Հայրենի Կեանք
«Հայկական Լրատուամիջոց»-ներու Մրցումի
Արդիւնքները Յայտարարուեցան
«Մարմարա»-ն` 2012-ի Լաւագոյն Տպագիր
Լրատուամիջոցը
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի կողմէ կազմակերպուած «Հայապահպանման գործում նշանակալի աւանդի համար» համահայկական մրցանակաբաշխութեան «Հայկական լրատուամիջոց»-ներու մրցումին յաղթողներու պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովին ընթացքին:
Յաղթողներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ, վկայագիրներ, պատուոյ գիրեր եւ նիւթական նուէրներ:
Տպագիր լրատուամիջոց-օրաթերթ բաժինին մէջ գլխաւոր մրցանակին արժանացաւ պոլսահայ «Մարմարա» օրաթերթը, առաջին մրցանակին` Իրանի «Ալիք» օրաթերթը, երկրորդ` Լիբանանի «Զարթօնք» թերթը: Շաբաթաթերթերու կարգին գլխաւոր մրցանակակիրն էր Սուրիոյ «Գանձասար» շաբաթաթերթը, միւս մրցանակակիրներն էին Արժանթինէն «Սարդարապատ» եւ «Արմենիա» շաբաթաթերթերը: Ամսաթերթ-ամսագիր բաժանմունքին մէջ գլխաւոր մրցանակը տրուեցաւ Լիբանանի «Խօսնակ» թերթին, մրցանակներ յանձնուեցան Ուքրանիոյ «Արագած», Աբխազիոյ «Համշէն», Ռուսիոյ «Նայիրի վ Կալինինկրատէ» եւ «Տոնի Նախիջեւան» թերթերուն: Հանդէս-պարբերականներու բաժինին մէջ հիմնական մրցանակը յանձնուեցաւ Չեխիոյ «Օրեր» հանդէսին, մրցանակներ` «Բարեգործականի ձայն» պարբերականին (Պուլկարիա) եւ «Աւետիս» պարբերականին (Լեհաստան): Մանկական լրատուամիջոցներու շարքին մրցանակներ ստացան Լիբանանի «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթը եւ Միացեալ Նահանգներու «Կաքաւիկ» հանդէսը:
«Ազդակ» ջերմօրէն կը շնորհաւորէ բոլոր մրցանակակիրները, յատկապէս «Մարմարա» օրաթերթը, որ երկար տարիներու նուիրեալ եւ մեծ աշխատանք կը տանի սփիւռքահայ մամուլի կեանքին մէջ:
Երեւանի Սփիւռքագիտութեան Ամպիոնի Ուսանողները
Ունկնդրեցին Սփիւռքահայ Մամուլին Դիմագրաւած
Ներկայ Հարցերուն Մասին Դասախօսութիւն Մը
Հինգշաբթի, 11 հոկտեմբերին, Երեւանի պետական համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի մագիստրոսի աստիճանի ուսանողներուն դասախօսեց «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան: Դասապահին ներկայ եղաւ նաեւ ամպիոնի փոխ վարիչ Գայեանէ Մխիթարեան: Դասապահը յատկացուած էր սփիւռքահայ մամուլին դիմագրաւած ներկայ հարցերուն, Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներուն այսօրուան համապատկերին, Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան լրագրողական ոլորտի վերաբերող հարցերուն: Դասախօսութեան հետեւեցաւ հարց-պատասխանի ճամբով ընթացող զրոյց, որուն ընթացքին ապագայ սփիւռքագէտները առաջարկներ կատարեցին իրենց մասնագիտութեան առնչութեամբ` վարժողական գործնական աշխատանքները սփիւռքի տարբեր համայնքներու մօտ կատարելու կարելիութիւններուն մասին:
Հնդիկ Բեմադրիչը Կ՛ուզէ Շարժապատկեր
Պատրաստել Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին
Շաքար Քափուր նշանաւոր հնդիկ բեմադրիչը եւ արտադրիչը պիտի այցելէ Երեւան` նոր ժապաւէնի պատրաստութեան կարելիութիւնները սերտելու համար:
«Հայաստան պիտի մեկնիմ 1915 թուականի հայկական կոտորածներուն մասին ուսումնասիրելու, եւ եթէ կարելի ըլլայ, հետագային ժապաւէն պատրաստելու նպատակով», գրած է Քափուր` «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:
Շաքար Քափուր նշանաւոր գործիչ է շարժապատկերի աշխարհին մէջ. Բրիտանիոյ թագուհիին նուիրուած անոր կենսագրական ժապաւէնը արժանացած է ամերիկեան շարժապատկերի հիմնարկի մրցանակին` 7 բաժանմունքներու մէջ:
«Վիվասել–Էմ. Թի. Էս.»-ը Եւ Բրիտանական «Պըրթլինք»-ը
Կը Յայտարարեն Նորածիններու Հոգատարութիւնը
Բարելաւելու Ծրագրին Երրորդ Հանգրուանին Սկսիլը
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կը տեղեկացնէ «Պըրթլինք»-ի հետ համագործակցաբար, նորածիններու հոգատարութեան երկարաժամկէտ ծրագրին հերթական հանգրուանին սկիզբը:
Ծննդատուները ունին յատուկ սարքաւորումներու կարիք` յղութեան ընթացքին կամ կանուխ ծննդաբերութեան ժամանակ անկանխատեսելի բարդութիւններէն նորածինները զերծ պահելու եւ անոնց կեանքը փրկելու համար: Բուժաշխատողներուն աջակցելու` «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի պատրաստակամութիւնը կը շարունակէ դրսեւորուիլ աշխուժ նախաձեռնութեամբ: Հայաստանի տարբեր մարզերու ծննդատուները բժշկական անհրաժեշտ սարքաւորումներով համալրելու ծրագիրը այս անգամ պիտի իրականացուի Տաւուշի` (Ճամբարակ, Իջ’ան, Նոյեմբերեան, Դիլիջան), Գեղարքունիքի` (Գաւառ, Վարդենիս), Լոռիի` (Սպիտակ, Ստեփանաւան, Ալավերդի, Տաշիր) եւ մայրաքաղաքի` «Մուրացան» համալսարանական հիւանդանոցին մէջ:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ Բրիտանական «Պըրթլինք»-ի հետ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք` յիշատակուած մարզերու ծննդատուները պիտի համալրուին վերակենդանացման ջերմահաղորդիչ սեղանիկներով, տաքցող ներքնակներով, թթուածինի շարժական փուչիկով, օդափոխման համակարգով, hրատապ իրավիճակներու համար նախատեսուած պայուսակներով, ներարկման մխոցներով, արտածծիչներով եւ պղպջակային SPAP-ներով:
«Արդէն հինգ տարիէ ի վեր մեր ուշադրութեան առարկան է ծրագիր մը, որուն երկարաժամկէտ արդիւնքը, ըստ մասնագէտներու գնահատումին, տեսանելի է Հայաստանի մէջ նորածիններու մահացութեան ցուցանիշի նուազումին: Մենք յաջողեցանք տարբեր մարզերու ծննդատուներ ապահովել վերակենդանացման զօրաւոր համակարգով եւ բուժաշխատողներուն օգնել` հիւանդութիւններու դէմ պայքարին մէջ: Մենք չենք կրնար դիտորդի դերին մէջ մնալ: Նորածիններու կեանքին սպառնացող վտանգը կը պարտաւորեցնէ ըլլալ նախաձեռնող», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Մանկական մահացութեան համաշխարհային վիճակագրութիւնը, որ տարեկան կը հասնի աւելի քան 4 միլիոնի, կ’ընդգծէ բժշկագիտութեան մէջ նորածիններու խնամքին կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ մասնագէտները կը տեղեկացնեն, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ «Պըրթլինք»-ի համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք` Հայաստանի մէջ նորածիններու մահացութեան ցուցանիշը նախորդ տարուան համեմատ նուազած է 11 առ հարիւրով:
Բանաստեղծութեան Միջազգային Փառատօն
Արցախի Մէջ
Արցախի գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ, 15-19 հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ Բանաստեղծութեան միջազգային փառատօն` «Գրողը խաղաղութեան մունետիկ» կարգախօսով:
Փառատօնին մասնակցեցան Հայաստանի, Արցախի բանաստեղծները, ինչպէս նաեւ` Գերմանիայէն, Լիբանանէն, Սերպիայէն, Ռումանիայէն, Պուլկարիայէն եւ այլ երկիրներէ մասնակցած օտար բանաստեղծներ:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան այս առիթով յղած է ուղերձ մը, որուն մէջ նշուած է. «Մենք չափազանց կարեւոր կը նկատենք փառատօնին կայացումը Արցախի մէջ եւ մեր հինաւուրց հայկական հողին վրայ մեծ սիրով կը հիւրընկալենք աշխարհի տարբեր երկիրներէն եկած հանրաճանաչ բանաստեղծները: Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները բարձր կը գնահատեն գրողներու եւ գրականութեան դերը մեր իրականութեան մէջ եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն այսուհետեւ կարելի եղած չափով աջակցելու անոնց աշխատանքներուն զարգացման: Ասկէ մեկնելով` կարեւոր կը համարեն այսպիսի ձեռնարկներու իրականացումը հանրապետութեան մէջ, որովհետեւ այդ մէկը կարելիութիւն կ’ընձեռէ նաեւ նոր կապերու հաստատման, եւ` Արցախը աշխարհին աւելի ճանաչելի դարձնելու աշխատանքին մէջ»:
Նշենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան նաեւ հոկտեմբեր 17-ին հիւրընկալած է Ստեփանակերտի մէջ Բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնի խումբ մը մասնակիցներ:
Նախագահը հանդիպման ընթացքին, ըստ հիւրերուն խնդրանքին, ներկայացուցած է Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ պատասխանած է անոնց հարցումներուն:
Հանդիպման մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեանը եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ:
Տիգրանակերտի Մէջ Իւրայատուկ
Գտածոներ Յայտնաբերուած Են
Արցախի Տիգրանակերտ քաղաքին մէջ այս տարի տեղի ունեցող հնագիտական պեղումները քաղաքի կառուցուածքին վերաբերեալ նոր տուեալներ յայտնաբերած են: Արցախի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլեթ Պետրոսեան լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշած է, որ պեղումները կատարուած են երեք հիմնական վայրերու մէջ` Ամրացուած թաղամասի հիւսիսային պարսպապատին մէջ, Անթիք թաղամասին եւ Կեդրոնական թաղամասի վաղ քրիստոնէական տաճարի հիւսիսային բակին մէջ:
«Գտածոներու շարքին յատկապէս կարելի է առանձնացնել սկիւթական տիպի նետասլաքներու, պրոնզէ հայելիի, խաղողի ողկոյզներու քանդակներով զարդարուած սեւափայլ խեցեղէնի, տերակոտային արձանիկի բեկորի գիւտերը», դիտել տուած է ան: Ըստ անոր, պեղումները կարելիութիւն տուին 20 մեթրով երկարեցնել պարիսպը` զայն հասցնելով մօտ 185 մեթրի: «Բացուեցաւ երկրորդ կլոր աշտարակը եւ անոնցմէ ձգուող` որոշ տեղերու մէջ մինչեւ երկու մեթր բարձրութիւն ունեցող պարսպապատը, որոնց մէկ մասին վրայ պահպանուած են կապերու ծիծեռնակապոչ փորուածքները: Ուշագրաւ էր պարիսպին յարող նոր աղիւսաշար պատի յայտնաբերումը: Հաւանական է, որ Տիգրանակերտի պարիսպները ունեցած են հում աղիւսէ շարուած վերնահատուածներ, որոնք փլելով` ծածկած են քարէ հիմքերը եւ «թաքցուցած են» պարիսպները, որուն շնորհիւ անոնք հասած են մեզ», նշած է ան:
Համլեթ Պետրոսեան կարեւոր նկատած է պազիլիք եկեղեցւոյ հիւսիսային բակի պեղումները: «Նախ ամբողջացաւ նախորդ տարի սկսած սրբատաշ քարերով իրականացուած կոթողային հարթակի պեղումները: Պարզուեցաւ, որ մենք գործ ունինք յուշասիւնային մեծ կառոյցի մը հետ, որ բաղկացած է բազմաստիճան որմնախարիսխէ, սիւնին պատուանդանէ, որուն վրայ ալ կանգնեցուցած է խաչակիր սիւնը: Գտնուած են սիւնին պատուանդանը, սիւնին խոյակի բեկորը, քարէ թեւաւոր խաչին զանազան բեկորները», յայտնած է ան: Պեղումները երեւան բերած են ընդարձակ սալայատակ մը, սրբատաշ ոճով կառուցուած հարթակի մը հատուածը, որուն պեղումները պիտի շարունակուին յառաջիկայ տարի:
Պեղածոյ նիւթերուն մէջ շատ հասարակ եւ ջնարակապատ են խեցեղէնի նմուշները, ապակեայ ապարանջանները, գտնուած են նաեւ նետասլաքներ, դանակներու սայրեր, երկաթէ խոփ: «Ամրացուած թաղամասի ստորոտին մէջ պեղուած է ժայռափոր հնձան մը, որ նոր է Արցախի մշակոյթի պատմութեան մէջ: Ան բաղկացած է խաղողը ճզմելու ժայռափոր հարթակ-առագաստէ, որով կարելի էր միաժամանակ ճզմել մօտաւորապէս կէս թոն խաղող», յայտնած է հնագէտը:
Աշխարհահռչակ Երաժշտահան Միշել Լըկրան
Հայաստանի Մէջ
Աշխարհահռչակ երաժշտահան Միշել Լըկրան, որ ունի հայկական արմատներ, ներկայիս կը պատրաստէ իր առաջին պալէն: Ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ մօտակայ երկու տարիներուն ընթացքին պիտի գրէ նաեւ երկրորդը:
Մ. Լըկրան Հայաստան հրաւիրուած է Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբին կողմէ, անոր 80-ամեայ յոբելեանը նշելու եւ երեւանեան 6-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնը փակելու նպատակով:
80-ամեայ երաժիշտը, որ 250 շարժապատկերներու երաժշտութեանց հեղինակ է, գրած է 800 երաժշտութիւն: Ան անձամբ երաժշտական ժապաւէն մը պիտի նկարահանէ: Մ. Լըկրան ներկայիս նաեւ կ’աշխատի Վլատիմիր Սփիվաքովի եւ Ֆիլատելֆիոյ նուագախումբին պատուիրած սիմֆոնիք ստեղծագործութիւններուն վրայ: «Ես իմ տարիքս չեմ զգար: Անիկա ինծի համար ծանրութիւն չէ», ըսած է Լըկրան:
Երաժշտահանը արժանացած է երեք «Օսքար»-ներու, հինգ «Կրեմմի»-ներու, «Պատուոյ լեգէոն» շքանշանին, սակայն շատ կը փափաքի նուէր ստանալ Մարտիրոս Սարեանի կտաւներէն մէկը:
Հոկտեմբեր 21-27 Երեւանի Մէջ Կ՛իրականացուի
«Նռան Հատիկ» 12-րդ Մանկապատանեկան
Թատերական Փառատօնը
Հոկտեմբեր 21-27 Երեւանի մէջ կ’իրականացուի «Նռան հատիկ» 12-րդ մանկապատանեկան թատերական փառատօնը: Այս տարի փառատօնին մասնակցած են 31 թատերախումբեր` Արցախէն, Վրաստանէն, Իրանէն, իսկ մարզերէն` Բալահովիտի, Այնթապի, Եղէգնաձորի, Նոր Գեղիի թատերախումբերը:
Փառատօնին ներկայացումները կը ցուցադրուին «Մեթրօ», Անանիա Շիրակացիի անուան ճեմարանի եւ Մխիթար Սեբաստացի կրթահամալիրի դահլիճներուն մէջ: Փառատօնին նպատակն է աջակցիլ մանկապատանեկան թատերարուեստի զարգացման եւ աւանդութիւններու ձեւաւորման:
Յիշեցնենք, որ այս տարուան փառատօնը նուիրուած է հայ գրատպութեան 500-ամեակին:
Մանկապատանեկան Շարժապատկերներու
8-րդ Միջազգային Փառատօնը Հայաստանի Մէջ
Հոկտեմբեր 20-24 Երեւանի մէջ, իսկ հոկտեմբեր 30-ին մարզերուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Մանկապատանեկան շարժապատկերներու 8-րդ միջազգային փառատօնը: Նշենք, որ փառատօնին կազմակերպիչն է «Ռոլան Պիքով» հիմնադրամը` Հայաստանի նախագահի եւ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:
«Մեր շարժապատկերի փառատօնը կրնանք անուանել շարժապատկերի ֆորում: Անդրկովկասին մէջ միակ շարժապատկերի ֆորումն է, որ ունի երեք ուղղուածութիւն` մշակութային, կրթական եւ ընկերային», ըսած է Ն. Մանուկեան: Ան դիտել տուած է, որ իրենք ստացած են մօտաւորապէս 800 դիմում` 40 երկիրներէ, սակայն ընտրած են 105 ժապաւէն` 27 երկիրէ:
Հայ մանուկներուն կողքին, դատական կազմին մէջ կան ներկայացուցիչ պատանիներ` Չինաստանէն, Ուքրանիայէն, Պիելոռուսիայէն, Ռուսիայէն եւ Վրաստանէն: Կազմին մէջ կան նաեւ սուրիահայ պատանիներ:
Փառատօնի մրցութային անուանակարգերն են` «Խաղարկային ժապաւէններ», «Գծանկարային երկար ժապաւէններ», «Գծանկարային կարճ ժապաւէններ», «Ես իրաւունքներ ունիմ» եւ «Ամէն ինչ փոքրիկներու կողմէ»:
Նշենք, որ փառատօնին ընթացքին պիտի կազմակերպուին ցուցահանդէսներ, վարպետութեան դասեր, Ռոպերթ Սահակեանցի ժապաւէններուն յետահայեաց ցուցադրութիւն, անդրանիկ ներկայացումներ, ստեղծագործական հանդիպումներ, կլոր-սեղաններ, նաեւ շարք մը մշակութային, կրթական եւ ընկերային ծրագիրներ:
Մատենադարանը Համագործակցեցաւ
Եւրոպական Առաջատար Երկիրներու
Ազգային Գրադարաններու Հետ
Մաշտոցի անուան մատենադարանը այսուհետեւ պիտի համագործակցի Պերլինի եւ Փարիզի ազգային գրադարաններու հետ: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին այս մասին յայտնած է Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան: Հոկտեմբեր 19-ին Մատենադարանը հիւրընկալեց Պերլինի ազգային գրադարանի տնօրէնը, որուն հետ քննարկուեցաւ համագործակցութեան պայմանները: Նշենք, որ Մատենադարանը պիտի համագործակցի նաեւ Փարիզի ազգային գրադարանին հետ, որուն շրջանակներուն մէջ Փարիզի ազգային գրադարանին հայկական ֆոնտը փետրուարին պիտի ցուցադրուի Մատենադարանին մէջ:
Հրաչեայ Թամրազեանի ներկայացումով, վերջերս Մատենադարանը իրականացուցած է երկու միջազգային ծրագիրներ, որոնց իբրեւ արդիւնք` համագործակցութեան պայմանագիր կնքուած է նաեւ Հռոմի արխիւային եւ գրքային ժառանգութեան վերականգնման եւ պահպանման կեդրոնական հիմնարկին հետ: «Հռոմի արխիւային եւ գրքային ժառանգութեան վերականգնման եւ պահպանման կեդրոնական հիմնարկին հետ կնքուած պայմանագիրը կ’ենթադրէ համագործակցութեան շարք մը ոլորտներ, մասնաւորաբար` ձեռագիրներու եւ արխիւային փաստաթուղթերու պահպանման եւ վերականգնման բնագաւառին մէջ, ինչպէս նաեւ` փորձի, նիւթերու, տեղեկատուութեան եւ մեթոտաբանութեան փոխանակման հարցին մէջ: Ան կ’ենթադրէ նաեւ Հռոմի վերոնշեալ հիմնարկի մշակութային առարկաներու պահպանման եւ վերականգնման մագիստրոսական դասընթացքներուն մէջ հայ ուսանողների ներառում», տեղեկացուցած է ան:
Մատենադարանին տնօրէնը աւելցուցած է նաեւ, որ միջազգային նախագիծերու մասնակիցները հիացած էին Մատենադարանով եւ համարած են զայն աշխարհի մէջ աննման եւ բացառիկ կառոյց մը:
Մանկական «Եւրոտեսիլ»-ին Հայաստանը
Պիտի Ներկայացուի «Քըմփես Պենտ»-ի Կողմէ
Դեկտեմբերի 1-ին Ամսթերտամի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մանկական եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթը, որուն ընթացքին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ «Քըմփես պենտ» մանկական «ռոք» խումբը:
Փոքրիկ «ռոք»-ըրները Եւրոպա պիտի մեկնին լաւագոյն երաժշտութեան հայկական ընկալումները սեփական «կողմնացոյցով» ներկայացնելու վստահութեամբ:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ





