Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սկզբունքով Մրցումները Տեղի Պիտի Ունենան Այսօր Եւ Վաղը
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջէն ի վեր Լիբանանի մէջ կը տիրէ անապահով կացութիւն մը: Ատոր պատճառով գրեթէ ամբողջութեամբ սառեցաւ լիբանանեան մարզական կեանքը:
Իր գումարած արտակարգ ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, սառեցուց Ա. եւ Բ. դասակարգի ֆութպոլի եւ ֆութսալի ախոյեանութեան մրցումներուն կայացումը:
Ֆութսալի մրցումները յետաձգուեցան անորոշ թուականով մը, մինչ ֆութպոլի մրցումները սկզբունքով տեղի պիտի ունենան այսօր եւ վաղը, ֆետերասիոնին կողմէ ստորեւ տրուած հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Սաֆա – Անսար 3:30 Սայտա
Սալամ – Ռասինկ 3:30 Սուր
Ախա Ահլի Ալէյ – Թատամոն Սուր 3:30 Պհամտուն
ՎԱՂԸ
Նըժմէ – Իժթիմահի 3:30 Մարզական Աւան
Շապապ Ղազիէ – Շապապ Սահել 3:30 Քֆարժոզ
Թրիփոլի – Ահտ 3:30 Թրիփոլի
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ԱՅՍՕՐ
Ահլի Նապաթիէ – Մապարրա 3:30 Քֆարժոզ
Հարաքեթ Շապապ – Սաժես 3:30 Սալամ
ՎԱՂԸ
Սալամ Զղարթա – Ռիատա Ուալ Ատապ 3:30 Սալամ
Նապի Շիթ – Ահլի Սայտա 3:30 Նապի Շիթ
Նահտա Պար Էլիաս – Շապապ Թրիփոլի 3:30 Խիարա
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Ֆաժըր Արապսալիմ 3:30 Սուր

