«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սանճաքի Հայութեան Գաղթը Դէպի Հալէպ, Պասիթ Եւ Թարթուս
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ալեքսանտրէթի սանճաքին Թուրքիոյ կցումէն ետք, սահմանային փոփոխութիւն կատարուեցաւ եւ մէկ տարի Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ մնալէ ետք Քեսապ մնաց Սուրիոյ սահմաններէն ներս: Նոյն օրերուն սկսաւ Սանճաքի հայութեան գաղթը: Գրըգ Խանի, Ռեհանիէի եւ Հայաշէնի ժողովուրդը բեռնակառքերով Հալէպ փոխադրուեցաւ: Մուսա լերան գիւղերու բնակիչները բեռնակառքերով Քեսապ փոխադրուեցան եւ առժամաբար Պասիթի ծովափնեայ գօտիին մէջ, վրաններու տակ տեղաւորուեցան: Իսկ Իսկէնտերունի հայերը շոգենաւերով Թարթուս փոխադրուեցան:
18 յուլիս 1939-ի թիւով եւ «Սանճաքի հայերուն փոխադրութիւնը սկսաւ» խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.
«Լաթաքիայէն կը հեռաձայնեն մեզի 16 յուլիս թուականով.- Սանճաքէն դէպի Քեսապ հոսանքը կը շարունակուի: Բազմաթիւ ալեւի եւ թուրք ընտանիքներ ալ հասած են Քեսապ, ձգելով իրենց տուներն ու հարստութիւնները: Մինչեւ երէկ երեկոյ, այսպէս, Քեսապ ապաստանած էին 50 ընտանիք ալեւի եւ 6 ընտանիք թուրք: Իսկ Արաբները կը գաղթեն դէպի Հարիմ Իտլիպ եւ Հալէպ:
Հակառակ նախապէս եղած կարգադրութեան, դժբախտաբար, վերջին պահուն փոխուեցաւ Ճէպէլ Մուսայի հայութեան փոխադրութեան ծրագիրը: Ինչպէս հաղորդած էինք, երկու օրէ ի վեր 40-ի մօտ քամիոններ Ճէպէլ Մուսայի գիւղացիներուն գոյքերը կը փոխադրեն դէպի ծովեզերք, Որոնդէսի ծով թափուած վայրին մօտ: Վաղը ամբողջովին կը վերջանան այդ փոխադրութիւնները: Բնակչութիւնն ալ, ըստ տրուած որոշման, որ պաշտօնապէս հաղորդուեցաւ գնդ. Գոլէի կողմէ, գոյքերու հետ միասին պիտի փոխադրուէին ծովու ճամբով դէպի Պետրուսիէ, Պաղճաղազ եւ այլն:
Դժբախտաբար, վերջին պահուն փոխուեցաւ այդ ծրագիրը եւ որոշուեցաւ քամիոններով մինչեւ Քեսապ փոխադրել կիներ, երեխաներ եւ ծերեր, իսկ միայն գոյքերը, ծովու ճամբով: Ա. կարաւանը արդէն ճամբայ հանուած է այսօր: Երիտասարդները ցամաքէն քալելով պիտի գան մինչեւ որոշուած գիւղերը, իրենց հետ բերելով այծերը, արջառն ու ուրիշ կենդանիները. 400 այծեր երէկ հասած են արդէն:
Փոխադրութեան ծրագրի այս փոփոխութեան պատճառ եղած է թուրք կառավարութեան միջամտութիւնն ու բողոքը: Թուրքերը հակառակած են Ճէպէլ Մուսայի հայութեան ծովու ճամբով փոխադրութեան, առարկելով որ այդ կերպով Սանճաքի թուրք երեսփոխանները պիտի չկրնան օգտուիլ: Որով արտօնած են միայն գոյքերու փոխադրութիւնը նաւով:
Յայտնի եղաւ սակայն թուրքերու պղտոր դիտաւորութիւնը: Թուրք զինուորներ սկսած են խիստ խուզարկութեան ենթարկել ծովեզերք փոխադրուած գոյքերը, ի հարկէ գէշ նպատակներով:
Այսօր գնդապետ Գօլէի կողմէ ստորագրուած կոչ մը ուղղուեցաւ Ճէպէլ Մուսայի հայութեան: Գնդապետը կը թելադրէ ճէպէլ մուսացիներուն որ իրենց դռները բաց ձգեն եւ վնաս չպատճառեն ոչ իրենց տուներուն եւ ոչ ալ ծառերուն»:
*
* *
19 յուլիս 1939-ի թիւով եւ «Սանճաքի հայերը. Գրգխանէն 20 քամիոն Հալէպ հասաւ» խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.
«Այսօր` երեքշաբթի առաւօտ ժամը 9:00-ին Հալէպի մեր թղթակիցէն ստացանք հեռաձայնային հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-
Համաձայն եղած կարգադրութեան, Գրըգ Խանի, Ռէհանիէի, Հայաշէնի եւ շրջականերու 430 ընտանիք, մօտ 2500 հոգի հայութիւնը, 3 օրուան ընթացքին պիտի փոխադրուէր Հալէպ: Օրական 40-ական քամիոն պիտի ղրկուէր Հալէպէն այդ նպատակի համար:
Կիրակի գիշեր ժամը 12:00-ին Հալէպէն մեկնեցաւ 40 քամիոն: Մինչեւ այս առաւօտ մեկնող քամիոններուն հազիւ 20-ը կրցաւ վերադառնալ: Մնացածը կը սպասուի այս երեկոյ: Թուրքերը Գրըգ Խանի մէջ թէ սահմանագլուխի վրայ անտանելի դժուարութիւններ կը յարուցեն` ուշացնելու համար փոխադրութիւնը: Այսպէս, ժամերով խուզարկութիւններ կը կատարեն սահմանագլուխի վրայ, քամիոններէն իջեցնելով ամբողջ գաղթականներն ու գոյքերը: Ծարաւէն տառապող երախաներուն կաթիլ մը ջուրն անգամ կը խնայեն: Վերջապէս կը յիշեցնեն տարագրութեան շրջանի թուրք զապթիաները:
Այս առաւօտ հասնող հայրենակիցները, որոնք դիմաւորուեցան Հալէպի սահմանին վրայ մասնաւոր յանձնախումբերու եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ, իսկոյն տեղաւորուեցան դպրոցներու եւ եկեղեցիներու մէջ, որոնք պարպուած էին արդէն:
Հակառակ ընկճուած ըլլալնուն, մեր տարաբախտ հայրենակիցները յուսահատ չէին եւ կը պահէին իրենց հպարտ երեւոյթը:
Ճէպէլ Մուսացիները Քասթ Ըլ Մասֆ Հասան
Այս առաւօտ ժամը 10:00-ին ալ մեր Լաթաքիոյ թղթակիցէն ստացանք հեռաձայնային հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-
Երէկ, երկուշաբթի կէս օրէ վերջ ժամը 3:30-ին Պիթիասի եւ Եողուն Օլուգի հայերը, 47 քամիոններով հասան Քեսապի եւ Լաթաքիոյ մէջտեղ Քասթ Էլ Մաաֆ կոչուող վայրը, անկէ փոխադրուելու համար Պետրուսիէ եւ Պաղճաղազ:
Քասթ ըլ Մաաֆի մէջ անոնք անմիջապէս թիֆոյիտի դէմ պատուաստի ենթարկուեցան: Յանձնախումբ մը մեկնեցաւ իսկոյն, հետաքրքրուելու համար մեր հայրենակիցներու վիճակով: Այս առաւօտ ալ դիմում կատարուեցաւ Բ. Քոմիսէրի պատուիրակին, որպէսզի փութացուի սնունդի մատակարարութիւնը»:
*
* *
Սանճաքի հայութեան փոխադրութեան տեղեկատուութիւնը շարունակելով, նոյն օրուան համարով եւ «Առաջին կարաւանը Քեսապի շրջանին մէջ» խորագիրով «Ազդակ» կը գրէր.
«Երէկ` երկուշաբթի երեկոյ ժամը 6:30-ին, մեր Լաթաքիոյ թղթակիցէն ստացանք հեռաձայնային հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.- Պիթիասէն եւ Եողուն Օլուգէն մեկնող գաղթականներու կարաւանը, որ կը բաղկանար 47 քամիոններէ, կէսօրէ վերջ ժամը մէկին Քեսապ հասան եւ շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Պետրուսիէ: Շատ սրտաճմլիկ եղաւ տեսարանը Քեսապի մօտ: Դիմաւորող հայերը` կին, աղջիկ, ծերեր եւ երիտասարդներ ողջագուրուեցան իրենց տարաբախտ հայրենակիցներուն հետ, որոնց ճակատագիրը այս անգամ բաժնուած էր իրենցինէն:
Վաղը ճամբայ պիտի ելնեն Հաճը Հապիպլիի հայերը` երեկոյեան հասնելու իրենց յատկացուած կայանը, Քեսապի շրջանին մէջ: Անկէ վերջ պիտի փոխադրուին Խտրպէկցիներն ու Վագֆցիները եւ ամսոյն 21-ին` մնացածները: Հասկցուած է որ Ճէպէլ Մուսայի ամբողջ շրջանին մէջ մէկ հատ իսկ հայ պիտի չմնայ:
Գնդապետ Գօլէ Ճէպէլ Մուսայի Մէջ
Փոխադրութեան աշխատանքներուն հսկելու համար, գնդապետ Գօլէ այսօր ամբողջ օրը անցուցած է Պիթիասի եւ հայկական միւս գիւղերու մէջ: Ժողովուրդը բողոքած է թուրք ոստիկան-զինուորներու ի գործ դրած ճնշումներու եւ խիստ խուզարկութեանց դէմ: Արդարեւ թուրք զինուորներ, ծովեզերք փոխադրուած գոյքերը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի փոխադրութեան յատկացուած քամիոնները շատ խիստ խուզարկութեան ենթարկած են եւ գրաւած քանի մը ատրճանակներ:
Այսօր Սուէտիոյ խորշէն ճամբայ ելած են նաեւ գոյքերը փոխադրող առագաստանաւերը, որոնց ընկերացած են 4 ճէպէլ մուսացի հայեր: Եթէ օդը աննպաստ չըլլայ, այս իրիկուն իսկ անոնք կը հասնին Պետրուսիէ:
Եղած հաշիւի մը համաձայն մօտ 1200 ճէպէլ մուսացի ընտանիքներ պիտի փոխադրուին, 6888 հոգի, եւ պիտի տեղաւորուին 4 գիւղերու մէջ առժամեայ կերպով: Վերջնական տեղաւորումի աշխատանքները պիտի սկսին Սանճաքի հայութեան ամբողջական պարպումէն յետոյ: Ինչպէս գրած էինք հիմակուան բոլոր կայաններն ալ առժամեայ են:
Իսքէնտերունի Հայերուն Արտագաղթը
Վերջին պահուն ստացած տեղեկութեանս համաձայն, այսօր Ալէքսանտրէթէն շոգենաւ մը ճամբայ ելած է դէպի Թարթուս, փոխադրելով 1200 գաղթականներ. այս երեկոյ կամ վաղը առաւօտ անոնք ցամաք կ՛ելլեն: Այսօր Թարթուս հասած է արդէն կաթողիկոսարանի կողմէ ղրկուած վարդապետ մը, իր հետ ունենալով որոշ գումար մը:
Թարթուս ցամաք հանուող գաղթականներու ընդհանուր թիւը պիտի ըլլայ 1007 ընտանիք, 4300 հոգի, բոլորն ալ Ալեքսանտրէթի, Աթըգի, Պէյլանի Ֆարթըսլըի եւ Նարկիզլիքի շրջանէն: Ամսոյս 19-ին երկրորդ նաւ մը պիտի փոխադրէ 1200 հոգի եւ մնացածներն ալ 21-ին:
Ո՞ւր Պիտի Տեղաւորուին Թարթուս
Փոխադրուող Հայերը
Այս 4300 հոգիին մէկ մասը, մօտ 500 հոգի, առժամեայ կերպով պիտի տեղաւորուին Թարթուսի մէջ. մնացածները Թարթուսէն երկու քիլոմեթր հեռու ծովեզերեայ շրջան մը, բաց դաշտին մէջ: Ոչ բնակարան կայ, ոչ ալ վրան: Ծառ մը իսկ չկայ, որուն շուքին տակ արեւէն պատսպարուին երեխաները: Միակ առաւելութիւնը այդ շրջանին աղբիւրի մը ներկայութիւնն է, որը առաջացուցած է ընդարձակ ճահիճ մը:
Անհրաժեշտ է հարկ եղած միջոցները ձեռք առնել, որպէսզի հիւանդութեան պատճառելիք աւերները սահմանափակուին: Մասնաւորաբար մալարիայի դէմ պայքարելու համար հարկ եղած դեղօրայքը պէտք է փութացուին:
Ալեքսանտրէթի շրջանի հայութեան արջառն ու կենդանիները պիտի փոխադրուին ցամաքէն, Քեսապի ճամբով, մինչեւ Թարթուս: Երիտասարդներու մեծ մասն ալ պիտի հետեւի այդ ճամբուն, անցնելով Պէյլանի եւ Անտիոքի մէջէն, թուրք բնակչութեան աչքին առջեւ:
Նպաստներու Մատակարարութիւնը
Կ՛իմանանք թէ կաթողիկոսարանի կողմէ որոշ գումարներ ղրկուած են բոլորովին անծանօթ մարդոց միջոցաւ: Սակայն այդ գումարները ի՞նչպէս եւ որո՞ւ միջոցաւ պիտի գործածուին մարդ չի գիտեր: Իրականութիւնը այն է, որ փոխադրուող յանձնախումբը ոեւէ բանէ տեղեկութիւն չունին»:
*
* *
Իսկ 20 յուլիս 1939-ի թիւով եւ «Ֆրանսական դրօշը կը ծածանի Քեսապի մէջ» խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.
«Այսօր չորեքշաբթի առաւօտ ժամը 9:00-ին Լաթաքիոյ մեր թղթակիցէն ստացանք հետեւեալ հեռաձայնային հաղորդագրութիւնը.-
Երէկ, ճիշդ կէսօրուան ժամը 12:00-ին Քեսապի կառավարական շէնքին եւ պահակատան վրայէն վար առնուեցաւ թրքական դրօշը եւ անոր տեղ սկսաւ ծածանիլ ֆրանսական եռագոյնը:
Քիչ վերջ, Քեսապ գտնուող թուրք ոստիկան- զինուորներն ու պաշտօնեաները քամիոնի մը մէջ լեցուելով հեռացան:
Շուտով դրօշազարդուեցաւ Քեսապ ֆրանսական գոյներով եւ սկսաւ անվերջանալի խրախճանութիւնը: Ազգային երգեր, պարեր եւ հրացանաձգութիւն շարունակուեցան մինչեւ երեկոյ: Մինչեւ հիմա բոլոր տուներու վրայ կը ծածանի ֆրանսական դրօշը:
Ճէպէլ Մուսայի Հայութեան
Փոխադրութիւնը
Երէկ Պասիթ հասաւ ճէպէլ մուսացիներու երկրորդ կարաւանը` 80 քամիոններով: Պիթիաս, Ե. Օլուգ եւ Հաճի Հապիպլի գիւղերու բնակչութիւնը այս ձեւով ամբողջութեամբ փոխադրուած կ՛ըլլայ: Կը մնան երկու գիւղեր, որոնց բնակչութիւնն ալ պիտի փոխադրուի այսօր: Անկէ վերջ ամբողջ Ճէպէլ Մուսայի շրջանին մէջ մէկ հատ իսկ հայ չի մնար:
Հակառակ առաջին կարաւանին հանդէպ ի գործ դրուած դժուարութեանց եւ ճնշումներուն, թուրք զինուորներ ոեւէ խուզարկութիւն չեն կատարած այսօրուան քամիոններուն մէջ եւ մեր հայրենակիցները առանց նեղութեան հասած են Պասիթ:
Երէկ երկու ընկերներով Պասիթ գացինք, ուր տեղաւորուած էին արդէն երէկ հասնող ճէպէլ մուսացիները: 24 ժամուան մէջ մեր սքանչելի հայրենակիցները 100-է աւելի հայմաներ շինած են եւ ժայռերը փորելով երեւան հանած երեք ակեր: Հարիւրապետ Կավ, որ Ճէպէլ Մուսայի հայերուն փոխադրութեան եւ տեղաւորման գործով կը զբաղի, հիացում յայտնած է մեր հայրենակիցներու ցոյց տուած ստեղծագործ ոգիի հանդէպ:
Սքանչելի կերպով բարձր է ճէպէլ մուսացի գաղթականներու տրամադրութիւնը: Բոլորն ալ հպարտ երեւոյթ մը ունին եւ ուրախ են ազատուած ըլլալնուն համար թրքական կառավարութեան եւ թուրք ժողովուրդի ճնշումներէն: Իւրաքանչիւր գիւղի հայրենակիցները առանձին խումբերով բնակութիւն հաստատած են եւ շինած առանձին խրճիթներ, որոնց բոլորին վրայ կը ծածանին ֆրանսական դրօշակներ: Թէպէտ ծրագիր մը կար եկողները զանազան գիւղերու մէջ տեղաւորելու` 20-30-ական ընտանիքով, սակայն շնորհիւ եղած դիմումներու հարիւրապետ Կավ հաւանութիւն յայտնեց համախմբուած պահելու առաջարկին, մինչեւ որ Լիբանան երկրագործական շրջաններ փոխադրուին անոնք: Իւրաքանչիւր գիւղի հայութիւնը իր համախմբուած վայրը կոչած է իր հայրենի գիւղին անունով. այսպէս` Պիթիաս, Եօղուն Օլուգ, Հաճը Հապիպլի եւայլն:
Ճէպէլ մուսացի հայրենակիցները իրենց հետ բերած են նաեւ աճիւնները այն նահատակներուն, որոնք թաղուած էին Մուսա Տաղի գագաթին վրայ կանգնած կոթողին շուրջ: Այդ աճիւնները կը պահուին դագաղի մը մէջ, առաջիկային դարձեալ թաղուելու համար մասնաւոր դամբարանի մը մէջ, իրենց նոր բնակավայրին մօտ:
Սնունդի Մատակարարութիւնը
Դժբախտաբար շատ անկանոն է սնունդի մատակարարութիւնը: Ֆրանսական կառավարութիւնը ոեւէ կարգադրութիւն չէ ըրած հոգալու համար գաղթականներու սնունդը, միայն թէ, երէկ, քամիոն մը լեցուն հաց, հաւկիթ, պանիր եւայլն ղրկուած էր Պասիթ, ծախուելու համար ճէպէլ մուսացի գաղթականներուն: Յանձնառուն, սակայն, առիթը օգտագործելով նշանակած էր շատ բարձր գիներ:
Պէտք է վճռական կարգադրութիւններ ընել` օգնութեան հասնելու համար մեր հայրենակիցներուն: Արդէն դիմումներ կատարուած են ֆրանսական կառավարութեան: Ո՜վ չի գիտեր, Ճէպէլ Մուսայի մեր ժողովուրդը աւուր հացի կարօտ վիճակ մը ունի:
Թարթուս Հասնող Գաղթականները
Երէկ ժամը 10:00-ին շոգենաւը Թարթուս ցամաք հանած է 750 հոգի, 500-ը մեծ եւ 250-ը փոքրիկներ, բոլորն ալ տէօրթ-եոլցի: Թշուառ վիճակ մը ունին: Ոչ բնակարան կայ եւ ոչ ծառ. ամէնը մնացած են արեւի տակ: Ջուր իսկ չկայ: Մինչեւ երէկ երեկոյ ոչ մէկ յանձնախումբ կամ մարմին այցելած է Թարթուս, հետաքրքրուելու համար տարաբախտ գաղթականներու վիճակով: Ուշ ատեն միայն հասած է Պէյրութի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Պաթանեան գերապայծառ երկու վարդապետներով եւ տեսնելով գաղթականներու անտանելի վիճակը հեռաձայնով դիմեց Բ. Քօմիսէրի քաղաքական բաժնի պետ Պ. Տաւիտին եւ վրաններ պահանջեց:
Վաղը Թարթուս եկող պիտի հասնի երկրորդ կարաւանը: Անհրաժեշտ է անմիջական օգնութիւն:
Դիմումներ Կաթողիկոսարան
Երէկ եւ այսօր Թարթուս եկող գաղթականներու կողմէ հեռագիրներ հասած են կաթողիկոսարան, պահանջելով անմիջական օգնութիւն:
Ընդհանուր փոխանորդ սրբազանը անմիջապէս դիմում կատարած է Բարձր Քոմիսէրին, խնդրելով որ վրան եւ սնունդ տրամադրուի գաղթականներուն:
Կ՛իմանանք թէ Բարձր Քոմիսէրութիւնը հարկ եղած հրահանգները ղրկած է Լաթաքիոյ պատուիրակին, գաղթականներուն հանգիստը ապահովելու համար»:




