Սուրիոյ Չերքեզները Փութինի Պաշտպանութիւնը Կը Խնդրեն
Չերքեզներու միջազգային միութեան 9-րդ ընդհանուր ժողովին մասնակիցները Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթֆիէնքոյի եւ Տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինի յղեցին նամակ մը` կոչ ուղղելով Սուրիոյ մէջ բնակող չերքեզները պաշտպանելու եւ օգնելու, որ անոնցմէ փափաքողները Հիւսիսային Կովկասի մէջ իրենց հայրենիքը վերադառնան:
Կոչին մէջ նշուած է, որ Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցող բախումներուն պատճառով երկրին մէջ բնակող շուրջ 150 հազար չերքե41զներու շարքին վիրաւորներ արձանագրուած են եւ անոնցմէ շատեր իրենց բնակարաններն ու ինչքերը կորսնցուցած են:
CATEGORIES Միջազգային

