին մէջ:
Մնալով նոյն խմբակին մէջ` Վալենսիա, որ հիւրը պիտի ըլլայ Պաթէ Պորիսովի, պիտի փորձէ տիրանալ առաւելագոյն երեք կէտին, մանաւանդ նկատի առնելով այն պարագան, որ անիկա այս մրցաշարքին գծով, իր դաշտէն դուրս կատարած եօթը մրցումի ընթացքին յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել:
Է. խմբակին մէջ կը կարծուի, որ Պարսելոնա հանգիստ մրցում մը պիտի կատարէ, երբ հիւրընկալէ Սելթիքը: Անոնք նախապէս ութ անգամ իրարու դէմ յանդիման եկած են: Պարսելոնա արձանագրած է 4 յաղթանակ, Սելթիք` մէկ, մինչ երեք մրցումներ վերջ գտած են հաւասարութեամբ:
Եթէ Պարսելոնա այսօր յաղթէ, Ռէալ Մատրիտէն եւ Մանչեսթըր Եունայթըտէն ետք պիտի հանդիսանայ երրորդ խումբը, որ այս մրցաշարքին կ՛արձանագրէ իր 100-րդ յաղթանակը:
Եւրոպական մրցաշարքերուն գծով, թէեւ իր կատարած եօթը մրցումներուն Սելթիք պարտութիւն կրած չէ, սակայն անիկա սպանական խումբերուն դէմ վերջին 9 մրցումին կրած է 7 պարտութիւն` արձանագրելով միայն յաղթանակ մը:
Ը. խմբակին մէջ Մանչեսթըր Եունայթըտ առաջին անգամ ըլլալով իրեն մրցակից պիտի ունենայ Պրական:
Այս մրցաշարքին գծով, Մանչեսթըր Եունայթըտ իր դաշտին վրայ իր կատարած մրցումներուն միշտ ալ արձանագրած է յաղթանակներու շարան մը` 36 մրցումի ընթացքին կրելով միայն պարտութիւն մը, այդ ալ երեք տարեշրջան առաջ:
Ասոր զուգահեռ սակայն, Պրակա եւրոպական մրցաշարքերուն գծով օտար դաշտերու վրայ իր կատարած եօթը մրցումներուն ընթացքին պարտութիւն չէ կրած, իսկ վերջին 10-ին կրած է միայն պարտութիւն մը:
Վերոնշեալ բոլոր կէտերը նկատի ունենալով` կը կարծուի, որ այսօրուան մրցումները ըլլան հետաքրքրական:
Ստորեւ կու տանք այսօր եւ վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Ե. ԽՄԲԱԿ
Նորտսժայելընտ – Եուվենթուս 21:45
Շախտիոր Տոնեցք – Չելսի 21:45
Զ. ԽՄԲԱԿ
ՊԱԹԷ Պորիսով – Վալենսիա 21:45
Լիլ – Պայէրն Միւնիխ 21:45
Է. ԽՄԲԱԿ
Սպարտակ Մոսկուա – Պենֆիքա 19:00
Պարսելոնա – Սելթիք 21:45
Ը. ԽՄԲԱԿ
Կալաթասարայ – Քլիւժ 21:45
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պրակա 21:45
ՎԱՂԸ
Ա. ԽՄԲԱԿ
Փորթօ – Տինամօ Քիեւ 21:45
Տինամօ Զաղրեպ – Փարիզ Սեն Ժերմեն 21:45
Բ. ԽՄԲԱԿ
Արսենալ – Շալքէ 21:45
Մոնփելիէ – Օլիմփիաքոս 21:45
Գ. ԽՄԲԱԿ
Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ – Անտըրլեխթ 19:00
Մալակա – Ա. Սէ. Միլան 21:45
Դ. ԽՄԲԱԿ
Այաքս Ամսթերտամ – Մանչեսթըր Սիթի 21:45
Պորուսիա Տորթմունտ – Ռէալ Մատրիտ 21:45

