ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Պուրճ Համուտի Մինի Մարաթոնը` Յառաջիկայ 4 Նոյեմբերին
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` Պուրճ Համուտի մինի մարաթոնը, որ կազմակերպած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 4 նոյեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Մարաթոնին կրնան մասնակցիլ բոլոր լիբանանահայ աշակերտները, որոնք կը յաճախեն հայկական կամ լիբանանեան վարժարաններ:
Մասնակցութեան տարիք`
1995-1996-ի ծնունդ
1997-1998-ի ծնունդ
1999-2000-ի ծնունդ (1500մ)
Իւրաքանչիւր վարժարան իրաւունք ունի ներկայացնելու տասը տղոց եւ տասը աղջկանց անուանացանկ մը առաւելագոյնը մինչեւ ուրբաթ, 26 հոկտեմբեր 2012:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
CATEGORIES Մարզական

